Հերոս Գուրգեն Յանիկյանը, «Չինո» բանտ, Լոս Անջելես, 1975 թ․
Ապրիլի 29-ին ԱՍԱԼԱ-ի հոգեհայր, Հայ ազգային ազատագրական պայքարի հերոս, գրող, ճարտարագետ Գուրգեն Յանիկյանի աճյունատուփը ԱՄՆ-ից փոխադրվեց Երևան:
Հերոսի մասունքների հուղարկավորությունը տեղի կունենա կիրակի՝ մայիսի 5-ին, ժամը 15։00-ին, Եռաբլուրում` ԱՍԱԼԱ-ի պանթեոնում, որտեղ դեռ 2000 թվականից առկա է նրա խորհրդանշական տապանաքարը:
Մանրամասները պարզելու համար Աննա Գիվարգիզյանին հաջողվեց բացառիկ հարցազրույց ունենալ Յանիկյանի հավատարիմ ընկերոջ` Լևոն Երկաթի որդու, Արմեն Երկաթի հետ:
Գուրգեն Յանիկյանն Արմեն Երկաթի կնքահայրն է:
Արմեն Երկաթը Յանիկյանի և Լևոն Երկաթի հետ, «Չինո» բանտ, Լոս Անջելես, 1976 թ․
ամենահավատարիմ զինվորը:
— Այո՛, Լեւոն Երկաթը:
— Այո՛, այո՛, այո՛:
Լևոն Երկաթը բանտում ձայնագում է Գուրգեն Յանիկյանի պատգամը, 1976 թ․
— Այո՛, շնորհակալ եմ: Մեծ ուրախութեամբ կը պատմեմ գիտցածս:
— Այո՛, այո՛: Գրեթէ 15 տարի առաջ գացի գերեզմանոց, ուր կը յիշեմ, որ պարոն Գուրգէն Եանիկեանի թաղումը եղաւ: Գացի, փնտռեցի: Ըսին, թէ այդ գերեզմանոցին մէջ Գուրգէն Եանիկեան անուն չկայ: Տարբեր գերեզմանոցներ գացեր եմ փնտռելու… Պարզվեց մէկը լուր չունի, անունն ալ չկայ: Ես ալ զարմացայ…
Երբ իմացայ, թէ պարոն Եանիկեանին գերեզմանը որեւէ տեղ չկայ, այդ օրէն ի վեր սկսայ փնտռելու: Ինծի համար խելքին պառկելիք չէր, ինչպէ՞ս թէ մեր հերոս Գուրգէն Եանիկեանին գերեզմանը չկայ:
Տարիներ անցան, Գալիֆոռնիայի մէջ քանի մը տեղ փնտռեցի: Ապարդիւն: Յոյս ալ չկար գտնելու… Հայրիկիս օգնած եւ մտերիմ քանի մը ընկերներէ որոշ տեղեկութիւններ քաղեցի, թէ ո՞ւր կրնար ըլլալ մեր հերոս Գուրգէն Եանիկեանին աճիւնը:
— Երեսունվեց տարեկան էի:
— Պզտիկ էի, եւ կը յիշեմ՝ այդ թաղման օրը ողորմած հայրիկիս հետ գացեր եմ: Թաղումը եղաւ Լոս Անճելըսի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանոցին մէջ՝ 1984 թուականին: Ես 16 տարեկան էի:
Նկար մը կայ. հայրիկս Եանիկեանի դագաղին քովը կանգներ է, իր վերջին տուրքը կու տայ պարոն Եանիկեանին։ Այդպիսի օր մըն էր։ Ատկէ վերջ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղաւ մարմինը: Ինչպէս ըսի, կը կարծէի, թէ Լոս Անճելըսի գերեզմանատուներէն մէկուն մէջ թաղուած է, բայց հոն չէր:
