ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ Փարիզ, 2017 Դեկտեմբեր 15 Նիւթ.-
Միջնորդութեան խնդրանք՝ Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու համաներման Բաց նամակ յղուած՝ Գարեգին Բ., Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Արամ Ա., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, եւ աշխարհի հայ քրիստոնէութեան Ներկայիւս կը դիմենք Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ին, հոգեւոր պետերուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք կը կազմեն աշխարհի չորս անկիւններուն մէջ հայկական քրիստոնեայ համայնքները, անոնք ըլլան առաքելական, կաթողիկէ, թէ աւետարանական, խնդրելով միջնորդել Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի ան շուտով համաներում շնորհէ դատապարտուած կամ ձերբակալուած քաղաքական բոլոր բանտարկեալներուն (կը կցենք անոնց անուանացանկը, որ սպառիչ չէ): Որո՞նք են քաղաքական այդ հալածեալները, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն, որ իբրեւ այդքան վտանգաւոր անձեր բանտարկուած են: Բոլորը, բացարձակապէս բոլորը, հետապնդած են եւ դեռ կը շարունակեն հետապնդել հասարակաց միակ նպատակ մը. կը պահանջեն արդարութիւն հայ ժողովուրդին համար, օրինաց պետութիեան մը հաստատումը, որ անդադար կը խոչընդոտուի խարդախուած ընտրութիւններով: Անոնք բոլորն ալ ունին այն մտավախութիւնը, որ եթէ կաշառակեր այս իշխանութիւնը յարատեւէ, Հայաստան պիտի պարպուի իր բնակչութենէն եւ իշխանաւորները պիտի չկարողանան պաշտպանել երկրի սահմանները։ Զէնք կրելու կամ տեսակէտ արտայայտելու պատճառով բանտարկուած այս տղաքը կը փափաքին ունենալ ազատ, անկախ եւ ընկերային արդար համակարգով հայրենիք մը: Ո՞րն է Քրիստոսի հզօրագոյն պատուիրանը: Միթէ՞ զիրար սիրելու պատուիրան մը չէ ան: Միթէ՞ հետեւեալ խրատը չէ. «քու ընկերդ սիրէ՛ քու անձիդ պէս»: Եթէ այսօր կը դիմենք Ձեզի, ըսելու համար է, որ ընկերը, միւսը, միայն մեր բակի դրացին կամ գործընկերը չե՛ն, այլ նա՛եւ քաղաքական բանտարկեալները, որոնք կը գտնուին Հայաստանի բանտերուն մէջ: Հայը, ըլլայ հաւատացեալ, թէ՝ ոչ, լաւագոյնս կ՚ըմբռնէ այս պատգամը, քանի լաւ գիտէ, —որովհետեւ դար մը առաջ անոր ենթարկուեցաւ՝ մինչեւ իր ոչնչացումը,— թէ միւսին նկատմամբ ատելութիւնը ինչի՛ կը յանգեցնէ: Հայը նաեւ գիտակից է, որ ատելութեան կը յաջորդէ անտարբերութիւնը, որովհետեւ անոր ենթարկուած է աւելի քան դար մը։ Ներշնչուելով Հաննա Առէնթի «Չարութեան հասարակացումը» արտայայտութենէն, զոր ան գործածած էր նացի պատասխանատու Այշմանի դատավարութեան, հետազօտող Եաիր Օրոն իր «Իսրայէլը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» հատորին առաջին գլուխը խորագրած է «Անտարբերութեան հասարակացումը»: «Անտարբերութեան հասարակացումը». այս արտայայտութիւնը շատ ճիշդ կերպով կը բնորոշէ Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու նկատմամբ անտարբերութիւնը՝ թէ՛ եւրոպական ու միջազգային հիմնարկութիւններուն, թէ՛ ալ համայն Սփիւռքի կողմէ: Եւ դեռ կան այնքա՜ն բաներ, զորս չ՚ոգեկոչեր մեր կցած բանտարկեալներու ցանկը: Ան չ՚ոգեկոչեր բանտարկութեան պայմանները, ֆիզիքական տառապանքները անոնց, որոնք հիւանդ են, պաշտպանութեան ոտնակոխուած իրաւունքները, բանտարկեալներու հարազատներու եւ համակիրներու ենթարկուած ճնշումներն ու սպառնալիքները… Ի դէպ, արդարօրէն կ՚ակնկալենք, —ինչպէս կը պատահի այսօր աշխարհի մէջ, քիչ մը ամէն կողմ,— որ Հայաստանի թէ Սփիւռքի հայ հոգեւորականները որպէս սփոփանք՝ այցելեն բանտարկեալներուն իրենց խուցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց տառապող ընտանիքներուն: Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու ճակատագրով մտահոգուիլ՝ պիտի նշանակէր նաեւ վերյիշել Արթուր Սարգսեանի արարքը: Պիտի նշանակէր ստանձնել հերթափոխութիւնը եւ իմացնել, որ այդ արարքը ի զուր չէր, որ ան թողած է հետքեր բոլորի ենթագիտակցութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ 2016 Յուլիս 26-ին ան, զոր ժողովուրդը կոչեց «Հաց բերողը», իր կառքով գլելով ոստիկանական պատնէշը, փամփուշտներու թիրախ դառնալով՝ «Սասնայ ծռեր»-ուն սննդեղէն հասցուց: Այդ պատճառով՝ ան բանտարկուեցաւ երկու անգամ, մինչեւ որ այդ ամէնը յանգեցուցին անոր մահուան: Հայկական եկեղեցիներու կողմէ քաղաքական բանտարկեալներու ի նպաստ ներման կոչը հսկայ անդրադարձ պիտի ունենար Հայաստանի բնակչութեան տրամադրութեան վրայ: Ատիկա յատկապէս պիտի ազդէր աննկարագրելի պայմաններու մէջ սահմանները պաշտպանող երիտասարդ զինուորներու տրամադրութեան վրայ: Քանի, այդ երիտասարդ զինուորները գիտեն, որ քաղաքական բանտարկեալներուն մէջ կան Արցախեան ազատամարտի բազմաթիւ նախկին ռազմիկներ, որոնց հետ կը նոյնացնեն իրենք զիրենք: Եւ վերջապէս, ատիկա նաեւ պիտի արթնցնէր Սփիւռքը իր թմբիրէն: Երէկ, Հայաստան քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունող առաջին ազգն էր. ան կը ստեղծէր այբուբեն մը, հայերէնի թարգմանելու համար Սուրբ գրութիւնները: Երէկ, հայ հոգեւորականները առաջիններէն էին, որոնք դիմադրական պայքարի կոչեր կ՚ընէին, ինչպէս Սարդարապատի հերոսամարտի պարագային: Երէկ, Մխիթարեան Հայրերը առաջիններէն էին, որոնք հայ ազգի վերածննդեան եւ վերակառուցման ի նպաստ կը գործէին: Այսօր, թօթափելու կոչ կ՚ընենք: Այսօր, աշխարհի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ —անոնք ըլլան առաքելական, կաթողիկէ, թէ աւետարանական,— յանուն հաւատացեալներու՝ Ս. Ծննդեան քարոզներու ընթացքին պիտի ուզէինք լսել ընդհանուր ներումի կոչեր՝ Հայաստանի քաղաքական բոլոր բանտարկեալներուն համար:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Կապ՝ prisonnierspolitiquesdarmenie@gmail.com
Հայաստանի մէջ՝ քաղաքական բանտարկեալներու եւ հալածեալներու ցանկը 2017 դեկտեմբեր 8-ի դրութեամբ — 109 հոգի (ոչ-սպառիչ)
1. «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման կալանաւորուած անդամներ — 28 հոգի Մխիթար Աւետիսեան, Վարուժան Աւետիսեան, Սմբատ Բարսեղեան, Արմէն Բիլեան, Վարդան Գերաւետեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Գագիկ Եղիազարեան, Թաթուլ Թամրազեան, Թորոս Թորոսեան, Գէորգ Իրիցեան, Արմէն Լամբարեան, Արայիկ Խանդոյեան, Արեգ Կիւրեղեան, Սերգէյ Կիւրեղեան, Արամ Յակոբեան, Արայիկ Յակոբեան, Մարտիրոս Յակոբեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Գառնիկ Յովակիմեան, Արամ Մանուկեան, Տիգրան Մանուկեան, Պաւէլ Մանուկեան, Արթուր Մելքոնեան, Սեդրակ Նազարեան, Աշոտ Պետրոսեան, Տիգրան Սարգսեան, Արթուր Սողոմոնեան, Յովհաննէս Վարդանեան:
2. «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման օժանդակելու յօդուածով կալանաւորուածներ — 4 հոգի Կարօ Եղնուկեան, Խաչատուր Գիչեան, Վարդգէս Գէորգեան, Մանուէլ Աթոյեան:
