Ռեճայ Ալթայ ամուսինն էր Հայկական Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած Ասիային թոռնուհիին: Քիւրտ մը, որ օրեր առաջ սպաննուեցաւ Տիարպեքիրի ոստիկանատան բանտախուցին մէջ, ուր ան շաբաթներէ ի վեր կը գտնուէր որպէս կասկածեալ օժանդակող Թուրքիոյ մէջ գործադրուած պայթիւններուն:
Քիւրտ ըլլալու մեղադրանքով առաջին անգամը չէր որ Ռեճայ կը բանտարկուէր, այլ 1980-ին, տասնամեակ մը ամբողջ ան վատնած էր Տիարպեքիրի տխրահռչակ բանտին մէջ, ուր անասնաբար հեռացուցած էին անոր ատամները եւ ինչպիսի տանջանքներ ապրեցուցած: Բնականաբար ուրիշներ ալ զոհ գացած էին թրքական պայթիւններուն որպէս հետեւանք, սակայն հոս կը յիշատակենք Ռեճայի անունը յատկապէս, որովհետեւ ան իր կեանքի ընթացքին ոչ միայն ջատագովը հանդիսացած էր մարդկային անարդարութիւններուն, այլեւ ամէն ջանք ի գործ դրած էր յայտնաբերելու համար թաքնուած հայերու ինքնութիւնն ու անոնց ոդիսականը:
Շնորհաւորելի երեւոյթ կարելի է նկատել Ամերիկեան համալսարաններու հայ դասախօսներ ու երիտասարդ մտաւորականներ, որպէս բարի աւանդոյթ, ամրան արձակուրդներուն իրենց հոգու պարտքը կը համարէին պատմական այցելութիւն կատարել դէպի Արեւմտեան Հայաստան (Արեւելեան Թուրքիա): Անոնք իրենց շրջապտոյտները կատարելու ընթացքին եւս կը հանդիպէին Ռեճային, Չնքուշ գիւղին մէջ ու նոյնիսկ նկարահանած զինք Պարետ Մարոնեանի «1915-ի կանայք» ֆիլմին պատրաստութեան համար: Իրենց մտերմութեանը մէջ, անոնք կրցած էին արտաբերել Ռեճայի հոգիին խորերը թաքնուած թախծոտ պատմութիւնները վիթխարի ժայռերու վրայ կառուցուած Չնքուշին, որ կը գտնուէր պատմական Խարբերդին և Սեւերակի միջեւ:
Եղեռնի պատմութեան մէջ Չնքուշ գիւղը ունի իր ուրոյն խորհուրդը: Հայահոծ այս գիւղաքաղաքը ապաստան էր տաս հազար հայ բնակիչներու, որոնք իրենց շէնշող կեանքը ունէին մինչեւ 1915 թուականը: Չնքուշի բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ հայեր էին. Հոն գոյութիւն ունէր միայն մէկ թրքական թաղ՝ կառուցուած ԺԸ դարուն, որ հայոց թաղերէն կը բաժնուէր ձորով մը: Մինչ անդին հայկական թաղամասերը կարելի էր նմանցնել կեանքով եռուն ու ընդմիշտ զարգացող շրջաններու: Ինչպէս միւս հայկական քաղաքները, այս շրջանը եւս ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան ու ահաւոր վայրագութիւն գործադրուեցաւ չնքուշցիներու վրայ, որովհետեւ տեղւոյն թուրք մշակներն ու չորեպան բնակիչները ատելավառ կեցուածք կը ցուցաբերէին իրենց արհեստաւոր և առեւտրական տէրերուն հանդէպ:
Չնքուշցիներ ընդհանրապէս կը զբաղէին կաշեմշակութեամբ եւ կաշեգործութեամբ որոնց սահմանները կը տարածուէին ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները, այլեւ անցնելով Միջագետքէն կը հասնէր մինչեւ հեռաւոր Ասիոյ երկիրները՝ Հնդկաստան, Չինաստան, Պուրմա, Մոնկոլիա եւ այլն: Հայոց յետեղեռնեան պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հազուագիւտ երեւոյթ կը նկատուէր 1915-էն