ASALA — Կ. Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը սոսկ եկեղեցական հարց չէ
Загрузка
X


ASALA — Կ. Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը սոսկ եկեղեցական հարց չէ

Наследие / Ежедневник / 08.12.2019

Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն Հայ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելով ճնշման օղակը սեղմել Կոստանդնուպոլսոյ հայկական փոքր, բայց ազդեցիկ գաղութին շուրջ:
Պատրիարքական ընտրութիւններուն վրայ թրքական իշխանութեանց նախապէս դրած արգելքին (որ միայն թրքահպատակ քաղաքացիները կրնան պատրիարք ընտրուիլ), նոր միջամտութեամբ աւելցած է աննախընթաց սահմանափակում մը՝ արգիլուած է նոյնիսկ Թուրքիոյ քաղաքացի այն անձերու թեկնածութիւնը, որոնք իրենց եկեղեցական ծառայութիւնը այդ երկրի սահմաններէն դուրս կը կատարեն: Այս նոր կամայականութեամբ, պատրիարքական թեկնածուներուն թիւը 12-էն իջեցուած է 2-ի, ինչը կը նշանակէ Թուրքիոյ կողմէ՝ ստրկանալու համաձայնած պատրիարքի պարտադրում Կ. Պոլսոյ հայութեան եւ ողջ Հայ Եկեղեցւոյ:

Այս իրականութեան դէմ յանդիման, պոլսահայ գաղութի ստուար հատուած մը այսօր կը պատրաստուի պոյքոթել ամսի 12-ի պատրիարքական խեղկատակ «ընտրութիւնները», իսկ պահպանողական, իշխանութեանց հետ տարբեր շահերով կապուած կամ անոնցմէ վախցած ուրիշ հատուած մը կ’ընթանայ անոնց գծած ուղիով:
Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա ոտնձգութիւններ կը կատարէ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընտրութիւններուն մէջ: 1950-ին, Անգարայի համանման միջամտութիւնը արժանացաւ Մայր Աթոռի օրուայ գահակալ Գէորգ Զ.ի խիզախ հարուածին:

Երջանկայիշատակ հայրապետը Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հեռագիրին մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ իշխանութեանց նման վարքագիծը «նշանակում է միջամտել Հայ Եկեղեցու ներքին գործերին, որ թոյլատրելի չէ»: Ան կ’աւելցնէր իր խիստ սպառնալիքը, որ հակառակ պարագային «ստիպուած պիտի լինենք պատրիարքական ընտրութիւնն անվաւեր ճանաչել եւ ընտրեալին չհաստատել»: Հայրապետական սաստը տուաւ իր արդիւնքը. Թուրքիոյ ատենի իշխանութիւնները ստիպուած էին նահանջել իրենց մտադրութենէն, եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու շնորհիւ պատրիարք ընտրուեցաւ արժանաւորագոյն թեկնածուն՝ Հարաւային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ ու հայրապետական պատուիրակ Գարեգին արք. Խաչատուրեանը:

Հայ Եկեղեցւոյ դէմ նիւթուող այս դաւադիր քայլերով Ռեճէպ Թայյիպ Էրտողանը կը փորձէ իր իշխանութեան քայքայուած հիմքերը ամրապնդել, միաժամանակ կը ձգտի յաւելեալ պառակտել Կ. Պոլսոյ հայ գաղութը եւ առաւելագոյնս կառավարելի դարձնել զայն՝ նուազեցնելով հետագային պատրիարքարանին ունենալիք դերակատարութիւնը հայութեան ու Հայաստանին առնչուող հարցերուն մէջ:
Պէտք է յստակ հասկնալ, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը սոսկ եկեղեցական հարց չէ, այլեւ եկող տասնամեակներուն հայ-թրքական առճակատման կիզակէտին գտնուող խնդիր է, ուստի Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ անկախ պետութիւն, հայկական սփիւռքը, անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ գործող մեր Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը, ինչպէս նաեւ նուիրապետական միւս Աթոռները պէտք է միասնական ու անտեղիտալի կեցուածք որդեգրեն այս հարցի կապակցութեամբ: Այս հարցին հանդէպ լռութիւնը կամ դիւանագիտական այլեւայլ պատճառաբանութիւններով համակերպումը թրքական պարտադրանքին՝ համազօր է թրքական իշխանութեանց ստրկացուցիչ ոտնձգութեանը ենթարկուելուն, իշխանութիւններ, որոնք նոյնիսկ իրենց պետութեան օրէնքներն ու միջազգային հանրութեան առաջ ստանձնած պարտաւորութիւնները առ ոչինչ կը նկատեն:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի բանակը, իբրեւ ցեղասպանուած հայութեան բռնագրաւեալ հայրենիքի ազատագրութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման համար պայքարող կազմակերպութիւն, կը յայտարարէ, որ անտէր չեն Կ. Պոլսոյ հայ գաղութը, Թուրքիոյ մնացեալ վայրերու եւ Հայաստանի գրաւեալ արեւմտեան հատուածին մէջ ապրող խիզախ հայութեան բեկորները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

8 Դեկտեմբեր 2019