Ասկէ գրեթէ 15 տարի առաջ երբ գացինք գերեզմանը տեսնելու, այն ատեն տեղեկացայ, որ մեր հերոս Եանիկեանին մարմինը չկայ, գերեզմանը չկայ… Ըսին, որ իր աճիւնը կայ: Ատոր վրայ է որ սկսայ փնտռտուքը:
Գիտեմ ինչպէս ողորմած հայրիկս աշխատեցաւ պարոն Եանիկեանին համար սկիզբէն մինչեւ վերջ եւ ինչպէս չարչարուեցաւ… Անշուշտ լսած էք:
Միտքս դրած էի, որ պարոն Եանիկեանի մարմինին ինչ եղած ըլլալը անպայման պիտի իմանամ՝ ի յիշատակ հայրիկիս, անշուշտ՝ նաեւ մեր հերոս Գուրգէն Եանիկեանի յիշատակին համար։
Եւ ահա՛ ինքը զիս գտաւ։
Գուրգեն Յանիկյանի աճյունատուփը, 2019 թ․
— Ասկէ երկու ամիս առաջ, մարտին էր, տարիքով տիկին մը ինծի հեռաձայն ըրաւ։ Տիկինը անգլերէն կը խօսէր, հայերէն չէր գիտեր։ Հարցուց՝ ասիկա Արմէն Երկաթեա՞նն է, Լեւոն Երկաթեանին զաւա՞կն ես։ Ի՞նչ ըսեմ, շատ յուզուեցայ:
Չհասկցայ թէ ո՞վ է, բայց ան ըսաւ. «Անմիջապէս քովս պիտի գաս, պիտի խօսինք պարոն Եանիկեանին մասին»։ Ուրախութենէս յուզուեցայ եւ մարմինս փուշ-փուշ եղաւ։
Այդքան տեղեր գացեր եմ, փնտռեր եմ այս տիկնոջը, ով հաւանաբար նիւթեր ունէր Եանիկեանին մասին: Ծերանոց գացեր էի, ըսեր էին. «Ան հոս չէ, մահացած է», մէկ ուրիշ ծերանոցի մէջ ըսեր էին, թէ տարբեր տեղ փոխադրուած է…
Ինչպէս ըսի, ան երկու ամիս առաջ ինքը հեռաձայն ըրաւ ինծի։ Այս տիկինը
բաւական տարիքով անձ մըն էր:
— Քանի մը օր ետք հանդիպեցայ այս տիկնոջ, քանի մը օր քովը գացի-եկայ… Խօսեցանք, հին օրերը յիշեցինք… Ան խնդրեց, որ իր լրիվ անունը չտանք, որ ինքը խնդիրներ չ’ուզեր ունենալ, հարցազրոյց չ’ուզեր տալ, նոյնիսկ չ’ուզեր, որ մէկը իր տունը գայ… Ան Եանիկեանի փաստաբան Հերի Եումենի տիկինն է:
— Այո՛, եկաւ Հայաստան։ Ինծի հեռաձայն ըրաւ, որ գամ աճիւնը տեսնեմ եւ վստահ ըլլամ, որ ան Հայաստան պիտի հասնի։ Ինքը Հայաստանի մէջ քանի մը անձերու հետ խօսած է, բայց վստահութիւն չ’ուներ մէկու մը վրայ։ Ինծի հեռաձայն ըրաւ որպէս Լեւոն Երկաթեանի որդի։ Լեւոն Երկաթը Հայկական Ժողովրդային Շարժումի Ամերիկայի ղեկավարն էր եւ Եանիկեանի թաղման կազմակերպիչը: Այս տիկինը զիս պզտիկութենէս կը յիշէր։ Ես իրեն օգնեցի, թէ որո՛ւ հետ պիտի խօսինք Հայաստանի մէջ։ Ինքը պնդեց նաև, որ Հայաստանի ազգային արխիվ պէտք է յանձնենք շատ բաներ։ Ես ալ ըսի, որ կ’օգնեմ։
— Ողորմած հայրս, երբ դեռ ողջ էր, ուզեր էր աճիւնը, բայց չէր ստացած:
Փաստաբան Հերի Եումենը եւ անոր տիկինը շատոնց գիտէին պարոն Եանիկեանը, 27 Յունուար 1973-ի դէպքէն առաջ։ Ընտանիքով բարեկամ էին։ Այդ ձեւով իրենց համար յիշատակ էր պարոն Եանիկեանին աճիւնը: Տիկինը քովը պահած էր ոչ միայն աճիւնը, այլեւ անոր հետ կապուած անհրաժեշտ քննութիւններու փաստաթուղթերը, նաեւ՝ շատ նկարներ:
Առաջին անգամ երբ հեռաձայնեց, ըսաւ, թէ 6 ամիս զիս փնտռած էր։ Շուտով գացի քովը: Խօսեցանք։ Ըսի՝ նախ և առաջ կ’ուզեմ աճիւնը տեսնել։ Տուփը բերաւ: Ըսի՝ կ’ուզեմ բռնել: Ձեռքս առի եւ շատ յուզուեցայ: Հայրիկս յիշեցի, ինչպէ՜ս աշխատեցաւ պարոն Եանիկեանին հետ:
Լևոն Երկաթի և Գուրգեն Յանիկյանի առաջին հանդիպումը, 1973 թ․
— Ամէն Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի Եանիկեանին հետ կ’անցընէինք։ Եանիկյանը կնքահայրս է:
Երբ պարոն Եանիկեանը բանտէն ելաւ՝ ամէն ինչ փաստաբանին տրուած էր։ Հերոս Գուրգէն Եանիկեանը որքան նկարներ ունէր բանտին մէջ, ուրիշ գրութիւններ ալ, որ ես իրեն ուղարկած էի, իմ պզտիկութեան նկարներս եւ ուրիշ բաներ տիկինը քովը պահած էր: Իրեն գրուած նամակներ ալ կային, նկարներ։ Այդ բոլորը ինծի տուաւ։
Պարոն Եանիկեանը կտակած էր իր մարմինը այրել, միշտ այդ ուզած էր, բայց կ’ուզէր, որ մոխիրը Հայաստանի մէջ հաստատուի։
— Հարցուցի տիկնոջը՝ ինչո՞ւ այսքան տարի սպասեցիր, ինչու հի՛մա։
Այս տիկինը շատ վախ ունեցած է: Միայն ինծի ըսաւ աճիւնին մասին: Մէկու մը վրայ վստահութիւն չունի։
Քանի մը հոգի իրեն հեռաձայնած են, բայց չէր ուզեր անոնց հետ գործ ունենալ։ Ուստի զիս փնտռած էր եւ ի վերջոյ գտաւ։ Ըսի. «Եթէ անվստահութեան խնդիրը կայ՝ ինծի՛ տուր աճիւնը, ես տանիմ յանձնեմ»։ Ըսաւ. «Չէ՛, ես կ’ընեմ ամէն ինչ, դուն ինծի համար միւս գործերը ըրէ՛, անձնապէս ես կը տանիմ»։ Այդպէս ալ եղաւ։
Տիկինը շատ պատմութիւններ պատմեց հերոս Եանիկեանին մասին. դէպքէն առաջ ինչպէ՞ս կը բնակէր, որո՞նց հետ կը յարաբերէր Սանթա Պարպարայի եւ մեծ Լոս Անճելըսի ուրիշ տեղերու մէջ:
Գուրգեն Յանիկյանի ազատության առաջին րոպեները, աջ կողմում կանգնած են Արմեն Երկաթն ու Լևոն Երկաթը, 1984 թ․
— Կ’ուզեմ գալ, պէտք է որ հոն ըլլամ։ Վաղը լուր կը ստանամ: Եթէ կարելի ըլլայ՝ պիտի գամ:
— Ո՛չ, ինք չ’ուզեր, չ’ուզեր, որ մէկը գիտնայ, թէ ինքը ո՞վ է, ի՞նչ է, ի՞նչ ըրած է…
– Գիտեմ, որ տիկինը պիտի գայ ասուլիսին, սակայն պիտի չմասնակցի, հեռու
