Ժընեւի մէջ լոյս տեսնող «Արձագանգ» երկամսեայ թերթը անցեալ Հոկտեմբերին բոլորեց իր 30-ամեակը։ Այս առթիւ խմբագրութիւնը կազմակերպած էր ֆրանսերէն լեզուով բանախօսութիւն-քննարկում մը՝ «Հայաստան-Սփիւռք հեռանկարներ» նիւթին շուրջ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2016-ին՝ Ժընեւի Հայկական կեդրոնի սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թերթի աւելի քան 20 տարիներու պատասխանատու խմբագիր Մարալ Սիմսար Թօմպազեանը, որ ներկայացուց բանախօսութեան տուն տուող պատճառները:
Վերջին տասնամեակներուն՝ հայութեան վերաբերող անկիւնադարձային զարգացումները մեզ կը մղեն վերատեսութեան ենթարկելու մեր աշխարհայեացքը, մօտեցումներն ու գործելակերպը որպէս սփիւռքեան համայնք։ Այսօր Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան վերակերտումը, հայութիւնը համախմբող գաղափարներու ու ազգային տեսլականի վերասահմանումը, համայնքային կեանքի վերակազմակերպումը, Հայաստանի ու Արցախի հետ արդիւնաւէտ կապերու ամրապնդումը և Ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրառումը թէ՛ Հայաստանի թէ՛ սփիւռքի մէջ, հրատապ հարցեր են որոնք հանրային լուրջ քննարկումի կը կարօտին։ «Արձագանգ»-ի 30-ամեակը լաւագոյն առիթն էր համայնքէն ներս առարկայական քննարկումի մը մեկնարկը տալու համար: Թերթին խմբագիրը յայտարարեց, որ «Արձագանգ» պատրաստ է անկախ հարթակ հանդիսանալու վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ վիճարկումներու համար, ապա հրաւիրեց համայնքին անդամները, որպէսզի իրենց կարծիքները արտայայտեն թերթի սիւնակներուն մէջ։
Օրուան հանդիսավար Արեգ Թորոսեան ներկայացուց բանախօսներ Ալեքսի Գրիգորեանն ու Արտուշ Եղիազարյանը, որոնք վերլուծեցին ներկայ վիճակը ու ներկայացուցին իրենց առաջարկները տուեալ հարցերուն շուրջ։ Բանախօսները պատասխանեցին նաեւ հանդիսավարին ու ներկաներուն հարցումներուն։
Ալեքսի Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ ծանրացաւ սփիւռքի հայկական կառոյցներուն ժողովրդավարացումի կարեւորութեան վրայ և ներկայացուց ֆրանսահայութեան փորձը: Արդարեւ, մի քանի տարի առաջ Ֆրանսահայերը ժողովրդական քուէարկութեամբ ընտրուելիք ներկայացուցչական միացեալ մարմին ստեղծելու ծրագիր մը մշակած էին, որը սակայն մնաց թուղթի վրայ: Այսպիսի ներկայացուցչական մարմին մը իրաւասու պիտի ըլլար համայնքի անունով արտայայտուելու և որոշումներ տալու: Բանախօսը յոյս յայտնեց, որ նման ծրագիր մը թերեւս կարելի կ'ըլլայ իրականացնել Զուիցերիոյ մէջ, հաշուի առնելով մեր համայնքին փոքր թիւն ու այլ հանգամանքներ, և յաջողութեան պարագային, մեր համայնքը իբր օրինակ կրնայ ծառայել Սփիւռքի միւս համայնքներուն:
Օրուան երկրորդ բանախօս Արտուշ Եղիազարյան կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն վրայ: Ընդգծելով այն միտքը որ Սփիւռքը առանց Հայաստանի չի կրնար երկար գոյատեւել, ան խօսեցաւ Սփիւռքի մէջ ազգային քաղաքական մտածողութիւն զարգացնելու, ցեղասպանութեան զոհի հոգեբանութենէն դուրս գալով աւելի գործօն դեր ստանձնելու ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ աւելի լայն ներգրաւուածութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին: Աշխարհի հայութեան համար առաջնահերթ նկատելով Հայկական պետականութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդումը, բանախօսը համառօտ կերպով բացատրեց թէ ինչ ձեւերով սփիւռքեան համայնքներու անդամներն ու կառոյցները կրնան հայրենիքի մէջ գործնական ներկայութիւն ունենալ և մասնակցիլ սոյն նպատակի իրագործման համար տարուող աշխատանքներուն:
Բանախօսութեան յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին «Արձագանգ»-ի խմբագրութեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին համայնքի հոգեւոր հովիւ Հայր Գուսան Ալճանեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ Տիկին Հասմիկ Տոլմաջյանը և հիւրաբար Ժընեւ Գտնուող՝ Պաթումի հայկական համայնքի մամլոյ քարտուղար և «Աղբյուր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր Արթուր Օհաննեսյանը:
Յ.Գ. Ալեքսի Գրիգորեանի և Արտուշ Եղիազարյանի ելոյթներուն բնագիրները լոյս պիտի տեսնեն «Արձագանգ»-ի յաջորդ թիւերուն մէջ: