«Զորավար Անդրանիկ Կը Խօսի»․ հատվածներ 1921 թ․-ին Փարիզում հրատարակված գրքից
Загрузка
X


«Զորավար Անդրանիկ Կը Խօսի»․ հատվածներ 1921 թ․-ին Փարիզում հրատարակված գրքից

Наследие / Архив / Ежедневник / 28.05.2019
«...Ես հեռացայ Հանրապետութենէն, որպէսզի մասնակից չլինիմ այն բոլոր անպատուաբեր, անմիտ, սնանկ եւ ազգակործան գործունէութեան, որուն նուիրուեցան հանրապետութեան վարիչները առաջին օրէն:
 
Իւրաքանչիւր զինւորականի քով դաշնակցական լրտես մը դրուեցաւ:
 
Խորհրդարան մը կազմուեցաւ զուտ դաշնակցականներէ, որոնց մեջ կային քանի մը ընկերուհիներ ալ:
Ներքին պայքար մղուեցաւ միւս հայ կուսակցութեանց դէմ երկրին մէջ թե երկրէն դուրս: Իսկ հայ պօլշեւիքներուն դէմ յայտարարեցին եղբայրասպան կռիւ:
 
Պատերազմ ըրին Վրաստանի դէմ երեք հոգիի որոշումով եւ Հայաստան մատնուեցաւ սովի:
 
Շքախումբեր կը ղրկուէին Տրապիզոն եւ Կ.Պօլիս, ոճրագործ Էնվէրներու եւ Թալէաթներու մօտ:
 
Թիֆլիսի մէջ երեք ամիս կը վիճէին թե մեր բանակը պէտք է կազմել տէմոքրատիկ
սկզբունքներով. ինչ որ կը նշանակէր տիսիբլինը վերցնել:
 
Զինադադարէն ետք հանրապետութեան վարիչները ցոյց չտուին իմաստութեան ո'եւէ նշոյլ:
 
Պաշտօնատունները լեցուեցան դաշնակցական պաշտօնէութեամբ, որոնց թիւը կը հասնէր 16 հազարի:
Ճակատ ղրկուեցան Դաշնակցութեան չպատկանող եւ հակառակորդ տարրեր միայն:
 
Պ.Խատիսէան Պաթումի դաշնագիրը ստորագրելէն ետք Թիֆլիսի մէջ կը յայտարարէր թէ թուրքերը զարգացած եւ ճէնթլմէն մարդիկ են եւ Թուրքիոյ հայերը չեն կրցած անոնց հետ վարուելակերպ ունենալ:
 
Երեւանի մէջ կը հագուեցնէին մեր սիրուն աղջիկները. որպէսզի կայարանի մէջ ծաղկեփունջերով դիմաւորեն Խալիլ եւ Նուրի փաշաները, որոնք հարիւր հազարաւոր հայուհիներ բռնաբարել եւ կոտորել տուած էին: Երեւանի մէջ զինւորական նուագախումբերով ճաշկերոյթներ կը տրուէր այս մարդոց:
 
Չկրցան հետեւիլ շրջահայեաց ներքին քաղաքականութեան մը եւ առաջ բերին ապստամբութիւններ թաթարական շրջաններու մէջ:
Մերժուեցան Ազգ.Պատուիրակութեան առաջարկները համաձայնութեան մասին:
 
Այս բոլորը արդիւնք էին մտայնութեան մը, որ չէր զանազանուեր Ռուսիոյ արդի վարիչներուն մտայնութենէն: Ես կը նախատեսէի թէ բոլոր այն աթոռները, զոր գրաւած էին Երեւանի ղեկավարները, խարխուլ էին, քանի Ռուսաստան իր վերջին խօսքը չէր ըսած:
Դժբախտաբար այսօր իրականութիուն մըն է, ինչ որ նախատեսած էի:
 
Այն մարդիկ որոնք կը հիանային թուրքերու ճէնթլմէնութեան վրայ, ստորագրեցին Աղէքսանդրապօլի դաշնագիրը, ցեխի մէջ թաթխելով այն ոսկէ գրիչը, որով ստորագրուած էր Սէվրի դաշնագիրը:
 
Անցեալ տարի երբ Ամերիկա կը գտնուէի, Գ. Փաստրմաճեան աղմուկ մը փրցուց, ըսելով թէ Պօղոս Նուպար Հայաստանի հարաւային մասը քիւրտերուն կը յանձնէ:
Սակայն չլսեցի տակաւին թէ ինչ կը խորհի միեւնոյն Փաստըրմաճեանը եւ ինչու շշուկ մը իսկ չի հաներ ամբողջ Թրքահայաստանը մեր թշնամիներուն ծախողներուն դէմ:
 
Հայկ.Հանրապետութիւնը վիժեցաւ, որովհետեւ շէնք մը շինելու համար լաւ ճարտարապետներ պէտք էին. մինչդէռ անոր ղեկավարները հիմը դրին օդին մէջ, փոխանակ հաստատուն գետնին վրայ դնելու:
 
Ուրիշին հոր փորողները իրենք մէջը ինկան:
 
Իմ խիղճս եւ հոգիս հանդարտ է այս բոլորին մէջ:
 
Մնացածը կը թողում անաչառ պատմագրին, որպէսզի երեւան հանէ բոլոր անոնք, որոնք պատճառ եղան այսքան անմեղ արիւններուն թափուելուն...»
 
«Զորավար Անդրանիկ Կը Խօսի», հրատարակութիւն «Ապագայ» շաբաթաթերթի, Բարիզ, Ֆրանսիա, 1921 թ․