պիտի մնայ, որպէսզի մէկը իրեն չմօտենայ, հարցազրոյց չվերցնէ:
Այս էր վիճակը մինչեւ երէկ։
Անշուշտ, լուրը տարածուած է արդէն: Կը յուսամ, որ տիկինը լաւ կ’անցընէ իր ժամանակը Հայաստանի մէջ եւ որեւէ խնդիր չի յառաջանար հետը:
Լևոն Երկաթը Գուրգեն Յանիկյանին նվիրված զրրակցության ցույցի ժամանակ, Լոս Անջելես, 1975 թ․
— Այո՛։ Երբ ձեռքս առի՝ շատ ծանր էր։ Պարոն Եանիկեանը բաւական բարձրահասակ անձ մըն էր… Աճիւնասափորը երբեք բացուած չէր։ Աճիւնասափորին նկարները ունիմ:
— Առանձին ուզեց երթալ, մէկու մը օգնութիւնը չուզեց։ Ըսաւ, որ մեկնելէ առաջ ինծի կը հեռաձայնէ։ Լաւ տիկին մըն է։ Կը հասկանամ իր խնդիրը։ Իմացած էր հայկական շարժումին մասին, ԱՍԱԼԱ-ին մասին։ Իրեն ուրիշ հայեր հեռաձայնած են, որոնք որեւէ յարաբերութիւն չեն ունեցած իրեն կամ Եանիկեանին հետ։ Փորձած են զինք համոզել, որ աճիւնը առնեն, բայց երբեք չտուաւ։ Այդ անձերուն անունները ըսաւ ինծի։ Այդ անձերը լաւ գիտեմ, յատկապէս մէկը, որ հայրիկս ալ շատ չարչարեց։
— Այո՛, հայոց դաւաճաններէն մէկը։
— Այո՛, բայց կուսակցութենէն վռնտեցին զինքը երբ հայրիկս Եանիկեանին հաւատարիմ մնաց:
Լևոն Երկաթն ու իր տիկինը Գուրգեն Յանիկյանի հետ, «Չինո» բանտ, Լոս Անջելես, 1979 թ․
— Մայրս չորս տարի առաջ մահացաւ։ Ռուսահայ էր, Ռուսաստան՝ Վորոնեժ ծնած էր։ Սոնիա Դուրլարեան՝ արմատներով թիֆլիսեցի։ Հայրիկը Այնթապէն էր։ Մօրս հետ հանդիպած են Պոսթոն եւ ամուսացած։ Երբ հայրիկս իմացած է, որ Լոս Անճելըսի մէջ հայկական վարժարան պիտի բացուի, հոս եկանք եւ Մոնթէպելլօ հաստատուեցանք։
— Այո՛: Մանկապարտէզէն մինչեւ դպրոցին վերջը գացի Մեսրոպեան վարժարան։ Հիմա հայրիկիս թոռնիկը նոյն վարժարանը կ’երթայ։
— Այո՛, որդիս՝ Արամ-Լեւոն Երկաթեանը։
— Տասնըհինգ:
— Ո՛չ, ցավոք:
— Հոս ծնած է, այո, հայ է:
— Այո՛, անշո՛ւշտ։ Կը կարդայ, կը գրէ:
— Շատ լաւ գիտէ պատմութիւնը:
Գուրգեն Յանիկյանի Սուրբ Ծննդյան և Նոր տարվա շնորհավորանքն իր սանիկին՝ Արմեն Երկաթին
— Սիրով, նաև շատ թանկ հիշատակ մը ունիմ: Գուրգէն Եանիկեանի թաղման օրը, 1984-ին, մարմինը Եռագոյնով ծածկուած էր։ Այդ դրօշակը ինծի տուած են։ Վրան գրուած է՝ Գուրգէն Եանիկեան։
Արմեն Երկաթը, 2018 թ․
Զրուցեց Աննա Գիվարգիզյանը, Հայաստան – ԱՄՆ, 1 մայիսի 2019 թ․։ Հարցազրույցում տեղ գտած լուսանկարները հրապարակվում են առաջին անգամ, տարածելուց ակտիվ հղումը պարտադիր է: