Տասը երկիր՝ տասը ազգեր կը ձգտին հասնիլ եւրատեսիլի աւարտական փուլին
Загрузка
X


Տասը երկիր՝ տասը ազգեր կը ձգտին հասնիլ եւրատեսիլի աւարտական փուլին

События / 12.05.2016

[12.05.16] Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Եւրատեսիլի երկրպագուները  ժամադրուած էին իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն դիմաց ըմբոշխնելու հեռարձակումը Եւրատեսիլ միջազգային երգի մրցոյթին։

Յետ Հայաստանի անկախութեան, հայ ժողովուրդը առաւել խանդավառութեամբ կը հետեւի սոյն մրցոյթին,  ազգային հպարտութեամբ տոգորուելով ի տես  Հայաստանը ներկայացնող արուեստագէդին: իսկ Եւրոպայի տարածքին գտնուողներ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի իրենց բարեկամներու միջոցաւ առաւել կէտեր ապահովեն յատկապէս Հայ մասնակիցի օգտին: Բարեբախտաբար այս կապակցութեամբ Հայաստանէն ներս կը ցուցաբերուի լրջագոյն մօտեցում՝ գերազանցօրէն լաւագոյնը ներկայացնելու ի տես համայն աշխարհին: Այս տարի  Եւրատեսիլ երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլին Հայաստանը ներկայացնող Իվետա Մուկուչեանը  հանդէս  եկաւ LoveWave երգովյաղթահարեց երգի մրցոյթի կիսաւարտական հանգրուանը եւ  յաղթական ոգիով պիտի պատրաստուի հանդէս գալու շաբաթ, 14 մայիսին տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանին:

Հակառակ որ կիսաեզրափակիչի ելոյթի ընթացքին բազմաթիւ երկիրներ հանդէս եկան, ինչպէս՝ Յունաստանը, Ֆինլանտը, Մոլտովան, Հունգարիան, Նիտերլանտներ, Այսլենտը, Սան Մարինո, Խրուաթիան, Ռուսաստանը, Չեխիան, Կիպրոս, Աւստրիա, Մոնթենեկրոն, Պոսնիան և Հերցեկովինան, Մալթա, Սպանիան, Ֆրանսան ու Շուետը: Ի մտի ունենալով, որ Չեխիան միակ երկիրը եղած է, որ մասնակից ունեցած տարիներուն, ամէն անգամ որ  քուէարկելու հնարաւորութիւն եղած է, մշտապէս Հայաստանի կողքին ըլլալով մեր մասնակիցին տուած է 12 միաւոր, հետեւաբար գիտակից հայեր ազնուութիւնն ու նրբանկատութիւնը ունեցան քուէարկելու նաեւ չեխ  մասնակից՝  Կապրիելլա Գունչիկովայի օգտին։ Ի ցիւ, թէ նոյն մօտեցումը կիրարկուէր նաեւ քաղաքական ոլորտներէն ներս, ուրախանալ անոնց հետ, որոնք քու յաղթանակովդ յատենին ուրախացած են. Ցաւակցիլ անոնց հետ, որոնք կողքիդ  կանգնած են քու ազգային աղէտիդ ընթացքին, եւ վերջապէս ճանչնալ եւ ընդունիլ այլոց հանդէպ գործադրուած անարդարութիւնը, որպէսզի ի պահանջեալ հարկին՝ փոխադարձ կեցուածք ցուցաբերուի ազգերու միջեւ:  

Ըստ տուեալ աւանդոյթին, լրագրողներ իրենց հեղեղանման հարցադրումները ողողելով,  կը փորձեն իրենց յատուկ զուարճախօսութեամբ ագցանել Եւրատեսիլի մասնակիցները: Աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր Հայ, անվարան ապրեցաւ այն հպարտութիւնը, երբ մեր երկրի պատուիրակ՝ Իվետան  Հայաստանի ու Արցախի դրօշները պարզելով օտար թղթակիցի հարցին պատասխանելով ըսաւ. «Եկէք չմոռնանք, որ ես կը  ներկայացնեմ իմ երկիրը եւ այն՝ միշտ կը պահեմ սրտիս ու մտքիս մէջ:  Պիտի ուզեմ ամբողջ աշխարհին տարածել, որ ես միայն խաղաղութիւն կը ցանկամ իմ երկրիս սահմաններուն»: Եւրոպական մամուլը աննկատ չանցաւ այս իրադարձութեան առընչութեամբ եւ անյապաղ փութացին  իմանալու, թէ ինչու Իվետան որոշեց նման քայլով հանդէս գալ.

«Անկեղծ ըսելով՝ ես կը  սպասէի այս հարցը: Ահա, թէ ինչու ես կը ներկայացնեմ  այս երգը: Անոր միջոցով կը ցանկամ «Սիրոյ ալիք»ը տարածել ամէնուրեք: Ես  Գերմանիա ծնած եմ, բայց ես հայ եմ եւ միայն խաղաղութիւն կը  ցանկամ համայն  աշխարհին  ու Հայաստանին համար»:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Եւրատեսիլ 2016-ի մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ երեք այլ հայեր, ներկայացնելով իրենց երկիրները: Վրաստանի ներկայացուցիչ՝ Նիքա Քոչարով, իր հայ նուագակիցներուն հետ միատեղ  պիտի մեկնաբանեն  Midnight Gold երգը: Իսկ Ուքրաինայի ներկայացուցիչ՝ Ճամալան, որ բուն անունով Սուսաննա Ծամալատինովա է (մօրենական կողմէ հայ է), կը խոստովանի, թէ մանկութենէն ի վեր հասակ առած է երաժշտական մթնոլորտի մէջ, ուր իր կողքին ունեցած է  Ճենատի Ասատրեան, որ զինք մղած է ճազային աշխարհէն ներս: Եւրատեսիլ 2016-ին ան պիտի հրամցնէ իր հանդիսատեսներուն «1944»  երգը, որ արդէն իսկ միջազգային մամուլին մէջ բաւական աղմկահարոյց դարձած է:

Հեղինակ՝ Պայծիկ Գալայճեան