Լուսանկարում՝ Գևորգ Աճեմյան, Գուրգեն Յանիկյան, Լևոն Երկաթյան / Լուսանկարը «Ժամ»-ին տրամադրել է Արմեն Երկաթյանը, այն հրապարակվում է առաջին անգամ
Եանիկեանի պաշտպանութեան գործին մէջ պատուաւոր դուրս չկրցանք գալ, ամէնէն առաջ՝ Ամերիկայի Հայութիւնը, որ սովորաբար իրեն բաժին ինկած բոլոր գործերուն մէջ միշտ առաւելագոյն յաջողութիւնը կարձանագրէր: Հրանդ Սիմոնեանի նամակները այդպէս կը վկայեն աւաղ:
Հայ ժողովուրդին աննահանջելի պարտականութիւնն էր պաշտպանել Եանիկեանը, վասնզի ծերունազարդ հերոսը յանուն իր ժողովուրդին գործած էր արարքը, որ Հայ Դատի լուծման ճանապարհին նոր ձեւ մըն էր, ճշմարի ́տ նորարարութիւն, որ շքեղ խօսքերու փրփուրին փոխարէն մեր հեղուկ մտածումներուն մէջ կը խառնէր մետաղի փոշի, առաջին փոշիները:
Անհատական ոճին մեծ հաւատացողներէն չենք եղած, ինչպէս Գ. Եանիկեանի արարքին վաղորդայնին յայտնած ենք այս էջերէն, բայց չենք կրնար առաւելագոյն չափով չպաշտպանել մէկը, որ յանուն հայ ժողովուրդին գործեց իր արարքը, ամէնէն անձնուրաց, անշահախնդիր եւ տեսլապաշտ ոգիով:
Յետոյ, անհատական այս ոճը, ինչպէս յետագայ օրերը ցոյց տուին, Հայ Դատի հետապնդման գործը դրաւ աւելի կենսունակ, աւելի իրատես եւ աւելի գործարար ճանապարհի մը վրայ: Մանաւանդ ցոյց տուաւ ճշմարիտ տեղը, ուրկէ պէտք է նետել կամուրջ՝ խօսքի եւ գործի միջեւ: Եանիկեանի արարքը Հայ Դատին գործը հանեց իր հանքէն, մաքրեց փոշիներէն ու այլ խառնուրդներէն:
Պէ ́տք է պաշտպանել Գուրգէն Եանիկեանը:
Եանիկեանի արարքը չի սկսիր այն օրը, երբ ահաբեկումի ենթարկեց երկու թիւրք պաշտօնատարներ, այլ դատարանին մէջ, ամերիկեան դատարանին մէջ ուր պէտք է աճի ու բարգաւաճի եւ լսելի դառնայ միջազգային ականջներուն:
Սանթա Պարպարայի Ամերիկեան դատարանը պէտք է վերածուի համալսարանի մը պատմութեան ամբիոնին՝ ամերիկեան դատարանին մէջ, ուր պէտքէ աճի ու բարգաւաճի եւ լսելի դառնայ միջազգային ականջներուն:
Սանթա Պարպարայի Ամերիկեան դատարանը պէտք է վերածուի համալսարանի մը պատմութեան ամբիոնին՝ ամերիկեան եւ այլ ժողովուրդներուն դասախօսելու թիւրքին կատարած ցեղասպանութիւնը եւ այլ բաներ, զորս մենք մեզի կը մենախօսենք:
Մե ́ծ ամօթ մը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին, եթէ դատարանին մէջ անփառունակ վախճան մը եւ ելք մը ունենայ Եանիկեան:
Պարտուողը մե ́նք պիտի ըլլանք, հա ́յ ժողովուրդը, խօսքերու եւ զգայուն արտայայտութիւններու մեր երազախաբութեան մէջ:
Սողոմոն Թեհլիրեանի գործը շքեղ յաղթանակ դարձաւ որքան Թալէաթի դիտապաստ ինկած օրը, նոյնքան գերմանական դատարանին մէջ երբ ցեղասպան թիւրքին կարելի եղաւ հագցնել իր բռնաշապիկը եւ զայն գլխիկոր Ստամպոլ վերադարձնել:
Սանթա Պարպարայի բանտին ու դատարանին մէջ մինակ պէտք չէ թողուլ Եանիկեանը, մինակ մնալու եւ մինակ գործելու այս մեծ ու ծերունի սիրահարը, որ, ինչպէս գիտենք եւ ինչպէս կը վկայեն լուրերը, կուզէ մինակ մնալ, իր անհատական ոճով, արհամարհելով փաստաբաններն ու հանգանակուած գումարները:
Ի՞նչ կը նշանակէ Եանիկեան պաշտպանելու համար ի խորոց սրտի նուիրուբերուած գումարները վերադարձնել, փաստաբաններու տեսակին համար տարակարծիք ըլլալ եւ այլ մանր-մունր բաներու համար կազմալոյծ ու անդամալոյծ ըլլալ:
Իր արարքին ատեն մինակ՝ երկու թիւրքերու դէմ, որ ցեղասպաններու արիւնէն գնդիկներ ունէին իրենց երակներուն մէջ, պիտի մնայ նաեւ մինա՞կ դատարանի առջեւ՝ թիւրք պետութեան գաղտնի տրամադրած վարկերով գօտեպնդուած փաստաբաններու եւ այլ մարդոց բազմութեան առջեւ:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք սրբազան գործերու պահուն պառակտուած մնալ:
Ափսո՜ս, մեծ պահերու կրակը չի կրնար հալեցնել մեր տկարութիւնները եւ չի զօդեր մեր ճեղքերը:
Ամերիկեան դատարանին առջեւ պարտուողը Եանիկեանը պիտի չըլլայ, այլ մեր ժողովուրդը, մեր Նահատակները...
Գէորգ Աճեմեան
«Սփիւռք» շաբաթաթերթ, ԺԷ տարի, թիւ 2, 21.01.1975 թ․