Սեպուհ Աբգարեան․ հայկական մշակոյթին ու արուեստի տեսութեան ամբողջանուէր առաքեալը
Загрузка
X


Սեպուհ Աբգարեան․ հայկական մշակոյթին ու արուեստի տեսութեան ամբողջանուէր առաքեալը

Восьмая нота / 05.08.2016

Զրոյց մանկավարժ-արուեստագէտ դաստիարակիս՝ Սեպուհ Աբգարեանի հետ  

Օրօրոցիս բարձին տակ հունտեր դրիր,

Ու ես զանոնք ցանեցի

Եւ ահա՛ հունձքն՝ երկու ափիս մէջ պարփակ...

Վահան Թէքէեան

— Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք 1945-1951 շրջանին՝ երբ Մ. Կ. Հ.-էն ներս ձեր ունեցած ուսանողական քայլերը կ’առնէիք խիզախօրէն, արդեօք կը պատկերացնէի՞ք, թէ պիտի ըլլայ օր մը, որ Դուք ձեր ուսանողներուն համար պիտի ըլլաք ռահվիրայ ուսուցիչ մը։

— Երջանկութեան հետապնդումը անյեղլի իրաւունքներէն մէկն է, որով Արարիչը օժտած է բոլոր մարդիկը։ Երջանկութեան հետապնդումը այսօր, եւ շատ յաճախ, հետապնդումն է արուեստներու։

Իմ վերջին տարիները Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս, որպէս սան վարժապետանոցի բաժնին՝ եղած է կրկնակի աչքառու եւ արդիւնաւէտ այն պատճառով, որ հայ մեծ մանկավարժ եւ լուսատու մշակ Պրն. Պօղոս Գէորգեան, իր նախաձեռնութեամբ եւ կարգադրութեամբ, իր սանին վստահած էր Հաստատութեան նկարչութեան դասերը՝ ուսուցիչի բացակայութեան, օգտուելով անոր նկարչական կարողութենէն։ Թէ՛ աշակերտ եւ թէ՛ դասաւանդ միանգամայն, Աբգարեան գոհացուցիչ կերպով ի սպաս դրած էր իր ձիրքերը եւ այդ կերպ արժանացած՝ ուսումնական տարւոյն վերջաւորութեան ուսուցչական եւ տնօրէնութեան միաձայն որոշումին զինք ղրկելու համար Փարիզ՝ որպէս Իւզպաշեան սան, կատարելագործուելու արուեստի երեք ճիւղերու մէջ։

Ահա թէ ինչպէս ուսուցչական ասպարէզը վերջնականապէս հիմնաւորուեցաւ միտքիս եւ հոգիիս խորքը, որուն համար բախտաւոր եւ երախտապարտ կը համարեմ ինքզինքս։ 

Հետեւելով իր ուսուցիչի մանկավարժական օրինակին, Պրն. Աբգարեան եւս, իր բացակայութեան, յատկապէս կրտսերներու փորձերը կը վստահէր իր սանին՝ Եգիպտոսէն Հայկ Սարգիսեանին։ Հայկը աւարտելէ ետք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, կը մեկնի Հայաստան, հետեւելու երաժշտագիտութեան բարձրագոյն կրթութեան: Որպէս հմուտ խմբավար, վերադառնալէ ետք Եգիպտոս, կը ղեկավարէ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ «Կռունկ» եւ «Գուսան» երգչախումբերը: Ապա կը հրաւիրուի Փարիզ՝ ստանձնելու համար «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին խմբավարութիւնը։ Հայկ Սարգիսեան այժմ տնօրէնն է Փարիզի «Դպրոցասէր» վարժարանին։

Պարոն Աբգարեան լաւապէս գիտէր իր հունտերը ցանել պարարտ հողի մէջ: Եւ այդ հողի ընդերքէն ծնունդ առաւ նաեւ այլ արուեստագէտ մը, որ բացի դերասան ու բեմադրիչ ըլլալէ, նաեւ թատրոնի ու երաժշտութեան հմուտ տեսաբան է: Ան մասնագիտացած է Օսմանեան Կայսրութեան 19-րդ դարու հայ օփերայի եւ թատրոնի պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ եւ յաճախ դասախօսութիւններով հանդէս կու գայ Եւրոպայի եւ Ա. Մ. Ն.ի-ի մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր համալսարաններու մէջ:

Մելգոնեանցի Ժիրայր Բաբազեանի տաղանդը ժայթքեցաւ համաշխարհային բեմահարթակներու վրայ երբ ներկայացուց եւ ցուցադրեց Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերան անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով, իր իսկ թարգմանութեամբ եւ գլխաւոր դերի հրաշալի կատարմամբ:

Բաբազեանի ցանկութիւնն է Չուխաճեանի մեծութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար բեմ բարձրացնել նաեւ «Արշակ Երկրորդ» օփերան՝ օտար լեզուներով:

— Վերջին հաշուեյարդարին մեծապէս հաւատք կ’ընծայէիք, եւ մեզ ալ կը դաստիարակէիք արժեւորելու իւրաքանչիւր շնորհք, որ կ’ընձեռնուի մեզ։

— Յուզումնախառն եւ ներքին խռովքներով կը կիսեմ այս հաստատումները՝ յուշերու ալեաց ուժգնութեամբ։ Իմ կարգիս ես ալ հասայ այն հանգրուանին, ուր շատեր կը հասնին, ոմանք սակայն անբախտ կը մնան։ Յետադարձ ակնարկը կը հրճուեցնէ հոգիս, երբ անցեալի տուայտանքներս այսօր զիս կը բերեն երջանկութեան այս խորհուրդին։  Ինքզինքս կը զգամ այնքան հարուստ ձեզմով։

Այս պահուս, երբ արդէն վերջ տուած եմ ուսուցչական ասպարէզին առանց նիւթական հարստութիւն ունենալու, կանգ կ’առնեմ պահ մը՝ հոգեւոր հաշուեկշիռը կատարելու Մելգոնեանի տարիներուս։ Աչք կը նետեմ հոն կուտակուած ելքերուն վրայ եւ կը գտնեմ, թէ վեր է մարդկային հասարակաց կշիռէն, բարձր շուկայիկ ընկալեալ արժէքներէն, անհասանելի թանձրացեալ հաշիւներու գերիներու մակարդակէն. ուրեմն, հարստացած կը գտնեմ ինքզինքս, հարստութեամբ մը, որ բացատրելի չէ տնտեսական օրէնքներով։

Կ’ըսէք, թէ հարստացուցած եմ ձեզ վսեմ գաղափարներով, անյիշաչար ոգիով, մարդկային զգացումներով, ընկերային վեհ ըմբռնումներով եւ ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ։ Արդարեւ, դո՛ւք էք, որ հարստացուցած էք դուք զձեզ չարաչար աշխատութեամբ, գեղեցիկին որոնման, բարիին ճշդորոշումին անսպառ կորովով, արուեստի ճաշակով: Այդ աննիւթական հարստութեան մաս կը կազմեն նուաճումները մեր գրականութեան, առանձնայատկութիւնները մեր երգ-երաժշտութեան, ինքնուրոյնութիւնը մեր ճարտարապետութեան, շքեղութիւնը մեր վրձինին։ 

— Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի կեանքին ու հոգիին մէջ՝ Պրն. Աբգարեան մը կայ քանդակուած ու անթեղուած։ Ի՞նչ կը փոխանցեն այս բիւրեղացած զգացումները Պրն. Աբգարեանին։

— Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հպարտ զգալով հանդերձ ձեր վերելքին համար, կը զգամ, որ տուածս քիչ է: Հոգիի աչքերով դիտած՝ գուցէ ոչ ոք ոչինչ գտնէ, կամ գուցէ միայն փոշի եւ միայն բոյր մը տարտամ հով գտնէ ու վայրկեանի մը մէջ թռցնէ դէպի անհուն։

Կ’ուզեմ, որ հպարտ ըլլաք ձեր տաղանդով եւ ջանքով կատարած նուաճումներուն համար եւ կրկնակի հպարտ մեր Հայրենիքին մարտիկներուն հերոսական կեցուածքով, հանճարովը մեր ժողովուրդին, փառքովը մեր պետութեան, բարգաւաճումովը մեր Հայրենիքին։

