Հայկական գորգերու նուիրուած ցուցահանդէս եւ դասախօսական երեկոյ
Загрузка
X


Հայկական գորգերու նուիրուած ցուցահանդէս եւ դասախօսական երեկոյ

События / 27.05.2017

Հայ ժողովուրդի մշակութային համակարգի  կարեւորագոյն  եւ աւանդական   բնագաւառներու  մէջ  առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ  գորգագործութեան մշակոյթը: Գորգը կրնայ  բազմագոյն  զարդանաշխերով  գեղարուեստական  գործուացք մը  ըլլալ:  Հայաստանի  մէջ  գորգագործութիւնը իբրեւ  արհեստ  զարգացած է նախաքրիստոնէական    ժամանակաշրջանէն: 

Պատմական   Հայաստանի մէջ  գորգերը կը  նկատուէին առաջին անհրաժեշտութեան առարկաներ:  Հայ իրականութեան մէջ  գորգ եւ կարպետ բառերը  օգտագործուած  են  իբրեւ հոմանիշ, միայն այն տարբերութեամբ, որ  գորգերը կ'ունենան  թելախաւ, իսկ կարպետները՝ ոչ: 

Հայկական  գորգերու  տիպաբանութեան մէջ,  իբրեւ տիպային անուանում ընդունուած են այն  շրջաններու եւ  բնակավայրերու անունները, որոնց  առաւել  բնորոշ է տուեալ տիպը:   Հայ գորգագործութեան արուեստը   իր ողջ պատմութեան  ընթացքին մեծապէս տուժած է մեր հայրենիքին դէմ արշաւանքներէն: Ցեղասպանութեան  ընթացքին  բազմահազար  գորգեր   փճացած կամ  կորսուած են՝  բնակարաններ,  հաստատութիւններ, արհեստանոցներ, եկեղեցիներ  քանդելու կամ կողոպտելու  պատճառով:

Գորգ  բառը  հայոց պատմութեան մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է  Տաւուշի  Կապտավանք  եկեղեցւոյ  պատին վրայ  եղած արձանագրութիւններէն մէկուն  վրայ (13-րդ դար): Կարպետ  բառի առաջին  յիշատակութիւնը կատարուած է Աստուածաշունչի մէջ՝ (5-րդ դար) գրաբարեան «կապերտ»  ձեւով:

Հայկական  գորգերու  պատմութիւնը, անոնց արժեւորումը  կատարելու նպատակով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ Մշակութային  Միութիւնը, դասախօսական-ցուցահանդէս մը կազմակերպեց,  Չորեքշաբթի, 24  Մայիս 2017, երեկոյեան  ժամը 8. 30-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ, իբրեւ  դասախօս հրաւիրելով  ծանօթ  մտաւորական  տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանը: Այս մասին կհայտնէ ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական  գրասենեակը:

Ներկաները սրահի մուտքին կը  տեսնէին պարոն  Սերժ Նալպանտեանի  անձնական հաւաքածոյէն սիրայօժարօրէն տրամադրուած  հայկական  արժեքաւոր գորգերու նմոյշներ:

ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական  Վարչութեան անդամներու  եւ  մշակութասէր  ընտրանիի մը  ներկայութեան,որոնց մէջ, Լիբանանի մէջ  Հայաստանի դեսպանատան  կցորդ  Դաւիթ Միրզախանեանը,Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ Ժենիա Կիւլպանքեանը,Մարինէ Յարութիւնեանը եւ Վլատիմիր Պօղոսեանը, յանուն  Անդրանիկ  Մշակութային  Միութեան վարչութեան  Լենա  Տաքեսեան բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն, յայտնելով թէ  երեկոյին  նիւթն է հայկական   գորգը՝  պատմութեան   ընթացքին հայկական գորգագործութեան  թեւակոխած  փուլերը:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց   տոքթ. Յարութիւն  Նիկոլեանին եւ պրն. Սերժ  Նալպանտեանին, իրենց  սիրայօժար  աջակցութեան եւ  պատրաստակամութեան համար, ցաւ յայտնելով,  որ պրն. Սերժ  Նալպանտեան  կամքէ անկախ  պատճառներով  կը  բացակայէր սոյն  երեկոյէն:  Ապա, ան  ամփոփ  տողերու  մէջ  ներկայացուց հայկական  գորգերու հմուտ մասնագէտ,  մեկնաբան,  տոթք.  Յարութիւն Նիկոլեանը եւ հրաւիրեց  զինք  բեմ:

