Վիլյամ Սարոյանն ու Գևորգ Աճեմյանը, Աթենք / Լուսանկարը` ՀԺՇ Երևանի գրասենյակ
Ասկէ ճիշտ երկու տարի առաջ՝ 27 Յունուար 1973-ին, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ ալեւոր հայ մը կէս դարու դառնութիւնը արտայայտեց աշխարհի մը, որ վաղուց մոռցած էր իր ժողովուրդը:
Լրագրական գործակալութիւններ անմիջապէս հաղթրդեցին լուրը, միջազգային մամուլը արձագանքեց, մինչեւ հայութիւնը զարմացաւ:
Եղեռնէն յիսունութ տարի ետք՝ տարօրինակ, ապշեցուցիչ դառնութիւն էր աիսկա: Տարօրինակ էր մանաւանդ զայն արտայայտելու եղանակը:
Լսուա՞ծ բան էր: Ըլլալի՞ք բան էր:
Այս ի՞նչ դառնութիւն էր, ի ́նչ խենթութիւն:
Այո, հայութիւնը՝ իր բազմահարիւր դպրոցներով եւ եկեղեցիներով երեք կամ չորս կուսակցութիւններով, բազմաթիւ կազմակերպութիւններով, հարստութեամբ եւ կենսունակութեամբ զարմացաւ:
Ի ́նչ կուզէր այս մարդը իրենցմէ: Ինչո՞ւ կը խանգարէր իրենց հանգիստն ու կազմակերպուած կեանքը: Ո՞վ էր: Ո՞վ արտօնութիւն տուած էր իրեն բողոքելու: Եւ այդ ալ՝ այս կերպով: Բողոքելու ի ̄նչ ձեւ էր:
Ըլլալի՞ք բան էր: Լսուա՞ծ բան էր:
Եւ՝ խելագար կոչեցին զինք: Անհաւասարակշիռ: Անպատասխանատու:
Թերեւս խելագարած էր մարդը, այո: Բայց անպատասխանատո՞ւ: Երբե ́ք: Եւ ինչպէ՞ս կարելի էր չխելագարիլ: Յիսունութ տարի դիզեցնել այդ ցաւը, տառապանքը եւ ականատես ըլլալ աշխարհին եւ իր իսկ ժողովուրդին անտարբերութեան: Ինչպէ ̄ս չխելագարիլ:
Բայց իրեն սերնդակից հայեր ճանչցած ենք մենք, որոնք չեն կրցած ժպտիլ եղեռնէն ետք: Չե ́ն ժպտած:
Ինչո՞ւ կը զարմանանք ուրեմն: Ինչո՞ւ կը մեղադրենք: Եւ մանաւանդ՝ ինչո՞ւ չենք փորձեր հասկնալ այս մարդիկը, զգալ անոնց հետ, մտնել անոնց աշխարհէն ներս եւ ապրիլ իրենց սարսափը: Մերը չեղա ́ւ անոնց ցաւը: Հեգնեցինք նոյնիսկ: Ծիծաղեցանք: Մենք մեր հայրերը չէինք վերջապէս: Կոտորածի եւ տարագրութեան գեհենէն անցնողները մենք չէինք: Ականատես չէինք եղած մեր մայրերուն, քոյրերուն ու սիրելիներուն սպանութեան:
Բայց այս մարդոց մայրերն ու քոյրերը, եղբայրներն ու սիրելիները ջարդած էին օր մը տեղ մը-զարմանալի աշխարհի մը մէջ:
Զարմանալի աշխարհ, զարմանալի՜ աշխարհ, ուր ինչե՜ր կը պատահին:
Բայց մարդ ենք վերջապէս: Ու որպէս մարդ՝ ի ́նչ պիտի զգայինք մենք այսօր, եթէ նուազագոյն չարիքն իսկ հասնէր մեր սիրելիներուն կամ զաակներուն: Ի ́նչ պիտի զգային մեր բոլոր այն ղեկավարները, որոնք, բազմաթոռներու մէջ ընկողմանած, ժողովուրդ եւ պատմութիւն կը դատեն կամ կառաջնորդեն:
Եթէ միայն ենթադրելու համար պահ մը միայն իրենց զաւակներուն պատահէր նոյնը:
Երկու տարի առաջ էր:
Եւ մարդը՝ Գուրգէն Եանիկեան, որպէս հասարակ ոճրագործ դատուելէ ետք, բանտին մէջ իսկ կը շարունակէ իր պայքարը այսօր: Չէ յուսահատած: Չէ պարտուած՝ հակառակ իր իսկ ազգակիցներու ուրացումին:
Եւ իսկապես՝ զարմանալի, զարմանալի՜ աշխարհ: Երկու թիւրք սպաննելուն համար կը բանտարկեն զինք, կը դատեն ու կը մեղադրեն: Ու բնականաբար Եանիկեան, իր կարգին, բնաւ պիտի չկարենար ըմբռնել այս զարմանալի վախճանը: Զարմանալի՝ նախ որովհետեւ թիւրք ցեղը անպարտ արձակուած է մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդելէ ետք, իսկ ինք դատապարտուած՝ միայն երկու թիւրք սպաննելուն համար: Ու շատ աւելի զարմանալի, որովհետեւ հայը նույնպէս-կամ կարգ մը հայեր կը դատապարտէ զինք:
Բանտարկեալ մըն է ան այսօր: Առանձին: Լքուած: Անտեսուած: Ուրացուած:
Ինչո՞ւ: Բայց ինչո՞ւ:
Որո՞ւ համար ան գործեց այս արարքը: Ու եթէ նոյնիսկ խելագար մըն էր այս մարդը
կամ խելագարած էր այդ միջոցին՝ ո՞վ է յանցաւոր: Ո՞վ պատասխանատու: Ո՞վ հասցուց զինք այդ վիճակին, եթէ ոչ իր ժողովուրդը, որու համար գործեց միայն:
Այո, գործեց անհատապէս, առանձին, որպէս լոկ հայ անհատ: Ու կրնանք մենք եւս չբաժանել իր տեսակէտը, բայց ի ́ր տեսակէտն է: Իւրաքանչիւր անհատ սեփական համոզում ունենալու իրաւունք ունի: Ինչո՞ւ մեզի արտոնուած է տեսակէտ ունենալ, իսկ իրեն՝ ոչ: Մենք մեր համոզումներուն հաւատարիմ սպասարկումները չե՞նք մնար: Ո ́ր մարդը կամ ո՞ր հայը այս պարագային իրեն յատուկ մտածողութիւն չունի: Մանաւանդ շրջանի մը, երբ անիշխանութիւնը սկզբունքի վերածուած է համայն աշխարհի մէջ:
Աշխարհը իր մեծ ու փոքր պետութիւններով դաւած է ու կը շարունակէ դաւել մեզի դէմ։ Բայց մե ́նք եւս: Ո՞վ է Եանիկեան վերջապէս: Իր անձը չէ, որ կը հետաքրքրէ մեզ: Ան անձ մը չէ մեզի համար, այլ գաղափարի մը խորհրդանիշը, որ պարագայական կերպով կառնչուի իրեն՝ պարզ այն պատճառով, որ ինք գործած է այս արարքը: Կրնար ուրիշ մը ըլլալ: Նոյնը պիտի ըլլար պարագան:
Եւ հետեւաբար, երբ կուրանանք զինք ու կը հակադրուինք իրեն, իրականութեան մէջ ուրացած կըլլանք հարցին էութիւնը ու կը հակադրուինք մենք մեզի:
Այսինքն՝ կը դաւենք հայութեան դէմ:
Որովհետեւ հոն՝ հեռաւոր Ամերիկայի աննշան եւ մեզի անծանոթ բանտերէն մէկուն մէջ, բանտարկուած հայը՝ Գուրգէն Եանիկեանը ըլլալով հանդերձ, մենք կամակատար կերպով բանտարկած ենք նաեւ մեր բոլոր տենչերն ու իտէալները: Նոյն բանտին մէջ: Անկախ իրմէ եւ իր գոյութենէն:
Իսկական բանտարկեալը հայն է՝ իր բոլոր երազներով: Բանտարկած ենք մեր բողոքելու եւ ըմբոստանալու իրաւունքը, բանտարկած ենք մարդ ըլլալու, մարդոց մէջ հաւասար մարդ ըլլալու մեր իրաւունքը:
Բայց չենք խղճահարիր: Չենք ամչնար: Մեր խիղճը չի տանջեր մեզ: Անքուն գիշերներ չենք անցըներ: Ընդհակառակըն՝ աւելի եւս կը մխրճուինք քունի մէջ, որպէսզի թաղենք, մոռնա ́նք մեզի ուղղուած անարգանքը, զոր ընդունած ենք առանց առարկութեան: Իւրացուցած ենք զայն:
Մեղսակից ենք, ընդունի ́նք:
Եանիկեանը չէ, որ կուրանանք, այլ մենք զմեզ: Մեր իրաւունքները: Երկիրը, անցեալը, պատմութիւնը: Ապագան:
Եանիկեանը մարդ մըն է ի վերջոյ պարզ, պատահական, թերեւս խելագար կամ խելագարած հայ մը: Եւ որպէս այդպիսին՝ ոչինչ կը ներկայացնէ: Ինչպէս ոչինչ կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր հայ անհատ:
Բայց հայութի՞ւնը:
Եթէ կրնաք, մի ́ խելագարիք:
Գէորգ Աճեմեան
«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, ԺԷ տարի, թիւ 3, 26.01.1975 թ․