3. 2016 Յուլիս 20-ին Խորենացի փողոցին մէջ եւ 2016 Յուլիս 29-ին Սարիթաղի մէջ ոստիկանական վայրագութիւններուն զոհ դարձած բայց «զանգուածային անկարգութիւններու» մեղադրանքով կալանաւորուածներ — առնուազն 6 հոգի Անդրէաս Ղուկասեան, Արարատ Խանդոյեան (դատապարտուեցաւ 3,5 տարի), Արման Առաքելեան (3 տարի), Արման Մխիթարեան (3 տարի), Սոսօ Մարգարեան (3 տարի), Արսէն Մկրտումեան (3 տարի):
4. 2016 Յուլիս 19-ին Սարիթաղին մէջ, տեղւոյն բնակիչներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ ընդհարումներու պատճառով կալանաւորուածներ – 9 հոգի Սարգիս Արաբաչեան, Կարէն Վանոյեան, Հրայր Իսախանեան, Ժորա Աւետիսեան, Արմէն Ադամեան, Յարութիւն Թորոսեան, Էդուարդ Զէյթունեան, Անդրանիկ Քէօսէեան, Հրաչեայ Բոյաջեան:
5. Ժիրայր Սեֆիլեանի գործ — 6 հոգի Ժիրայր Սեֆիլեան, Սասունիկ Կիրակոսեան, Հրայր Թոփչեան, Ներսէս Պօղոսեան, Գալուստ Գրիգորեան, Արթուր Մովսիսեան (դատապարտուեցաւ 3 տարի)
6. «Շանթ Յարութիւնեան եւ ընկերներ»-ու գործով կալանաւորուածներ — 7 հոգի Շանթ Յարութիւնեան, Վահէ Մկրտումեան, Ալբերտ Մարգարեան, Աւետիս Աւետիսեան, Լիպարիտ Պետրոսեան, Մկրտիչ Յովհաննիսեան, Վարդան Վարդանեան:
7. Տարբեր ժամանակներու առանձին գործերով կալանաւորուած քաղաքական բանտարկեալներ — 3 հոգի Հայկ Կիւրեղեան, Գէորգ Սաֆարեան, Արմէն Միքայէլեան:
8. Նորք-Մարաշի խումբի գործով ամբաստանեալներ — 19 հոգի Արթուր Վարդանեան, Անտոն Տիգրան Թոթոնջեան, Վահան Շիրխանեան, Գառնիկ Մարգարեան, Խաչիկ Աւետիսեան, Վլադիմիր Առաքելեան, Յարութիւն Սարիբեկեան, Տիգրան Բոյաջեան, Աւետիս Բերբերեան, Վաղինակ Ստեփանեան, Արթուր Եղիազարեան, Վահագն Սալնազարեան, Արման Հայրապետեան, Էդուարդ Ներսիսեան, Արա Պօղոսեան, Արկադի Մարդոյեան, Նելլի Մինասեան, Ասիա Մկրտչեան, Մարինէ Կաթանեան:
9. Սամուէլ Բաբայեան:
10. Ընդյատակեայ — 1 հոգի Գարեգին Չուգասզեան:
11. «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման օժանդակելու յօդուածով մեղադրուողներ, որոնք ներկայիս կը գտնուին ազատութեան մէջ, բայց որոնց նկատմամբ մեղադրանքները կը մնան ի զօրու — 10 հոգի Ներսէս Գէորգեան, Մարտին Վարդանեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Մհեր Մազմանեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Սարօ Այվազեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Սերգէյ Յակոբեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Աշոտ Մուրադեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Վարդան Բալեան, Ալեք Ենիգոմշեան, Տարօն Լորեան, Սամսոն Գաբրիէլեան: 12. 2016 Յուլիս 20-ին Խորենացի փողոցին մէջ եւ 2016 Յուլիս 29-ին Սարիթաղին մէջ ոստիկանական վայրագութիւններուն զոհ դարձած բայց «զանգուածային անկարգութիւններու» մեղադրանքով կալանաւորուածներ, որոնք տարբեր ժամանակներու ազատ արձակուած են, բայց որոնց նկատմամբ մեղադրանքները կը մնան ի զօրու — 8 հոգի Արմէն Մարտիրոսեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Դաւիթ Սանասարեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Յովսէփ Խուրշուդեան (երաշխաւորագինով ազատ արձակուած), Վահագն Ղումաշեան, Լեւոն Ասատրեան, Տիգրան Մարգարեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան, Յովհաննէս Ղազարեան:
13. 2016 Յուլիս 20-ի եւ 29-ի գործերով արդէն դատուածներ – 7 հոգի Արեգ Սադոյեան (ստացած է 3 տարի պայմանական վճիռ, ազատ է), Ռաֆայէլ Ղարագէօզեան (ստացած է 3 տարի պայմանական վճիռ, ազատ է), Գարիկ Առուստամեան, Ալբերտ Աւագեան (փորձի շրջան), Նարեկ Սարգսեան (փորձի շրջան), Հայկ Յովհաննիսեան (3 տարի, վաղաժամ ազատ արձակուած), Գագիկ Միքայէլեան (3 տարի, վաղաժամ ազատ արձակուած):