Պերճ Զեյթունցեանի «Ոտքի՛ Դատարանն Է» թատերգութեան բեմականացումը
Загрузка
X


Պերճ Զեյթունցեանի «Ոտքի՛ Դատարանն Է» թատերգութեան բեմականացումը

События / 07.05.2016

[16.04.16] Թմմ Նիւ Եորքի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը իր 101-ամեայ պահանջատիրութիւնը արտայայտեց «Ոտքի՛, դատարանն է» ներկայացմամբ 

Սողոմոն Թեհլիրեան. «Սպաննած եմ մարդ մը, բայց մարդասպան չեմ»                                                                                     

Հայ իրականութեան մէջ յաճախ ապացուցած ենք, թէ թատերական աշխարհը միշտ ալ մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովրդի մշակութային կեանքին մէջ: Հայոց պատմութիւնը կը յուշէ նոյնիսկ նախնադարուն, հայկական բոլոր մեծագոյն քաղաքներուն մէջ  գոյութիւն ունեցած են ամփիթատրոններ, ուր կը բեմադրուէին անտիկ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ:

16 Ապրիլի երեկոյեան, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան Կոմետիայի թատերասրահին մէջ կայացաւ , որ կը վայելէր ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հովանաւորութիւնը: Իրենց ներկայութեամբ բեմադրութիւնը պատուած էին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանը, թատերախաղին հեղինակ Պերճ Զեյթունցեանը, ԵՊՄՀ ռեկտոր,  Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախագահ Ռուբեն Միրզախանյանը, պաշտօնատար այլ անձինք, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ Հայ արուեստը գնահատող հասարակութիւնը:

ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը իր երեք հիւրախաղերը իրագործեց Հայրենիքի մէջ մասնաւոր հրաւէրովը Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Արձանագրենք նաեւ, որ եօթ տարիներ առաջ դարձեալ թատերախումբը ունեցաւ իր հիւրախաղերը ՀԹՄՄ-ի նախաձեռնութեամբ: Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 13ին, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական  Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, երկրորդը՝ Ապրիլ 14ին, Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան Պետական Դրամատիկական թատրոնի մէջ, հանդիսատեսներով լեցուն սրահներուն մէջ: 

Սփիւռքի տարածքին իւրայատուկ երեւոյթ է Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը, որ իր հիմնադրութենէն, 1977էն Նիւ Եորք՝ հիմնադիր բեմադրիչ ունենալով Ֆրունզիկի այրին՝ Թամարա Յովհաննէսեանը, մինչեւ այսօր՝ Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Բաբազեան, Սփիւռքի տարածքին յաջողած է ներկայացնել 20 ներկայացում: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իրենց դրոշմը անջնջելիօրէն ձգող թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարներ՝ Վարդան Յովհաննէսեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի, Յովիկ Պապախանեանի, Յարութ Չաթմաճեանի եւ Գագիկ Կարապետեանի շունչով թրծուած այս թատերական խումբի անդամներուն առջեւ, ամէն անգամ որ հայ թատրոնի վարագոյրը սկսաւ բացուիլ, անոնք մեծ յաջողութեամբ հայ հանդիսատեսին ներկայացուցին ծրագրային նոր արժէք մը, հիմնաւորուած նոր մեթոտաբանութեամբ, երբեք չհեռանալով ազգային թատրոնի առանձնատիպութիւններէն: Անոնք ժամանակին հետ քայլ պահելով ստեղծեցին գեղարուեստական հաստատումներուն համահունչ թատրոն մը, ուր աւանդականն ու նորարականը միահիւսուելով, հայ թատերական իրականութեան մէջ արձանագրեցին նորանոր յաջողութիւններ:

Հակառակ այն իրողութեան որ թատերախումբի անդամները մասնագիտութեամբ արհեստավարժ դերասաններ չեն, սակայն անոնց ոգի ի բռին նուիրուածութիւնը հանդէպ ԹՄՄ-ի եւ Հայ թատրոնի, ինչպէս նաեւ իրենց ստանձնած դերի կարեւորութեան գիտակցումը, արդարացիօրէն արժանացաւ հանդիսատեսներու գնահատանքին: Իւրայատուկ գնահատանքի արժանի գտնուեցաւ մասնաւորաբար Յարութ Պարսումեանը, որ իրեն վայել կերպով մարմնաւորեց Սողոմոնի դերը: Ինչպէս նաեւ Գառնիկ Ներսէսեան, իր երկարամեայ թատերական փորձառութեամբ ստանձնեց Թալէաթի դերը: Յարութ Չաթմաճեան, որ միաժամանակ ԹՄՄ թատերական յանձնախումբի ատենապետն է, յաջողապէս մարմնաւորեց Տոքթ. Լեհնբըրկ (դատարանի նախագահ)ի դերը: Իսկ Միսաք Պօղոսեան որպէս (գլխ. Պաշտպան փաստաբան), Յակոբ Վարդիվառեան (Տոքթ. Լեփսիուս), Շմաւոն Ադամեան (նահանգային դատախազ), Արմենակ Գուրուշեան (Հենրի Մորկընթաու եւ Ֆայէզ Էլ Հուսէյն), Թալին Գարակիւլլէյեան (Թալէաթի կին եւ Երանուհի Դանիէլեան), Ռոյ Պահեան (Տոքթ Մարթին Նիփակ եւ Հասան Ֆեհմի), 92 ամեայ վանի ծնունդ Յովհաննէս Գարթալեան (Տոքթ. Նազիմ Պէյ)ի դերով արժանացան հանդիսատեսներու գնահատանքին: Որքա՜ն տպաւորիչ թուաց բեմական երեւոյթը «հոգիներուն»՝ Արփի Չանքարի, Թալին Պահեանի եւ Դալար Զօքեանի, որոնք խոր ապրումներով արձագանգը կը հանդիսանային Սողոմոնի ներքին աշխարհին:  Իսկ Էլիզապէթ Աքեանը, որպէս Տիկ Տիթման եւ Սողոմոնի մայր զգացական խոր ապրումներով հանդէս եկաւ հայ հանդիսատեսին դիմաց:   

ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբը երկրորդ անգամ ըլլալով կը բարձրանայ հայրենի բեմահարթակ ու կ'արժանանայ հայրենի հանդիսատեսին գնահատանքին: Արդարեւ, այս անգամ եւս Պարոնեանի անուան թատերասրահը կը խայտար հոծ բազմութեամբ, հայրենի եւ սփիւռքահայ այն հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու պատուախնդիր «Նեմեսիս»ին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանին դատաւարութեան: Անոնք եկած էին անգամ մը եւս հպարտանալու հայ վրիժառուին սխրագործութեամբ ու արդարօրէն անպարտ կացութեամբ: Հանդիսատեստները որոնք նոյնիսկ դահլիճի աստիճաններուն վրայ գրաւած էին իրենց տեղերը, ոտքի՛ ու ծափողջոյններով ողջունեցին դատարանի արդար որոշումը: Ներկայացումը աւարտեցաւ ակնդիրներու բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ, յուզախառն ու մարտական տրամադրութեամբ:

Թատերական ներկայացման, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակոբեանի ողջոյնի խօսքն ու գնահատագիրը ներկայացուց նախարարի տեղակալ՝ Սերժ Սրապիոնյանը: Նախարարը իր խօսքին ընդմէջէն յատկապէս ընդգծեց «Մեզ համար այս դժուարին փորձութեան օրերուն, երբ թշնամին կրկին անգամ կը փորձէ խախտել մեր անդորրը, այս թատերգութեան ներկայացումը նոր խորհուրդ մը կը մատուցէ մեզ: Այն անգամ մը եւս կ'ապացուցէ, որ անսասան է հայու ոգին, արդարամիտ, ընդվզող և իր իրաւունքներու պաշտպանութեանը նախանձախնդիր: Շնորհակալութիւն թատերգութեան հեղինակին` մեր կենդանի դասական Պերճ Զեյթունցեանին, բեմականացման գեղարուեստական ղեկավարին` Ժիրայր Բաբազեանին, թատերախումբի ամբողջ կազմին` այս հրաշալի ներկայացման համար»:

Այնուհետեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնյան ընթերցելէ ետք ՀՀ Սփիւռքի նախարարի հրամանը, Նիւ Եորքի Մհեր Մկրտչեան թատերախմբին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրով պարգեւատրելու մասին, ԹՄՄ Նիւ Եորք- Նիւ Ճըրզի երկարամեայ ատենապետին ու ղեկավարին՝ Յակոբ Վարդիվառեանին յանձնեց շնորհակալագիրը: Ան իր կարգին, սրտի խօսքը փոխանցելով թատերախումբի անդամներուն յայտնեց, թէ «Միայն կարելի է խոնարհիլ ձեր առջեւ, միայն կարելի է խոնարհիլ ձեր հսկայական աշխատանքին դիմաց»:

Արդարեւ, ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին «Ոտքի՛, Դատարանն է» գլուխ գործոցի բեմականացումը, հանդիսացաւ ներկայի ազգային մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակի անդրադարձը թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ ազգային-գաղափարական-քաղաքական առընչութիւններով: Ու ա՛յս, ներկայ պատմաշրջանի պահանջն էր:

Յետ հանդիսութեան ճեպազրոյցի ընթացքին հանդիսատեսներու կողմէ արտայայտուած միտքեր․

«Այստեղ ու Սնդուկեանի թատրոնի մէջ, 27 տարիներէ ի վեր կը բեմադրուի այս «բիեսը»: Բացի «Անոյշ»էն՝ այսքան երկար ներկայացում չէ եղած այս թատերասրահներուն մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ Գիւմրիի մէջ ալ յաջող ելոյթներ ունեցաւ ԹՄՄ Մկրտչեան թատերախումբը: Այս դերասաններուն կատարած գործը Նիւ Եորքի  խոր անկիւններուն մէջ իսկական հերոսութիւն է: Արեւմտահայերէնը գեղեցկօրէն կը հնչէր անոնց շրթներէն: Ապրի՛ն այս տղաքը:

Պերճ Զէյթունցեան / մտաւորական, Թատերագիր, «Ոտքի՛ Դատարանն է Գալիս» բիեսի հեղինակ

«Այս ներկայացումը տեղին էր ու օրերին համահունչ: Հայ ժողովուրդը կանգնած է լուրջ փորձութիւնների առաջ, եւ այս բիեսը Խորհրդային տարիներէն սկսեալ հայ ժողովուրդին մէջ արթնացրել է արդար վրիժառութիւնն ու մեր իրաւունքների պաշտպանութիւնն ու գիտակցութիւնը: Զարմանալի զուգադիպութեամբ եւ տեղին կը ներկայացուի այս բեմադրութիւնը, երբ անդին ատրպէյճանական ոգորումների ու յարձակումների, ռազմական յանձագործութիւնների պարագային նորից սա խուսանաւում է: Մեր ուժի գիտակցութիւնն է այս բեմականացումը: Այո՛, խումբը արհեստավարժ չէ, սակայն այն հոգին եւ ուժը որ իւրաքանչիւր դերասան դնում է իր դերին մէջ, ու հայկական իրականութեան մէջ Թալէաթը վերլուծելով իրական Թալէաթը ներկայացնելու, այլեւս իրաւունք չունենք ասելու որ մենք փրոֆեսիոնալ չենք»: 

Սերժ Սրապիոնեան / ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի տեղակալ

«Ինձ համար յայտնութիւն չէ Պերճ Զէյթուցեանի  «Ոտքի՛ Դատարանն է Գալիս» բեմադրութիւնը: Մենք շատ ենք ըմբոշխնել, յատկապէս Մայր թատրոնի, ակադեմիական թատրոնի բեմադրութիւնը: Ուրախալի է որ Նիւ Եորքում, այսքան հեռու, ոչ թէ հոգով, այլ մղոններով, սակայն մնում են հոգով ամուր եւ ամէն վայրկեան ուզում են յիշեցնել այն՝ թէ ինչ եղել է անցեալ դարասկիզբին: Այսօր մենք հպարտութեամբ կը ներկայացնենք ոչ թէ երեւոյթը, այլ մեր հերոսութիւնը: Որովհետեւ այն ինչ արեց Սողոմոն Թեհլիրեանը, դժուար թէ համարուի մարդասպանութիւն: Դա պարզապէս արեց նրա համար, որպէսզի ամբողջ աշխարհը եւս մէկ անգամ դատի այլանդակ երեւոյթը թուրքին, իր հայաջինջ ծրագրով»։ 

Ռուբիկ Մաթոսեան / Հայրենի վաստակաւոր արտիստ

«Գերազանց բեմադրութիւն եւ խաղարկութիւն: Բեմը եւ սրահը իրարու զօդուած էին անտեսանելի շղթայով մը: Այս երկու կողմերը մէկ միասնութիւն էին, իսկ պատգամը ներկայացման շատ յստակ, մանաւանդ այս ճակատագրական օրերուն: Թուրքը եղած է եւ կը մնայ հայոց մեծագո՛յն  թշնամին, ցեղային նպատակ ունենալով բնաջնջել Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը առհասարակ»։ 

Գէորգ Եազճեան / Պատմաբան, ազգային ու հասարակական գործիչ

«Այսօր մեր այս մեծ փորձութենէն ետք, այսպիսի ներկայացում բերել հեռաւոր Ամերիկայէն, եւ այս ձեւով զօրավիգ ըլլալ, վերականգնել հայոց վերափոխմանը, արդէն մարդկային ամենասովորական չափորոշիչներէն դուրս է: Արժանի է ամենամեծ գնահատանքի ու խոնարհումի: Ես համոզուած եմ, որ ցանկացած հայ մարդ, այս թեմային հետ առընչուելով կ'ապրի հոգեկան վերազարթօնք, Շահան Նաթալիի, «Նեմեսիս»ի եւ ընդհանրապէս հայոց հոգու պայծառացման»: 

Սուրէն Սարգսեան / Պատմաբան, ազգային գործիչ

«Հայ իրականութեան  մէջ թատերգութիւն մը ներկայացնելը ընդհանրապէս դժուար գործ է, մանաւանդ այս թեմայով, ա՛յս օրերուն ներկայացնելը շատ աւելի դժուար: Կարելի է միայն ծափահարել այս նախաձեռնութեան ե՛ւ խաղարկման: Ուրախ եմ որ ինծի առիթ տրուեցաւ դիտելու եւ ըմբոշխնելու սոյն ներկայացումը: Որպէս բովանդակութիւն, այս կտորը  յատկապէս շատ կարեւոր հանգրուան մըն է մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, որ այսպիսի որակումով մարդասպան մը, ազատ կ'արձակուի բոլորին հասկնալի պատճառներով: Այս ինքնին մեծ յառաջխացք մըն է մեզի հայերուս համար, որովհետեւ շնորհիւ այս դատավարութեան, ամբողջ աշխարհը իմացաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին»: 

Նորա Արմանի / Հայ վաստակաւոր արուեստագիտուհի

«Թէեւ շատ լսած էի այս խումբին մասին, սակայն ուրախ եմ որ այսօր առիթը ունեցայ ըմբոշխնելու յատկապէս անուանի բեմադրիչ Ժերար Բաբազեանի բեմադրութեամբ: Լուրջ աշխատանք տարուած է յատկապէս դերակատարներու կողմէ: Պերճ Զէյթունցեանին բոլոր գործերը, մեր թատերական գրականութեան մէջ իւրայատուկ են: Թէ իր վէպերը եւ թէ իր մշակած գրականութեան թեմաները բացառիկ են: Անոնք բեմադրիչին կրնան տալ ահագին տուեալներ, բեմադրելու համար լաւագոյն ձեւերով»: 

Յակոբ Միքայէլեան / Թատերական գործիչ, մանկավարժ

 

Հեղինակ՝ Պայծիկ Գալայճեան