Տոքթ.  Յարութիւն  Նիկոլեան  կարճ նախամուտքէ մը  ետք, յայտնեց, թէ  մեր թուարկութեան առաջին գորգը վիշապագորգն է՝ եօթներորդ դարէն: Ան կը գտնուի  Պերլինի թանգարանին մէջ: Իսկ  12-րդ  դարուն  գործուած  վիշապագորգ մը  կը  գտնուի  Վիեննայի ազգային  թանգարանին մէջ:  Ան  ներկայացուց  օտար արշաւանքներու  հետեւանքով   հայկական  գորգագործութեան կրած  մակընթացութիւնները եւ  տեղատուութիւնները: Տոքթ. Յարութ  Նիկոլեան լուսարձակի տակ առաւ հայկական  գորգերու  տիպերը, անոնց առանձնայատկութիւնները, գոյներու  ընտրութիւնը եւ պատրաստութիւնը, զարդանշանները,  անոնց ճարտարարուեստական  լուծումները. « Աշխարհի հնագոյն  գորգը  յայտնաբերուած է  հարաւային  Ռուսիոյ մէջ եւ  ապացուցուած է, թէ  հիւսուած է  Հայաստանի   տարածքին մէջ: Ներկայիս, ան ցուցադրութեան դրուած է Սանկ Փեթերսպուրկի ազգային  թանգարանին մէջ: Արթիկի   շրջանին մէջ  յայտնաբերուած են  3000 տարուան հնութեամբ  հայկական գորգերու նմոյշներ, իսկ Կարմիր Բլուրի  պեղումներէն   յայտնաբերուած են աւելի քան 2700  տարուան հնութեամբ գորգերու նմոյշներ:» ըսաւ տոքթ.  Նիկոլեան, աւելցնելով, որ  պատմութեան մէջ  քանի մը առիթներով, Ասորեստանի, Պարսկաստանի  թագաւորներ   Հայաստանէն  զանգուածային   բռնագաղթեր կազմակերպած են, որպէսզի  հայերը իրենց  երկիրներուն մէջ  հիւսէն  գորգ:

Տոքթ. Նիկոլեան յայտնեց,  թէ այսօր  Սինկափուրի,  Հնդկաստանի,  Պարսկաստանի, Եւրոպայի եւ այլ ոստաններու մէջ կարելի  տեսնել հայկական արժէքաւոր  գորգերու նմոյշներ: Ապա ան  բացատրեց գորգ  հասկացողութեան  գաղափարը, անոր տեսակները: Առ  ի գիտութիւն մեր յարգելի ընթերցողներուն, գորգերը բաժնուած  են վեց խումբերու. «Հայերս այսօր  մտաւորական ուժը ունինք  եղած  փաստարկումները  ի մի բերելու  եւ համոզելու երկրագունդը, որ գորգը ստեղծուած է  Հայկական  բարձրաւանդակին վրայ եւ տարածուած աշխարհով մէկ՝ վերջին երեք հազար  տարիներու ընթացքին: Փաստերը  բազմաթիւ  են, իսկ լաւագոյնը  գերմանացի  գիտնական  Վոլկմար Կանցհորնի  գորգարուեստի  մասին  վաւերագրական  հատորն է: Երկրագունդի   բոլոր երկիրներու աճուրդի  տուներուն մէջ գորգի առուծախը դրուած կ'ըլլայ «իսլամիք արթ» վերնագիրին տակ:  Կանցհորնը  եկաւ հաստատելու, թէ ան պէտք է  դրուի «Քրիսչըն Արթ» վերնագիրին տակ,  որովհետեւ  փաստերը զինք  հասցուցին այդպիսի  եզրակացութեան». ընդգծեց  տոքթ. Նիկոլեան:

Այս առիթով ան նշեց, թէ  Կովկասեան գորգերը  բաժնուած են  54 տեսակներու, որոնց 38  հատին ձեւաւորումները  ընդունուած են  իբրեւ հայկական: Ան անդրադարձաւ հայկական գորգերու  տեսակներուն, անոնց պատմութեան,  ընդգծելով որ  Հայկական բարձրաւանդակի  ճարտարապետական  բազմաթիւ ձեւաւորումներ  կը նկատուին  գորգագործութեան մէջ: Անդրադարցաւ  հայկական գորգերու իւրայատկութիւններուն եւ թուեց   հայկական  գորգերու 34  տեսակները:

Ուշագրաւ էր, որ տոքթ.  Նիկոլեան  ապացոյցներու վրայ կը  հիմնաւորէր իր տուեալները: Միւս կողմէ,ան  ցաւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր  հայկական գորգեր կը ներկայացուին  իբրեւ  տեղական մշակոյթի ներդրում:

Տոքթ. Յարութ  Նիկոլեան  «փրոճեքշըն»ի վրայ  հայկական գորգերու նմոյշներ ցուցադրեց: Ապա ան պատասխանեց ուղղուած  հարցումներուն:

Երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան ատենապետ  Շահէ Պապահեքեան շնորհակալութիւն յայտնեց  տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին, Սերժ  Նալպանտեանին, սոյն  շահեկան եւ  բովանդակալից  երեկոյին իրենց  սիրայօժար  մասնակցութեան  համար: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Համբար  Եսայեան   երախտագիտութեան  յուշանուէր մը յանձնեց   Յարութիւն  Նիկոլեանին:  Զրոյցը շարունակուեցաւ  սրահէն դուրս, Սերժ  Նալպանտեանի տրամադրած  հայկական գորգերուն առջեւ, պատշաճ հիւրասիրութեամբ: