Քուէյթի «Ալ Քապաս» օրաթերթի Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ի համարին մէջ քուէյթահայ ծանօթ հրապարակագիր, գրող Կիրակոս Գույումճեանի «Մարզուք ալ Ղանեմ... մէ արուաաք» յօդուածը գրուած է շատ յատկանշական իրադարձութեան մը ազդեցութեան տակ:
Արդարեւ, Սան Փեթերսպուրկի մէջ կայացող Համաշխարհային խորհրդարաններու միութեան խորհրդաժողովի աւարտական նիստին, Քուէյթի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը գլխաւորող, Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ երեսփոխան Մարզուք Ալի Ղանէմ իր խօսքը իսրայէլեան պատուիրակութեան ուղղելով մերկացուց պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ Իսրայէլի վայրագութիւնները, բարբարոսական արարքները:
Մարզուք Ալի Ղանէմի յանդուգն արտայայտութիւնները աննախադէպ են, որովհետեւ ոչ բոլոր դիւանագէտներուն տրուած է նման խիզախութիւն, համարձակութիւն, հարցերը պաղարիւն կերպով եւ սակայն ճշգրտօրէն ներկայացնելու կարողութիւն:
Քուէթահայ ծանօթ մտաւորական, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան, որ մօտէն կը հետեւի արաբական աշխարհի զարգացումներուն, ներշնչուելով Մարզուք ալ Ղանէմի մարդասիրական եւ համարձակ կեցուածքէն, անմիջապէս արձագանգած է յօդուածով մը, որ լոյս տեսած է Քուէյթի հեղինակաւոր օրաթերթերէն «Ալ Քապաս»-ի 28 Հոկտեմբեր 2017-ի համարին մէջ:
Կիրակոս Գույումճեան կ'արժեւորէ միջինարեւելեան հարցին վերաբերեալ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահին սկզբունքային կեցուածքը, միաժամանակ վեր կ'առնէ յանուն իրաւազուրկ ժողովուրդներու պաշտպանութեան՝ Քուէթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմատ ալ Ճապէր ալ Սապահի իմաստուն քաղաքականութիւնը եւ կը շնորհաւորէ Քուէյթի ժողովուրդը՝ խոհեմ ղեկավարութիւն մը ունենալու բախտաւորութեանը համար:
Յօդուածը կարեւոր է նաեւ այն իմաստով, որ միջինարեւեալեան յարափոփոխ զարգացումներուն մէջ Քուէյթի նման փոքր պետութիւն մը կը շարունակէ զօրավիգ կենալ անտէր եւ լքուած ժողովուրդներու դատերուն: Մենք՝ պահանջատէր հայերս, ուր ալ գտնուինք, սփիւռքի մէջ կամ հայրենիքի, անհրաժեշտ է, որ գնահատենք եւ արձագանգենք Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք ալ Ղանեմի նման՝ իրաւազուրկ ժողովուրդներու իրաւունքներու զօրավիգ անձնաւորութիւններու ձայնը:
Մենք՝ հայերս, ուր ալ գտնուինք, մեր դատին համար, մեր գտնուած գաղութներուն մէջ Մարզուք ալ Ղանէմի եւ Քուէյթի ժողովուրդին նման արդարութեան կառչած, իրաւունքներու պաշտպան անհատներու, ժողովուրդներու, կազմակերպութիւններու աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը ունինք: Մէկ խօսքով՝ աշխատանք պէտք է տանինք մանաւանդ օտարին ծանօթացնելու մեր դատը, բազմապատկելու մեր դատին պաշտպանները: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւն է օտարները իրազեկ դարձնել մեր դատին, պահանջատիրական պայքարին: Այս բոլորը վստահաբար պիտի ըլլայ աշխատանքով, նուիրումով, Կիրակոս Գույումճեանի նման ազգայիններու անաչառ գրիչով: Անհատ մը, նստած Քուէյթի մէջ, կը տագնապի հայ, արաբ իրաւազուրկ ժողովուրդներու ճակատագիրով: Կ'ապրի անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ: Այսօր կը սքանչանայ Մարզուք ալ Ղանէմի հերոսութեամբ, երէկ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէր հայրենասէր Նեժի Ալին: Օտար ընթերցողներուն կը ծանօթացնէ հայ ժողովուրդը իր պատմութեամբ եւ մշակոյթով, իր ցաւերով եւ երազներով, իր երէկով եւ ապագայով:
Բազմաթիւ հայ եւ արաբ մտաւորականներ, քաղաքական դէմքեր, հեղինակներ հեռատեսիլէն հետեւեցան Մարզուք ալ Ղանեմի ելոյթին, բայց քանինե՞ր արդեօք շարժեցին իրենց գրիչը: Որու՞ կը ծառայէ այս լռութիւնը եւ անտարբերութիւնը, եթէ ոչ՝ թշնամիին:
Զրուցեց ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