ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ և Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի աջակցութեամբ կազմակերպուած «Հայոց պետականութիւնը՝ միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը անկասկած անջնջելի տպաւորութիւններ ձգեց մասնակիցներու սրտերուն մէջ:
Հանդիպելով աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած մեր գործընկերներուն, մենք առիթը ունեցանք փոխադարձաբար ծանօթանալու հայկական համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքներուն, լրատուական դաշտը զբաղեցնող նիւթերուն և լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Համաժողովի քննարկման դրուած և այլ նիւթերու վերաբերեալ տեսակէտներու և մօտեցումներու հետաքրքրական փոխանակումները նպաստեցին հայկական նիւթերու մեր տեսադաշտին ընդլայնումին:
Դժբախտաբար մասնակիցներուն մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէին Հայաստանի և Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները ինչ որ անհասկնալի էր հաշուի առնելով համաժողովին համահայկական բնոյթը: Կը կարծեմ որ մեզի՝ սփիւռքի լրագրողներուս համար հետաքրքրական պիտի ըլլար աւելի շատ շփումներ ունենալ տարբեր հոսանքներ ներկայացնող մեր տեղացի գործընկերներուն հետ, լսել անոնց կարծիքները սփիւռքեան իրականութիւններուն շուրջ և նաեւ իրենց առիթը տալ որ լսէին սփիւռքի լրագրողներու տեսակէտները Հայաստանի ու Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:
Գործնական գետնի վրայ, խիստ օգտաշատ ու բովանդակալից էին «Տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներն արտակարգ իրավիճակներում» նիւթին շուրջ Արման Սաղաթելյանի, Սամվել Մարտիրոսյանի, Կարեն Վրթանեսյանի և Անժելա Էլիբեկովայի ելոյթները:
Անկեղծ ըլլալու համար, վերլուծական ու հետաքրքրական գաղափարներ առաջադրող զեկուցումներուն կողքին քիչ չէր նաեւ թիւը լոզունքային, մակերեսային կամ բոլորիս գիտցած բաները կրկնող ելոյթներուն: Եթէ այդ ելոյթները զեղչուէին աւելի շատ ժամանակ պիտի ունենայինք լուրջ քննարկումներու և կարծիքներու փոխանակումի:
Սուրիահայութեան խնդիրներու լուսաբանման հարցով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի թղթակիցը մեզի թելադրեց հիմնուիլ մի միայն պաշտօնական լրատուութեան վրայ ինչ որ անյարիր է տեղեկատուութեան ազատութեան սկզբունքներուն և անընդունելի՝ լրատուական ազատ դաշտի մէջ գործող անկախ լրագրողներուս համար:
Յարգելի Տիկին Նախարարը մի քանի առիթներով յորդորեց մեզի Հայաստանի և Արցախի մէջ ներդրումները խրախուսող նիւթեր հրատարակել մեր լրատուամիջոցներուն մէջ, և քաջալերել սփիւռքի մեծահարուստները որ իրենց գրպանները լայն բանան Արցախի համար: Բնականաբար, բոլորս ալ համաձայն ենք Հայաստանի և Արցախի մէջ ներդրումներու խիստ կարեւորութեան ու մեր կարելին կ’ընենք մեր համայնքներուն մէջ Հայաստանակեդրոն հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Այսուհանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ, որ ամէն գործարար մարդ, անկախ իր ազգութենէն, նախ եւ առաջ գործնական մարդ է ու իր որոշումներուն համար չապաւինիր մի միայն հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն: Արդարեւ, մեր կոչերն ու առաջնորդող յօդուածները կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ այն պարագային երբ գործարար մարդը Հայաստանի և Արցախի մէջ կը գտնէ ներդրումները խթանող գրաւիչ ու շօշափելի պայմաններ:
Տեղեկատուական համացանցային աղբիւներու առատութեան ու դիւրամատչելիութեան պայմաններուն մէջ, այսօր մեր ընթերցողներն ու լսարանները մեր սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն առընթեր կ’օգտուին նաեւ տեղեկատուական այլ աղբիւրներէ: Կէսը լեցուն բաժակին օրինակով, որքան որ ալ մենք շեշտը դնենք բաժակին լեցուն մասին վրայ, լրագրողական ազնուութիւնը մեզի կը պարտադրէ չանտեսել նաեւ բաժակին դատարկ մասը: Հակառակ պարագային լրատուամիջոցը կը դառնայ միակողմանի քարոզչութեան գործիք ու կը կորսնցնէ իր վարկը: Հետեւաբար, լրագրողին կ’իյնայ ընտրել այն նիւթերն ու աղբիւրները որոնք իրապաշտ ու առարկայական կերպով կրնան ներկայացնել բաժակին լեցուն եւ դատարկ մասերը միաժամանակ ջանալով ուղորդել սփիւռքի ներուժը ի նպաստ հայկական պետականութեան հզօրացումին և Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելուն:
Գալով թրքական ու ատրպէյճանական յարձակողական քարոզչութեան դէմ պայքարելու միջոցներուն, բոլորս համաձայն ենք որ ընելիք շատ բան կայ մանաւանդ օտարագիր լրատուամիջոցներուն համար: Ահա այստեղ է որ չափազանց կարեւոր է միջազգային ԶԼՄ-ներուն մէջ աշխատող հայ լրագրողներու խորհուրդները ինչ կը վերաբերի ոչ հայկական միջավայրի մէջ հայանպաստ տեղեկատուութեան մատուցման ձեւին: Սակայն շատ ափսոս որ անոնք ներկայ չէին այս համաժողովին հակառակ որ իրենց ներկայութիւնը յայտարարուած էր Տիկին Նախարարի հրաւէրին մէջ: Մաղթելի է որ յառաջիկային աւելի աշխատանք տարուի ապահովելու համար մի քանի ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող լրագրողներու ներկայութիւնը:
Համաժողովին ամենանշանակալի պահերը ապրեցանք այցելելով Արցախի սահմանային դիրքերը: Խորապէս երախտապարտ եմ ՀՀ Սփիւոքի նախարարութեան, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան և բոլոր անոնց որոնք կազմակերպեցին մեր այցը: Առիթը ունեցանք մեր աչքերով տեսնելու սահմանային տարածքները, դիտակէտերը և մեր զինուորներու ծառայութեան պայմանները ինչպէս նաեւ՝ աւելի մօտէն զգալու մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգը: Մեր մէջ ամրապնդուեցաւ այն համոզումը որ մեր ազգի գոյատեւման գլխաւոր գրաւականը հայ զինուորն է որուն կեանքը շատ թանկ է բոլորիս համար սկսելով բանակի հրամանատարութենէն մինչեւ շարքային հայը:
Կրկին շնորհակալութիւն Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի անդամներուն որոնք իրենց կարելին ըրին համաժողովի ծրագիրը իրականացնելու համար:
Մարալ Սիմսար, «Արձագանգ» երկամսեայ հանդէս, Ժընեւ, Զուիցերիա