Երբ ուսուցիչը իր նուիրումը անսակարկ կերպով կ’ընծայաբերէ ի խնդիր աշակերտին ուսումնական, մարմնական եւ հոգեկան վերելքին, եւ երբ աշակերտն ալ, իր կարգին բացարձակ ուսուցիչի առաջնորդութեան, այս սերտ վերաբերումէն յառաջացող մարդակերտումի աշխատանքը իր դրական արդիւնքը կը բազմապատկէ, հասնելով բնական եւ բիւրեղացեալ արտայայտութեան, ի փառս աշակերտ-ուսուցիչ հոգեպինդ համագործակցութեան։

— Դուք որպէս մելգոնեանցի, ինչպէ՞ս կը դրսեւորէք ձեր երախտագիտական զգացումները Մ. Կ. Հ.-ի հանդէպ։

— Մօտաւորապէս կէս դար առաջ Փարիզէն վերադարձայ ոգեղէն ամրոց Մելգոնեան մայր կրթարան՝ երազս մարմնաւորելու։ Երիտասարդական աւիւնս խառնեցի այն ազգաշէն աշխատանքին, որ հոն կը կատարուէր։ Արդարեւ, չեմ սխալած։ Ահա՛ եւ դուք, հարազատնե՛րս, ձեր պայծառ կեցուածքով... արժանիքներով, որոնց ստորոտէն կը նայիմ հիացիկ երջանկութեամբ։ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս նետուած հունտերը միայն անկէ հեռու կարելի կ’ըլլայ մրգաւորուած տեսնել։

— Ուսանողական կեանքէն երբ յիշատակներ կը պատմուին, առաջին հերթին մեր մտապաստառին վրայ կ’ուրուագծուին արտադասարանային ձեռնարկներու թողած յիշատակները։ Ինչպէ՞ս կ’արժեւորուի արտադասարանային ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնը։

— Դասացուցակի սովորամոլ եւ քիչ մըն ալ ձանձրոյթ պատճառող յաճախանքը՝ նիշի եւ կարգափոխութեան ներկայութիւնը Դամոկլեան սուրի պէս կը կախուի իւրաքանչիւր աշակերտի միտքին ու հոգիին վերեւ։ Սարսափ մը կը կրծէ աշակերտին հոգին։ Հարկ է աշակերտը ազատել այս բռնակալ ճիրաններէն։ Այնքան իրական ներգործութիւնը, դարեր առաջ փորձառական հմտութեամբ գիտուն մանկավարժներ դիտած են եւ մեծ աշխատանք տարած են ազատելու համար մարդկային ցեղը իմաստակութեան սովորամոլութենէ։ Արտադասարանային պահերուն՝ աշակերտը ինքն իր ազատ կամքով իր ըղձանքները կը գոհացնէ թէ՛ ժամանակով եւ թէ՛ փորձառական հմտութեամբ։ Ինքն է տէրը եւ հրահանգողը ինքզինքին, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ աւելի արագ եւ հիմնական կը սորվի այն ամէն բանը որ այս աղբիւրէն կը խմէ եւ արդարօրէն անոր յիշատակը թարմ կը մնայ իր կեանքին մէջ՝ առյաւէտ։ Աշակերտներու գրեթէ բոլորին գաղափարով միեւնոյն քաղցր յանկերգը կը լսուի... «Աւելի բան սորված եմ արտադասարանային պահերէն՝ քան սովորական դասապահերէն...»։ Թատրոն, գրականութիւն, գեղարուեստ, երգ-երգչախումբ, ասմունք, խորհրդապատկեր, պարարուեստ եւ այլ ձեռնարկներ, որոնք բոլորն ալ կու գան բնականօրէն մարզերու պատանիին ՁԵՌՆԵՐԷՑՈՒԹԻՒՆԸ, անով կամքը՝ հասնելու համար գեղեցիկին ստեղծման։ Երբ բնականօրէն ստեղծելու իրագործումը աշխատանքի կը կոչուի աշակերտը արդէն իսկ կը կազմէ իր կեանքին առանցքը, արդարօրէն դարբնելով հոգին ու միտքը՝ դիմագրաւելու համար ինքնաբաւ ապրելու կենսունակութիւնը։ Հարկ է, որ դպրոցավարութեան լուրջ հոգը դիմակալողներ կարենան ըմբռնել այս յոյժ կարեւոր հարցը եւ առ այդ ջանան հաւասարակշռել դասապահերն ու արտադասարանային ձեռնարկները, հանգիստ բաւարարութեամբ՝ իրենց դասացուցակներուն վրայ, դպրոցը վերածելով իրաւ ծաղկոցի, ուր պատանիներու հոգիները շնչեն ու ծաղկին բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին արեւներով եւ չխամրին կենսական արեւներու չգոյութենէն։

— Ի՞նչ պիտի պատգամէիք նորահաս սերունդին...