ետք, նոյնիսկ Տէր Զօրի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ գաղթակայաններուն մէջ հանդիպիլ չնքուշահայերու, որովհետեւ Չնքուշ ղրկուած արիւնարբու թուրք զինուորները մասնաւորապէս, ոչ միայն չէին արտօներ բռնի տեղահան եղած հայեր միանային դէպի կառափնարան ուղղուող մահասփիւռ կարաւաններուն, այլեւ կը պարտադրէին բոլոր չնքուշցիներուն որ անձնասպան ըլլային, ինքզինքնին նետելով Տուտանի վիրապին մէջ:
Քիւրտ Ռեճայը լսած էր այս ողբերգութիւններուն մասին իր կնոջ մեծմայրիկէն՝ Ասիայէն, որ միակ հայն էր մերօրեայ Չնքուշին մէջ ապրող: Ան իր մօտ այցելող բոլոր հայերուն անխտիր կը պատմէր իր ծնողներէն իմացած ապրուած տառապալի պատմութիւնները: Կը պատմէր այնպիսի պոռթկումով մը, ասպարէզ կարդալով մարդկային անարդարութիւններուն, որոնք մինչեւ օրերս կը գործադրուին Պատմական Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող թաքնուած եւ անթաքուն հայերուն վրայ: Թուրքիայի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը դեռ երէկ արձագանգելով տեղւոյն իրադարձութիւններուն մասին յայտնած էր. «Մենք կ'ապրինք 1915 թուականի Ապրիլի 24-ը: Սակայն մենք թոյլ չենք տար ֆաշիստներուն կրկին կրակի մատնել մեր երկիրն ու մեր երիտասարդ սերունդը»։
Ասիային մայրը հազիւ տաս տարեկան էր երբ բռնի տեղահանութիւնները սկսան կիրարկուիլ Հայ ժողովուրդին վրայ: Ան ալ իր հայրենակիցներուն ճակատագրին ենթարկուելով կը քալէր անոնց կողքին դէպի կարափնարան, դէպի Տուտանի մահուան անդունդը, որուն յատակէն հոսող ջուրերուն ձայնն իսկ անհնարին էր լսել վիրապէն դուրս: Ան իսկական գեղուհի մը ըլլալու էր, որ ուշադրութիւնը գրաւած էր արիւնարբու գազաններուն: Սակայն բախտը «ժպտաց»ած ըլլալուն անոր կը խնայուէր կեանքը... ու տաս տարեկանին արդէն իսկ հարս կը դառնար քիւրտ սպային: 1920-ին, արդէն իսկ մայր էր ան անուշիկ երախայի մը՝ Ասիային... եւ այդպիսով է որ մենք Չնքուշի մէջ ունեցանք մինուճար հայ մը, թէկուզ քրտացած ու իր ինքնութիւնը գաղտնի պահած, սակայն երակներուն մէջէն հոսող հայու արիւնը մնաց միշտ եռուն ու մինչեւ կեանքի վերջին շրջանին ան չզլացաւ իր մօրմէն իմացածներն ու իր ազգի ճակատագրին պատմութիւնը փոխանցելու բոլոր անոնց որոնք այցի կու գային իր մօտ: Ամէն անգամ որ սփիւռքահայեր ոտք կը դնէին Տիգրանակերտ, Չնքուշի հողը կեանքի կը կոչուէր, կը վերազարթնէր իր մահաքունէն...
Անոնք երբ ուխտագնացութեան կ'երթային հոն, իրենց ոտքերնուն տակ կը զգային ոյժը հայկական հողին:
Նոյն հողն է այն, ինչ որ երէկ էր, սակայն աւելի քարացած նման իր վիթխարի ժայռերուն, հայ մշակի քրտինքին կարօտ: Նոյն արեւն ունի, բայց ոչ նոյն ջերմութիւնը. նոյն օդն ունի ան, պարուրուած իր բարձր սարերուն մէջ, սակայն չկա՜յ շնչող հայութիւնը այդ հողին: Մինչ անդին, Ասիան կը շարունակէ մրթմրթալ գոհ սրտով՝ ԵՍ ՈՒՐԱ՜Խ ԵՄ, ԵՍ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ ՈՒՐԱ՜Խ ԵՄ...
Պայծիկ Գալայճեան, Պեյրութ