Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ կազմակերպուած՝ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովն անկասկած անջնջելի տպաւորութիւններ ձգեց մասնակիցներու սրտերուն մէջ:
Հանդիպելով աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր գործընկերներուն` մենք առիթը ունեցանք փոխադարձաբար ծանօթանալու հայկական համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքներուն, լրատուական դաշտը զբաղեցնող նիւթերուն եւ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Համաժողովի քննարկման դրուած եւ այլ նիւթերու վերաբերեալ տեսակէտներու եւ մօտեցումներու հետաքրքրական փոխանակումները նպաստեցին հայկական նիւթերու մեր տեսադաշտի ընդլայնումին:
Դժբախտաբար մասնակիցներուն մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէին Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, ինչ որ անհասկանալի էր` հաշուի առնելով համաժողովին համահայկական բնոյթը: Կը կարծեմ, որ մեզի`Սփիւռքի լրագրողներուս համար հետաքրքրական պիտի ըլլար աւելի շատ շփումներ ունենալ տարբեր հոսանքներ ներկայացնող մեր տեղացի գործընկերներուն հետ, լսել անոնց կարծիքները սփիւռքեան իրականութիւններուն շուրջ, և նաեւ իրենց առիթը տալ, որ լսէին Սփիւռքի լրագրողներու տեսակէտները Հայաստանի ու Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:
Արցախի նախագահ Բակո Սահակյանի հետ, Ստեփանակերտ, 2016թ.
Գործնական գետնի վրայ խիստ օգտաշատ ու բովանդակալից էին «Տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներն արտակարգ իրավիճակներում» նիւթին շուրջ Արման Սաղաթելեանին, Սամուէլ Մարտիրոսեանին, Կարէն Վրթանէսեանին եւ Անժելա Էլիբեկովային ելոյթները:
Անկեղծ ըլլալու համար, վերլուծական ու հետաքրքրական գաղափարներ առաջադրող զեկուցումներուն կողքին քիչ չէր նաեւ թիւը լոզունգային, մակերեսային կամ բոլորիս գիտցած բաները կրկնող ելոյթներուն: Եթէ այդ ելոյթները զեղչուէին, աւելի շատ ժամանակ պիտի ունենայինք լուրջ քննարկումներու եւ կարծիքներու փոխանակումի:
Սուրիահայութեան խնդիրներու լուսաբանման հարցով, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի լրագրողը մեզի թելադրեց հիմնուիլ մի միայն պաշտօնական լրատուութեան վրայ, ինչ որ անյարիր է տեղեկատուութեան ազատութեան սկզբունքներուն և անընդունելի` լրատուական ազատ դաշտի մէջ գործող անկախ լրագրողներուս համար:
Համագումարի նիստն Արցախում, Ստեփանակերտ, 2016թ.
Յարգելի նախարարը քանի մը առիթներով յորդորեց մեզ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումները խրախուսող նիւթեր հրատարակել մեր լրատուամիջոցներուն մէջ եւ քաջալերել Սփիւռքի մեծահարուստները, որ իրենց գրպանները լայն բանան Արցախի համար: Բնականաբար բոլորս ալ համաձայն ենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումներու խիստ կարեւորութեան ու մեր կարելին կ’ընենք մեր համայնքներուն մէջ հայաստանակեդրոն հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար: Այդուհանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ, որ ամէն գործարար մարդ, անկախ իր ազգութենէն, նախ եւ առաջ գործնական մարդ է եւ իր որոշումներուն համար չ’ապաւինիր մի միայն հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն: Արդարեւ, մեր կոչերն ու առաջնորդող յօդուածները կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ այն պարագային, երբ գործարար մարդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը գտնէ ներդրումները խթանող գրաւիչ ու շօշափելի պայմաններ:
Տեղեկատուական համացանցային աղբիւրներու առատութեան ու դիւրամատչելիութեան պայմաններուն մէջ, այսօր մեր ընթերցողներն ու լսարանները մեր սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն առընթեր կ’օգտուին նաեւ տեղեկատուական այլ աղբիւրներէ: Կէսը լեցուն բաժակին օրինակով, որքան որ ալ մենք շեշտը դնենք բաժակին լեցուն մասին վրայ, լրագրողական ազնուութիւնը մեզի կը պարտադրէ չանտեսել նաեւ բաժակին դատարկ մասը: Հակառակ պարագային, լրատուամիջոցը կը դառնայ միակողմանի քարոզչութեան գործիք ու կը կորսնցնէ իր վարկը: Հետեւաբար լրագրողին կ’իյնայ ընտրել այն նիւթերն ու աղբիւրները, որոնք իրապաշտ ու առարկայական կերպով կրնան ներկայացնել բաժակին լեցուն եւ դատարկ մասերը` միաժամանակ ջանալով ուղղորդել Սփիւռքի ներուժը ի նպաստ հայկական պետականութեան հզօրացումին եւ Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելուն:
Համագումարի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդում, Երևան, 2016թ.
Ինչ կը վերաբերի թրքական ու ազրպէյճանական յարձակողական քարոզչութեան դէմ պայքարելու միջոցներուն, բոլորս համաձայն ենք, որ ընելիք շատ բան կայ մանաւանդ օտարագիր լրատուամիջոցներուն համար: Ահա այստեղ է, որ չափազանց կարեւոր է միջազգային ԶԼՄ-ներուն մէջ աշխատող հայ լրագրողներու խորհուրդները, ինչ կը վերաբերի ոչ հայկական միջավայրի մէջ հայանպաստ տեղեկատուութեան մատուցման ձեւին: Սակայն շատ ափսոս, որ անոնք ներկայ չէին այս համաժողովին, հակառակ որ իրենց ներկայութիւնը յայտարարուած էր նախարարի հրաւէրին մէջ: Մաղթելի է, որ յառաջիկային աւելի աշխատանք տարուի ապահովելու համար քանի մը ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող լրագրողներու ներկայութիւնը:
Համաժողովին ամենանշանակալի պահերը ապրեցանք` այցելելով Արցախի սահմանային դիրքերը: Խորապէս երախտապարտ եմ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին մեր այցը: Առիթըունեցանք մեր աչքերով տեսնելու սահմանային տարածքները, դիտակէտերը եւ մեր զինուորներուն ծառայութեան պայմանները, ինչպէս նաեւ` աւելի մօտէն զգալու մեր հայրենիքին սպառնացող վտանգը: Մեր մէջ ամրապնդուեցաւ այն համոզումը, որ մեր ազգի գոյատեւման գլխաւոր գրաւականը հայ զինուորն է, որուն կեանքը շատ թանկ է բոլորիս համար` սկսելով բանակի հրամանատարութենէն մինչեւ շարքային հայը:
Կրկին շնորհակալութիւն` Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի անդամներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին համաժողովի ծրագիրը իրականացնելու համար:
Հեղինակ՝ Մարալ Սիմսար, Ժընեւ, Զուիցերիա | Լուսանկարները՝ Աննա Գիվարգիզյանի