— Սրբազան ցանկութիւն կը մնայ իմ մօտ, ի սէր Մելգոնեանի եւ անոր ուսանողներու յաջորդական սերունդներուն... որեւէ հայկական նիւթ, հայկական աւանդութենէն եկող մասունք՝ չսորվին որպէս միայն ու միայն ուսումնական առարկայ, որ կարելի է իւրացնել կամ չիւրացնել։ Թող իւրացնեն իրենց մատուցուած բոլոր միւս դասերը, սակայն, երբեք ու երբեք չմոռնան որ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, երգը դպրոցական առարկաներ չեն, «ԱՅԼ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ, ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ», անոնցմէ կախուած են հայ ժողովուրդին ճակատագիրը եւ ապագան... 

Զրոյցը՝ Պայծիկ Գալայճեանի, Պէյրութ, 1999 թ․  

 

ՊԱ՛ՀՆ Է ՀՐԱԺԵՇՏԻ, ՍԻՐԵԼԻ՛ ՄԱՅԵՍԹՐՕ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆԴ ԱՌՋԵՒ

Գրիչը կ’ըմբոստանայ արձանագրելու համար վախճանը այս թանկարժէք կեանքին, որ յիրաւի սրբութիւն է իւրաքանչիւր մելգոնեանցիի համար: Հրաժեշտի արարողութիւնը, որ պիտի կատարուի այս օրերս, կուռքի մը ընծայաբերումն է: Կուռքը Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանն է: Ազգը իր բոլոր հատուածներով զայն կը պաշտէ: Այդ պաշտամունքին տիրացած է ան իր անժխտելի արժանիքներով, բազում շնորհներով ու տաղանդով, իր լրջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ:

Արդարեւ, կեանքը «Մայեսթրօ» Աբգարեանին, որուն մէջէն կը գունարձակէին բարիին, ճշմարիտին, գեղեցիկին բոլոր երփներանգները: Մաքրամաքուր մտաւորականին սիրտն էր քնար, միտքը՝ մատեան, եւ հոգին՝ շունչ հմայող: Միսէ ու ոսկորէ շինուած կուռք մը՝ զոր կը պաշտէր ազգը համովին: Վկա՛յ աշխարհի չորս ծագերուն հաստատակամ քայլող կարաւանը այն սերունդներուն, որոնք իր ազնուական հոգիով դաստիարակուեցան ու կոփուեցան:

Հայ իրականութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ է տեսնել անհատ մը, որ համակրանքն ու պատկառանքը շահած ըլլայ բոլոր հատուածներուն: Բոլոր սէրերն ու մեծարանքները միայն իրեն է որ կը վայելէին: Մեծարանքի հանդիսութիւններ չէր տենչար ան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուսանողի յաջողութիւն, իրեն համար, իր կուրծքին դրոշմուած պատուանշան էր: Ան որպէս արուեստի իտէալ ուսուցիչ, ոգեղէն դաստիարակ, իր կախարդական ճիպոտով դասական ու ազգային երգերով դաստիարակող խմբավար, իր սաները կը դիմաւորէր միշտ իր անկեղծ անձնուիրութեամբ: Պատանեկութեան օրերէն մեզի հասնող անոյշ տիպար, որուն վրայ շնորհքը կը փայլատակէր եւ որուն ամբողջ էութիւնը պատկառանք ու սէր, ժպիտ ու հիւմոր էր: Տիտանական անհատականութիւն՝ որ անվարան յարգանք կը պարտադրէր իւրաքանչիւր անձի:

Համակ կեանք մը ան ապրեցաւ ազնիւ արուեստով, եւ այդ ոգին այնքան ամրակուռ կերպով սերմանեց իր ուսանողներուն մէջ, որ անոնցմէ ոչ ոք կրնայ ընկրկիլ խաբուսիկ «արուեստ»ներուն դիմաց: Եղաւ իմաստասէր, ընկերաբան, դաստիարակ, ուսուցիչ, բեմբասաց, խօսնակ, մարզասէր եւ այդ ամէնուն մէջ նկրտեցաւ մի՛շտ դէպի վեր, եւ «իրեն հետ ուրիշներն ալ բարձրացուց մինչեւ գագաթն արփաւէտ»: Ու եղաւ այդպէ՛ս, ամէն բանի մէջ, մի՛շտ դէպի վեր...

