Զուիցերահայ Միութիւնն ու Արձագանգ երկամսեան հաղորդագրութիւն մը ղրկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի բոլոր պատգամաւորներուն։ Այս հաղորդագրութիւնը կը յաջորդէ սոյն կազմակերպութիւններուն կողմէ 21 Ապրիլին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան։