[16.05.16] Իր աւարտին հասաւ արդէն Սթոքհոլմի Globe Arena-ի «Եւրատեսիլ 2016»-ի եզրափակիչ փուլը, որ հակառակ Եւրոպայի տարածքին գտնուողներու քուէարկութեանց, 534 կէտերով յաղթանակ արձանագրեց Ուքրաինան ներկայացնող թաթարա-հայկական արմատներով Ճամալան՝ Սուսաննա Ճամալդինովան, իր ետին ձգելով Աւստրալիայի ներկայացուցիչն ու Ռուսաստանը (491):
Նախքան Եւրատեսիլի հանդիսութիւնը, Սթոքհոլմի երկնակամարին սկսած էր սաւառնիլ ինքնաթիռ մը, որ իր ոլորապտոյտներով պաստառի վրայ կը յայտնէր, թէ «Ղարաբաղը կը սիրէ Իվետան»։ Ըստ դատակազմին տուած գնահատականներուն, Իվետան 10-րդ տեղը կը գրաւէր, իսկ երբ անոնց վրայ գումարուեցան նաեւ հանդիսականներու ձայները, Իվետան 249 միաւորով գրաւեց 7-րդ տեղը։
Ուսումնասիրելով Ճամալայի կենսագրականը, յայտնաբերած ենք, թէ ան ծնունդն է թաթար հօր, եւ հայ քրիստոնեայ մօր: Ճամալայի «1944» երգը ունէր քաղաքական բնոյթ եւ նուիրուած էր ոչ միայն 1944-ին Ղրիմի թաթարներու արտաքսման իրադարձութեան, այլեւ յստակ պատգամ մը ունէր Ռուսաստանին՝ Ղրիմի նկատմամբ ներկայիս կիրարուող քաղաքականութեան։
Յետ մրցանակաբաշխութեան՝ Ճամալան յայտնած էր, թէ ինք խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամն է որ կը տարածէ եւ այս սկզբունքներուն հաւատալով է, որ ան երգած է։
Ճամալան այն սակաւ մասնակիցներէն էր, որ երաժշտական դաստիարակութիւն ստացած էր. 2009-ին ան արժանացած էր «Նոր ալիք» միջազգային երգի մրցոյթի «Կրան Բրի» մրցանակին, իսկ 168 ժամ թերթին տուած իր հարցազրոյցին ան ըսած էր, որ իրեն ճազային երաժշտութեան հիմունքները սորվեցուցած էր Ղրիմահայ Կենատի Ասատուրեանը, որուն տան մէջ կազմակերպուած հայկական երեկոներուն մասնակից եղած էր նաեւ ինք։ Իր լաւ ընկերներէն էր տուտուկահար Արմէն Կոստանդեանը, ծանօթ է Ճիւան Գասպարեանին։ 2014-ին ան ելոյթ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ, ուր ինքզինք զգացած էր ինչպէս իր հարազատ տան մէջ։
Ուքրայինայի մրցանակակիր Ճամալան պացայայտած է, որ իր մօր նախնիները Արցախ աշխարհէն են, ուրկէ պայմաններու բերումով պարտադրուած եղած են հեռանալ դէպի Միջին Ասիա։ Այժմ անոր ծնողները կ'ապրն Ղրիմի մէջ, ուր ան չէ կրցած վերադառնալ 2014 թուականին Ռուսաստանի գրաւումէն ետք։ Այս մասին գրած է նաեւ անգլիական Կարտիըն օրաթերթը։
61-րդ Եւրատեսիլը արդէն իսկ հասաւ իր աւարտին, իր հետ աւարտելով նաեւ արուեստի աշխարհին մէջ մղուող այնպիսի սին պայքար, որուն որպէս արդիւնք կարելի է բարձրաձայնել ու ապացուցել, թէ սոյն միջազգային մրցոյթը կը կրէր միայն խիստ քաղաքական բնոյթ։ Ամէն տարի Եւրատեսիլի աւարտին քուլիսներու ետին, թէ մամուլի սիւնակներուն մէջ կ'ընդգծուին դժգոհանքներն ու ժխտական վերլուծումները Եւրատեսիլի կապակցութեամբ: Մարդիկ նոյնիսկ իրենց ցասումը արտայայտելով կը հաստատեն, թէ յետայսու Հայաստան պէտք է կեցուածք ցուցաբերէ ու կասեցնէ իր մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթին... Եթէ մեր յետադարձ հայեացքները սեւեռենք դեռ մօտիկ անցեալին, երբ Սիրուշոն Հայաստանը «Եւրատեսիլին» ներկայացուցած էր 2008-ին իր «Քելե Քելե» երգով, ոչ միայն համայն հայութիւնը խանդավառած էր, այլեւ, նոյնիսկ մինչեւ օրըս՝ յունական եւ կիպրական ձայնասփիւռի կայաններէն կը հնչէ որպէս լաւագոյն երգերէն մին:
Միթէ՞ գոյութիւն ունի որեւէ մարզ՝ ազգային, հասարակական, մշակութային, կամ ընկերային, որ քաղաքականացուած չէ... արդեօք պէտք է հրաժարիլ մասնակցութիւն բերելէ ամէն մարզերէ ներս...
Հայը միշտ ալ պատրաստ եղած է իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները ճակատաբաց դիմակայելու, հետեւաբար առ այժմ գոհանանք մեր արձանագրած, այո՛ պատուաբեր յաղթանակով ու ձգտինք դէպի նորանոր բարձրունքներ:
Հեղինակ՝ Պայծիկ Գալայճեան