Մեր յարգելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ, ծանօթ տնտեսագէտ, տնտեսական բազմաթիւ գիրքերու, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, միջազգային գիտաժողովներու մասնակից, փորձագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեանի հետ Ահարոն Շխրտըմեանի հարցազրոյցը՝ Հայաստանի դրամատնային համակարգին եւ տնտեսութեան բարելաւման կարելիութիւններուն վերաբերեալ:
— Գլխաւորաբար «պարադոքս»ների վկայութիւնն է: Տնտեսական կամ դրամատնային համակարգ մը կը կազմուի ժամանակի ընթացքին: Որեւէ պետութեան տնտեսական բարգաւաճման հանգրուաններուն ու ֆինանսական հաստատութեանց յեղաշրջման փուլերուն միջեւ գոյութիւն ունի որոշ զուգահեռական մը: Սոյն փուլերը բնականոն կերպով կը հետեւին կանոնաւոր տիպար տնտեսական աճի մը եւ շատ յաճախ, զանազան փուլեր կը ներգործեն միասին:
Վերոյիշեալ յեղաշրջման ընթացքին՝ շուկայական ճնշումներ, օրինակի համար՝ «սպեքուլացիա» եւ փոխարժէքի տատանումներ, արտաքին աննպաստ ազդակներ (2008-ի միջազգային ելեւմտական ճգնաժամը) անոնց բացասական հետեւանքները, IT արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնները, նոր օրէնսդրութիւն՝ ներքին թէ միջազգային
(OFAC, Patriot Act, FATF, FINCEN, FATCA) եւ գործելակերպի նոր չափորոշիչներ ծնունդ կու տան լրացուցիչ նոր փուլերու: Այստեղ, հակիրճ ձեւով ներկայացնեմ վերջին երեք հարիւր տարիներուն ընթացքին արեւմտեան տնտեսութեան մէջ ձեւաւորուած այդ փուլերը՝
Նոր անկախութեան առաջին շրջանին, Կեդրոնական Բանկի տկարութեան ու անգիտութեան հետեւանքով մօտաւորապէս վաթսունէ աւելի ներդրողներու դրամատան արտօնագիր տրուեցաւ, կարծես դրամատնային նպարավաճառներ ըլլային: Անոնց մեծ մասը հետագային փակուեցաւ, մեծ վնաս հասցնելով աւանդատուներու խնայողութեանց: Այսօր, բանկերու թիւը մօտ քսան կը հաշուէ: Անոնցմէ ոմանք յաջող արդիւնքներ կ'արձանագրեն: Իրականութեան մէջ քսանն ալ շատ է:
1991-ին, հրաւիրուեցայ Հայաստանի այդ ժամանակաշրջանի բարձր ղեկավարութեան, պատասխանատուներու փափաքով եւ նշանակուեցայ նորանկախ Կեդրոնական Բանկի կառավարիչ: Դժբախտաար նշանակուելէ ետք, սպասեցի որ պաշտօնիս անցնիմ, պարտականութիւնս ստանձնեմ, սակայն ձայն մը չելաւ: Ոչ ոք դարձեալ կապուեցաւ հետս: Աւաղ... Այսօր տարբեր պիտի ըլլար Հայաստանի բանկային համակարգն ու Կեդրոնական Բանկին իրավիճակը...
— Արդի Հայաստանը 1991-էն ետք, վերոյիշեալ ո՞ր մէկ փուլերուն մէջ կը դասուի արդեօք դրամատնային համակարգը: Տնտեսական ո՞ր մէկ ֆազին կը պատկանի մեր նշած տնտեսական բարգաւաճման վեց փուլերէն՝
Փուլեր, որոնք կազմած են միջազգային տնտեսութիւնը: Հայաստան, շուկայական համակարգի ո՞ր օրէնքներուն կը հետեւի արդեօք : Միացեալ Նահանգներու Sherman Act-ին ծանօթ են արդեօք Հայաստանի տնտեսական ոլորտի այրերը:Այսինքն՝ տնտեսութիւնը մաս կը կազմէ աւանդակա՞ն ընկերութեան, թէ՞ տնտեսական մեկնարկի խաւին՝ կերպարանափոխութիւն երկրագործութեան արդիւնաբերութենէ հաւասարակշռուած ճարտարարուեստականացում, արդիականացած իրենց զինուորական ուժով, զոր պիտի ապահովէ տնտեսութեան արդիւնաբերութիւնը, որպէսզի ընթացք տրուի բարգաւաճման: Այստեղ կուտակուած է ձեր հարցադրած «պարադոքսը» Հայաստանի այսօրուան տնտեսութեան: Ու՞ր կը գտնուի Հայաստանի տնտեսական մակարդակը: Լուրջ խնդիր է արդիւնաբերութեան ոլորտը, այսինքն՝ համախառն ներքին արդիւնաբերութիւնը փոքր է: Խնդիր է նաեւ զբաղուածութիւնն ու գործազրկութիւնը, ապա թէ ոչ, ինչո՞ւ այս արտագաղթը:
Այլ խնդիր է տնտեսական տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնը – Regional Balanced Growth – Արտագաղթող զանգուածներու մեծ մասը Հայաստանի հիւսիսային, հարաւային քաղաքներէն եւ գիւղերէն են:
Այս բոլորին պատճառը անշուշտ, ոչ ակնկալուած, անսպասելի փլուզումն էր Սովետական Միութեան տնտեսութեան եւ այդ միութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր պետութեան տնտեսութեան:
Ըստ արեւմտեան տնտեսագիտական աղբիւրներուն, նախորդ դարու ութսունական թուականներուն, Սովետական Միութեան տնտեսութիւնը կը գտնուէր հասունութենէ դէպի մեծաքանակ սպառումի ֆազին միջեւ եւ կը ձգտէր կտրել, անցնիլ վեցերորդ ֆազը, այսինքն՝ նաւթին, կազին, ելեկտրոնային հաղորդակցութեան եւ արհեստագիտութեան դարը (IT- Information Technology), որուն յատկութիւնները կը գործադրուին զանազան ճարտարարուեստներու, սպասարկութիւններու եւ ֆինանսական աշխարհի մէջ,ստեղծելով համաշխարհայնացում եւ շուկաներու համակարգում: Այստեղ են «պարադոքս»ները: Տնտեսական աճի դիմաց բանկային համակարգի փուլ: Ո՞ր մէկ փուլին կը պատկանի սա տնտեսութիւնը:
— Այսպիսի տնտեսութեան իրավիճակով ինչպէ՞ս կարող ենք բարելաւել բանկային համակարգը: Բանկային համակարգին բարելաւման գլխաւոր մղիչ ուժը կեդրոնական դրամատունն է եւ անոր առընթեր անհրաժեշտութեան պարագային՝ ելեւմտական նախարարութիւնը:
Ուրեմն՝ վերադառնանք տնտեսական ֆազերուն: Երբ ըսինք բարգաւաճ տնտեսութիւն, ի մտի ունինք արդիւնաբերութեան բազմաթիւ ոլորտները, որոնք կազմաւորած են կապիտալ-դրամագլուխը: Capital formation. Այս մէկը կը կազմուի ժամանակի ընթացքին եւ տնտեսական աճի տեմպով: Պարզաբանեմ՝ դրամագլուխ մը կը բազմանայ տոկոսի սակ անգամ (х) ժամանակ: Նոյնն է դրութիւնը տնտեսութեան դրամագլուխի կազմաւորման ընթացքին: Բանկային համակարգը՝ այսինքն կեդրոնական դրամատուն առաւել դրամատուներու ցանցն ու այլ ելեւմտական հաստատութիւններ ուղղութիւն պէտք է տան ձեռնարկութիւններուն, մեծ եւ փոքր, վարկեր պէտք է տրամադրեն այն բոլոր տնտեսական ու առեւտրական հաստատութիւններուն, որոնք կը զբաղին արդիւնաբերութեամբ: Պիտի ըսուի, թէ տնտեսութիւնը մի քանի մենաշնորհներու ձեռքն է: Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ նոյն վիճակը կը տիրէր: Սակայն շնորհիւ Sherman Act-ին, հարցը գտաւ իր լուծումը: Հայաստանի մէջ արդեօք չկա՞յ Sherman մը:
Այս պարագային՝ կարող եմ հաստատել, թէ Հայաստանի դրամատուները այդ ուժը ունին ձեռնարկելու այսպիսի առաքելութիւն: Սակայն հարցը հոն է, որ դրամատուներու աւանդները ու փոխատուութեան տոկոսի սակերը բարձր են: Եթէ վարկերը ըլլան աւելի աժան (նուազ), ձեռնարկատէրերը աւելի վարկ վերցնելով իրենց արդիւնաբերութեանց ներդրումները կը բազմապատկեն եւ գործ կը հայթայթեն: Ուրեմն քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ տոկոսային դրոյթներու նուազեցումը:
Երկրորդ՝ բանկերու թիւը պէտք է որ նուազի: Այս մէկը թերեւս միաւորումով կամ միաձուլումով: Այս ձեւով, բանկերը կ'ըլլան աւելի զօրաւոր, աւելի մրցունակ եւ աւելի շահաւոր: Այս մէկը պարտի ըլլալ կեդրոնական դրամատան պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնը: Պետական այս հաստատութեան պաշտօններէն գլխաւորը, տնտեսութեան բարգաւաճման խթանելն է: Նոյնքան եւ կարեւոր է անոր կապը Համաշխարհային Դրամատան եւ Միջազգային Ելեւմտական Սնտուկին հետ, անոնց միջոցով եւ այլ աղբիւրներէ՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը, Ռուսիա, Չինաստան, Եւրոպա... երկար պայմանաժամով վարկեր պահանջել, յստակ, թափանցիկ ծրագիրներու նպատակով: :
Կարելի է աւանդներ ապահովել զանազան աղբիւրներէ,համեմատաբար աւելի ցած տոկոսներով մեծ գումարներ ապահովել բարգաւաճման ծրագիրներու համար եւ միաժանակ տնտեսութիւնը բարելաւելու նպատակով, անշուշտ միշտ կառչած մնալով տնտեսութեան զանազան ոլորտները համաչափութեան սկզբունքով բարելաւելու հիման վրայ:
Վերջապէս, ուրախ եմ ըսելու, թէ բանկային համակարգը բաւական յառաջդիմած է բաղդատմամբ քսաներորդ դարու վերջաւորութեան պարզած պատկերին: Յատկապէս 2005-էն ի վեր, որովհետեւ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատունը աւելի հանգամանք ունի այսօր, քան նախկին անցումային շրջանները: Սակայն տակաւին շատ աշխատանք ունինք կատարելիք, որ նաեւ կը կարօտի ժամանակի...
— Բնաւ երբեք: Այժմեան բանկիրը՝ իր գործունէութիւնը կը պարտի հանրութեան աւանդատուներուն, այսինքն ժողովուրդին այն հատուածին, որ իր խնայողութիւնը կը յանձնէ իբրեւ աւանդ՝ դրամատնային հաստատութիւններուն կառավարման կամ վարչութեան վստահութեան սկզբունքներու վրայ յենելով ու կը գանձէ որոշ տոկոս մը իբրեւ եկամուտ: Այսօրուան գործածութիւնը «բանկիր» բառին Հայաստանի մէջ սխալ գործածութիւն է: Բանկիրը, դրամատան պաշտօնեայ մըն է պարզապէս:
Սակայն՝ միջին դարէն եկող բոլոր բանկիրները, կ'օգտագործէին իրենց անձնական, անհատական դրամագլուխը եւ ոչ՝ հանրութեան աւանդները:
Այսօր, դրամատանց դրամագլուխը կը կազմէ համեմատաբար փոքր գումար մը (բաժանորդատէր), որ Կեդրոնական Դրամատունը կը ստիպէ կամ կ'որոշէ իբրեւ դրամագլուխ, որպէսզի այս բաժնետէրերը ներդնեն իրենց հիմնած դրամատան գործունէութիւնը սկսելու համար պարտադրուած է: Ու այս պահանջուած դրամագլուխը կը հիմնուի միջազգային օրէնսդրութեանց վրայ, նուազագոյն դրամագլուխի սկզբունքով:
Միջին դարու մէջ՝ վաճառականութեան զարգացած տեղերը, մանաւանդ Իտալիոյ մէջ 12-րդ դարէն ի վեր եւ գուցէ անկէ ալառաջ, վաճառականք ժողովասրահ մը ունէին, ուր իւրաքանչիւրը ունէր իրեն յատուկ աթոռն ու սեղանը (Banco), որուն վրայ որոշեալ ժամեր կու գային իրարու հետ ունեցած հաշիւնին կարգադրելու համար: Երբ անոնցմէ մին իր այս պարտականութեան մէջ թերանար՝ անոր սեղանը (Banco) կը խորտակուէր (Banco rotto), որ Banqueroute` սնանկ բառին ստուգաբանութիւննէ: Եւ ոչ՝ ապաքէն՝ այսօր իսկ Առեւտրական Օրէնքով սնանկ կը սեպուի այն վաճառականը, որ իր հաշիւը կամ պարտքը օրին չվճարեր կամ չի կրնար վճարել:
Այդ սեղանը՝ (Banco) պահողին բնականաբար կ'ըսուէր՝ Banchiere (Banquier) Սեղանաւոր, որ այդ ժողովասրահին սպասաւորն էր: Այն վաճառականը՝ որ ստիպեալ ժողովի որոշեալ ժամուն չէր կրնար ներկայ ըլլալ, սեղանի պահապանին կը յանձնէր որ իր տեղը կարգադրէ իր հաշիւները. Այսինքն, անոր կը յանձնէր իր պարտքը վճարել եւ պահանջքը գանձել: Այդ պահապանը,որուն Պանքեռ անունը տուինք, իր ուղղամիտ եւ պարկեշտ ընթացքով հետզհետէ յաջողելով վաճառականներուն վստահութիւնը գրաւել, քիչ ատենէն շատ մը (վաճառական) յաճախորդներ ունեցաւ, որոնց հաշւոյն դրամ գանձեց եւ վճարեց, ա՝լ այնուհետեւ անհրաժեշտ եւ ստիպողական պէտք մը եղաւ իրեն համար ունենալ Սնտուկ մը, պահարան մը, աւանդատուն մը, որուն մէջ կը դնէր վաճառականներուն արժենիւթերը՝ դրամ, գանձելի թուղթեր, եւայլն, նոյնպէս պէտք ունեցաւ տետրակի մը, ուր կը գրէր իր յաճախորդներուն հաշւոյն առած եւ տուած դրամները:
Ժողովասրահի, սեղաններու եւ աթոռներու այս համեստ պահապանը հետզհետէ վաճառականներուն վստահութիւնը կը շահի եւ այնուհետեւ անոնց համարակալը, դրամապահը մէկ խօսքով՝ անոնց Սեղանաւորը (Banquier) Պանքեռը կ'ըլլայ:
— Այո, բազմաթիւ, շուրջ երկու հարիւրի մօտ: Ոմանք կը գործէին Իտալիայէն՝ Թրիէսթէն, Վենետիկէն, Ֆրանսայէն՝ Մոնաքոյէն գլխաւորաբար: Ուրիշներ՝ Կոստանդնուպոլիսէն, Էրզրումէն, Դուինէն, Անիէն, Ակնէն, Կարսէն, Արծնէն, Էտիրնէյէն, Տրապիզոնէն, Այս բոլորը տեղի կ’ունենային տասնվեցերրորդ դարէն: Գահիրէյէն (Եգիպտոս) 1800-1900-ի միջեւ, յատկապէս Մոհամմէտ Ալիի իշխանութեան ժամանակաշրջանին: Ան մեծ համարում ունէր հայերու հանդէպ:
Հայ սեղանաւորներուն գլխաւոր յաճախորդներն էին՝
Հայ սեղանաւորները Օսմանեան կայսրութեան մէջ միշտ եղած են ելեւմտական տարբեր արհեստաւորական ընկերակցութիւններ գլխաւորողը: Անոնք միաժամանակ եղած են նաեւ արքունի ոսկերչապետերը եւ դրամահատութեան տեսուչները՝ սերունդէ սերունդ: Կ'ուզեմ այս առիթով յատկապէս յիշատակել Տիւզճեան ընտանիքի անգնահատելի ներդրումը:
Զրույցը՝ Ահարոն Շխրտըմեանը