Ինքնութեան արմատներու որոնումով
Загрузка
X


Ինքնութեան արմատներու որոնումով

Печатное слово / 08.02.2018

Փիթըր Պալաքեանի«Ճակատագրի սեւ շունը» անուն գիրքը բազմոցիս կողքի սեղանիկին վրայ է: Չ'ուզեր շարժիլ իր տեղէն: Չ'ուզեր տեղաւորուիլ գրադարանիս այլ գիրքերուն շարքին: Ամիսներէ ի վեր հոն է: Մի քանի անգամ կարդացած եմ, ուրիշներու ալ փոխ տուած(տարբեր տարիքի), բազկերակնին շօշափած, արեւելահայերէն թարգմանութիւնը բաղդատած ե՛ւ բնագրին հետ, ե՛ւ իմ արեւմտահայերէն թարգմանութեանս հետ: 
Սովորութիւն դարձուցած եմ զայն յաճախ թղթատելը: Պարբերութիւններ կը կարդամ յաճախ՝ ոչ ընտրովի: Ետ-առաջ կը տանիմ, կը փափկեմ գիրքը եւ ան կրկին կը շարունակէ գրաւել իր տեղը, բազմոցիս կողքին, սեղանիկիս վրայ: Եւ ես չեմ հասկնար անոր յամառութիւնը: Վերջերս բարեկամի մը հետ հանդիպումի մը ժամանակ, կը խօսէինք դասաւանդութեան ընթացքին փոխանցման գործընթացի յաջողութեան մասին:
Փոխանցում բառը կայծակնային կերպով զուգորդուեցաւ Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի սեւ շունը» գիրքին հետ:
Որպէս սփիւռքահայ ուսուցիչ եւ լրագրող, յաճախ գիտակցած եմ, թէ մեր աւագները, մեր առաքելութիւնը սահմանած էին«փոխանցում» բանալի հասկացողութեամբ: Սփիւռքահայ ուսուցիչի առաքելութիւնը եղած է նորահաս սերունդին փոխանցել հայեցիութիւն եւ ազգային դաստիարակութիւն:
Փոխանցման հիմնական յենակները կը հանդիսանային պատրաստուած եւ նուիրեալ ուսուցիչները եւ ուսումնական միասնական ծրագիրները: Դեռ մինչեւ այսօր հայեցի ինքնութեան փոխանցման համար կատարուած համագումարներուն եւ նիւթին հետ առընչուած խորհրդակցական տարբեր ժողովներուն վերոյիշեալ երկու գործօններու՝ ուսուցիչ եւ դասագիրք հիմքին վրայ կը տեսնեն փոխանցման յաջողութիւնը:
Իսկ Փիթըր Պալաքեանի«Ճակատագրի սեւ շունը» գիրքին մէջ փոխանցումի գործընթաց չկայ: Հակառակ անոր, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, հայկական շրջապատի բացակայութեան, Փիթըր Պալաքեան կը ստանձնէ հայու ինքնութիւնը: Այդ ինքնութիւնը իր անձնաւորութեան համար առանցքային կը դառնայ, հայու ճակատագիրը, հայեցի ինքնութիւնը ստանձնող սփիւռքահայու մը գրչով կը համամարդկայնանայ:

Փիթըր Պալաքեան, երբեք թելադրուած, կաշկանդիչ հոգիի մը կպցուած ինքնութեան մը«տէրը» չէ: Այլ իր ազատ ընդրութեամբ՝ իր ձեւաւորուած անձնաւորութեան հետ ներդաշնակուող ինքնութեան մը ստանձնողն է: Ստանձնում մը՝ այնքան բնական եւ առողջ, որ նոյն ինքն ակն է ստեղծագործութեան. Բան մը՝ որ նոյնիսկ բարձր կը գնահատուի ամերիկեան գրական աշխարհի մէջ ու ան1997-ին կարժանանայ«Բեն Ալպրանտ»  յիշողութեան մրցանակին, ինչպէս նաեւ Փուլիցերյան մրցանակ2016-ին: 
Եւ այս կը կրկնենք«փոխանցումի» համար սովորական տրամաբանական նկատուած, ծրագրուած եւ հետեւողական կրթական ուսումնական աշխատանքի մը բացակայութեան: Ահա այս«տարօրինակութեամբ» սկսայ բացատրել «Ճակատագրի սեւ շունը» գիրքին եւ իմ միջեւ ստեղծուած այդ ոչ գիտակցական կապը: Այդ տարօրինակութիւնը բացատրելու անհրաժեշտութիւնը զիս կը մղէր, որ ան մնար բազմոցիս կողքին, սեղանիկիս վրայ:

Փիթըր Պալաքեանի գիրքը դասական ինքնակենսագրութիւն մը չէ: Յիշողութեան իրեն հաստատուած երեւոյթներու վրայ հիմնուելով, անոնց իրարու հետ տրամաբանական պատճառ-հետեւանք ագուցումով չէ որ կը կատարէ իր հայեցի ինքնութեան կերտումը: Ան իր կեանքը կը ներկայացնէ ամբողջութեան մէջ: Իր միտումն է զինք շրջապատող ամբողջութիւնը առանց դատումի ներկայացնել: Երբեմն նոյնիսկ աւելորդ թուացող մանրամասնութիւնները իր գրական արարքի ծրագրին անբաժանելի մասնիկներն են. Այնպէս ինչպէս կրկին «Հայ հրեայ մը արուարձանին մէջ» գլուխին մէջ ան նշած է.
«Կիրակի օրերը կը թուէր, թէ մենք առաւել եւս Հայ էինք: Հարազատներու որոշ ընտրանին՝ մեծմայրս, մօրաքոյրներս, զարմիկներս, հօրեղբայրներս, միշտ ներկայ պէտք է ըլլային: Կիրակի օրերը կը դիտէի ընտանիքս այնպէս՝ ինչպէս թատերախաղ մը: Մայրս կ'անցընէր«պէօրէկ»ներու ափսէն. Կծու պանիրով ու ազատքեղով լեցուած«ֆիլօ» եռանկիւն խմորեղէններ: Կլատիս մօրաքոյրս կը փոխանցէր սառը՝ խորունկ ամանով, որուն մէջ կը ծփային սեւ ձիթապտուղներ ու վարդաձեւ բողկեր: բոլորը նստած կ'ըլլային կտաւէ աթոռներուն ու երկար բազմոցներուն վրայ»:
Փիթըր Պալաքեանի գիրքը դասական ինքնակենսագրութիւն մը չէ, այլ իր ընտանիքին պատմութեան ընդմէջէն ան կը ստեղծէXX դարու առաջին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրաշալի գործ մը, որ յուշագրութենէն դանդաղօրէն կը վերածուի թուրքերու կողմէ սանձազերծուած՝ Հայերու Ցեղասպանութեան պատմութեան:
Ինք անշուշտ չբաւարարուեցաւ միայն«Ճակատագրի սեւ շունը» գիրքով, այլ իր առաքելութիւնը շարունակեց ու այնքան խոր ապրումներով անցաւ վաւերագրական արձակին՝ ստեղծագործելով«Այրուող Տիգրիսը», որ 2005-ին արժանացաւ«Ռաֆայէլ Լեմքին» մրցանակին, որպէս երկու տարուայ վրայ երկարող ուսանողական լաւագոյն գիրք, ուր լրջօրէն ուսումնասիրուած են՝ Ցեղասպանութիւն, Զանգուածային սպանդ, Ամբողջական մարդկային իրաւունքներու սրբապղծում, Կ'անխարգիլում ոճիրներու:

Պայծիկ Գալայճեան, Պեյրութ