Հակառակ իր խրոխտ կեցուածքին, երբեք չուզեց վերէն նայիլ, այլ ընդհակառակն՝ խոնարհեցաւ դէպի անկարը եւ կարողութիւն շնորհեց, տգէտին՝ զարգանալու ճամբան ցոյց տուաւ, ապառողջը՝ դէպի առողջ կեանք առաջնորդեց, գեղեցիկ արեւմտահայերէնով բարբառիլ սորվեցուց եւ այսպէս՝ իր մտքէն ու սիրտէն տուաւ բոլորին, որոնք արժանավայել կերպով կը խոնարհին իրենց ՄԵԾ դաստիարակին առջեւ:

Ժպիտն ու հիւմորը, որ կը յատկանշէին զինք՝ սրամիտ էին ու տեղին: Մելգոնեանի գրասեղաններէն, մարզադաշտերէն, երգչախումբի սրահներէն, գրասէրի ու երաժշտասէրի ուրբաթօրեայ երեկոներէն ցայսօր արձագանգներ կը ցոլարձակեն մեր հոգիներուն մէջ, որոնց ջերմութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ անկախ Հայրենիքին մէջ, շնորհիւ ԳՈՀԱՐ համոյթի ստեղծագործումին: Հպարտացաւ «Իր Նոր Երեւանով», վերապրեցաւ ու փիւնիկի նման մոխիրներուն ընդմէջէն ԳՈՀԱՐ-ի հանճար մտայղացումով եւ իր խոհականութեամբ յառնեց Գիւմրին, իրեն յատուկ հիւմորով ողջունեց «Լաչինի անցք»ն ու Արցախ աշխարհի բարգաւաճումը... իսկ անդին՝ անխնայ ու արժանի կերպով խարազանեց ազգին մակաբոյծներն ու դասալիքները, ազգին կալուածները ծախու հանողներն ու անոնց սատար հանդիսացող ազգադաւ հայրենադրուժները:

Մայեսթրօ Աբգարեանը հրաշալի խառնուրդն էր ազնուական ու վեհ իտէալներուն: Ահա թէ ինչպէ՛ս ան ընդելուզուեցաւ ԳՈՀԱՐ համոյթի գաղափարախօսութեան, բախտաւորութիւնն ալ ունեցաւ արժանի տեղը գտնելու հայ միտքի ու արուեստի բնութեան այդ վեհանձն շնորհին մէջ: Պատկառազդու ու պերճ արտաքինով, փառք ու պատիւի լուսարձակներէն հեռու մնալով, խորասուզուեցաւ իր արուեստագէտի հոգիին մէջ, հաւատալով որ ա՛յդ է միայն հայու հոգին: Մելգոնեանը իր հոգին թրծեց արուեստի աշխարհով, Մելգոնեանին մէջ ան սերմանեց արուեստի հունտեր, որոնց ծլարձակումն ու ծաղկունքը խոր գոհունակութիւն պարգեւեցին իրեն: Իսկ ԳՈՀԱՐ-ով՝ ան կատարեց հաշուեյարդարը իր արուեստի աշխարհին, հայ երգի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ շիկացած արեւին ճառագայթումը ընկալեց ազնիւ հայու հպարտութեամբ, ծունր դրաւ հայ երգի ու արուեստի խորանին առջեւ, ու գոհունակ երջանկութեամբ ապրեցաւ գերագոյն վերացումի պահեր իր անձկութեան մէջն իսկ, ու տիեզերք մը ամբողջ տարածեց Ա. Բ. Գ.-ի խորհուրդը, անաղարտ հայ երգն ու հարուստ մշակոյթը:

Սեպուհ Աբգարեան մայեսթրոյին հոգին յատկանշող ամէնէն հզօր ճիչն է այս: Եւ ճիչը՝ իր արձագանգը ունի ամէնուս սրտին մէջ։ Հպարտութեամբ կը խոնարհինք իր մեծութեան առջեւ:

Պայծիկ Գալայճեան, Պէյրութ, 2014 թ․