«ԱՐԻՆ» պարախումբի մանկապատանիները հաւատարմօրէն պիտի շարունակեն անոր աւանդութիւնները
Загрузка
X


«ԱՐԻՆ» պարախումբի մանկապատանիները հաւատարմօրէն պիտի շարունակեն անոր աւանդութիւնները

События / 22.05.2017

Եռանդ եւ որակ: Ընդամէնը երկու բառ, որոնք  իրենց մէջ  կը խտացնեն  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի  տաղանդաւոր մանկապատանիներուն երկօրեայ ելոյթները: Պարախումբ, որ օրըստօրէ հայ  բեմը կը զարդարէ պարարուեստի նոր մօտեցումներով, մասնագէտներու եւ հանդիսատեսներու տպաւորութեան մէջ  փայլուն տառերով արձանագրելով  իր հեղինակաւոր խօսքը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին»  պարախումբին երէցները՝  ձեւաւորուած  երիտասարդ- երիտասարդուհիներ, ընդամէնը վեց ամիսներ առաջ, իրենց բարձրորակ ելոյթներով հմայեցին  լիբանանահայ հանդիսատեսը: Գեղարուեստական ղեկավար,պարուսյոց Գայիանէ Մածունեան եւ պարախումբի  վարչութիւնը, «Արին» պարախումբի բազմակողմանի զարգացումը ապահովելու, անոր  բարի  աւանդութիւններու  շարունակականութիւնը պահպանելու մտադրութեամբ,պարախումբին փոքրիկներուն,փթիթներուն, տղիկներուն,ծաղիկներուն, թիթեռներուն,պարման-պարմանուհիներուն ընձեռեցին իրենց արուեստը ցուցադրելու առիթ:

Մեր  նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները «Համագումարներու պալատ»ի  բեմին վրայ  ապացուցեցին յառաջդիմելու եւ զարգանալու իրենց ունակութիւնը:

Ուրբաթ, 19 եւ Շաբաթ 20  Մայիս 2017-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, «Կարուսել» խորագիրի տակ,  իր նոր յայտագիրով, երեք ելոյթ (ցերեկային եւ երկու երեկոյթ) ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան  Համագումարներու պալատին մէջ:

Ի  ներկայութիւն ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն,հիւրերու, մշակութասէր  հասարակութեան, ծնողներու, միութենականներու,Արազ Չերչեան (արաբերէն լեզուով)  բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն, նշելով , որ  հաւատարիմ մնալով  հայ  մշակոյթի արմատներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Արին» պարախումբի  մանկապատանիները   կը ներկայանան  նոր յայտագիրով, արդիւնք՝ հետեւողական եւ   միասնական աշխատանքի: Արազ  Չերչեան շեշտեց, թէ  Արին» պարախումբը  մնայուն եղած է  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ուշադրութեան առարկան:  Այս  առիթով, ան յատուկ   շնորհակալութիւն յայտնեց  Միութեան եւ պարախումբին ծրագիրները  սատարող   բոլոր անհատներուն, յատկապէս   տիար  Երջօ Սամուէլեանին:

ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեան նշեց, թէ 160 անդամ-անդամուհիներէ  բաղկացած  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի վարչութինը մանուկներու եւ պատանիներու  հանդէպ  ունեցած հաւատքէն մեկնելով, որոշեց նորահաս  սերունդին տրամադրել այսօրուան  բեմը: Ան շեշտեց, թէ պարախումբի  փոքրիկները եւ պատանիները մնայուն պիտի արժանանան  մեր Միութեան  յատուկ   հոգատարութեան:  Անի Պոտրումեան  մէկ առ մէկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց  պարախումբի  վաստակաւոր պարուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար, տարազներու ձեւաւորումի  պատասխանատու Գայիանէ Մածունեանին, պարախումբի վարչութեան ժրաջան անդամուհիներուն, ծնողներուն,ելոյթներու  յաջողութեան սատարող բոլոր անհատներուն, հաստատութիւններուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ իր մնայուն  եւ անսակարկ   հոգածութեան համար:

Եկած էր  ելոյթի  պահը: «Արին« պարախումբի  մանկապատանիները  կատարեցին ազգային, դասական,ազգագրական, օտար ազգերու ժամանակակից  քսան  պարեր, որոնք  գնահատուեցան  հանդիսատեսի բուռն  ծափահարութիւններով:

Գեղարուեստական յայտագիրը  բաղկացած էր երկու մասերէ:  Առաջին բաժինը՝ «Նինօ»,«Հայուհի», «Արեւմտեան պար», «Պարմանի», «Էս Գիշեր», «Տղամարդու պար», «Տարանտելլա»,«Մեր պարի դասը», «Աղջիկներու  խաղ  պար», «Ֆէյմ»: Երկրորդ   բաժինը՝ «Նոքթիւրն», «Հանինա», «Վասպուրական», «Հապաներա», «Վալս», «Հովիւներու պար», «Մանկական պար», «Սիրոյս կը սպասեմ»,«Տապքէ»,«ֆինալ»: Մանկապատանիներուն ցուցադրած  բարձրորակ մակարդակը մեծ  ոգեւորութիւն եւ հմայք պարգեւեց  ներկաներուն:

Հանդիսատեսը հաճոյքով դիտեց  մեր շնորհաշատ  մանկապատանիներուն համաչափ քայլերը, նուրբ եւ ճկուն հեզանքները: Ճաշակով ընտրուած  տարազները,պատշաճ լուսաւորումը, բեմին ձեւաւորումը,դիմայարդարումները  լուրջ աշխատանքի վկայութիւններ էին պարզապէս: Պարային  բեմադրութիւններուն զուգահեռ, պարուսոյցը յաջողած էր  բեմին վրայ հարազատօրէն  դրսեւորել  պարախումբի իւրաքանչիւր անդամի կարելիութիւնները:

Այս  բոլորը բնականաբար  կը պարտինք  պարախումբի  գեղարուեստական ղեկավար, Գայիանէ Մածունեանի  եւ  պարախումի վարչութեան անմնացորդ նուիրումին: Մանկապատանիներուն յաջողութիւնը՝ ծնողներու, ղեկավար անձնաւորութիւններու եւ պարողներու  միջեւ  միասնական աշխատանքի, զայն  նպատակին հասցնելու  արդիւնք էր:

«Արին» պարախումբի մանկապատանիները մեծ յաջողութեամբ պսակեցին  իրենց ընձեռուած  մարտահրաւէրը, միաժամանակ  երաշխաւորելով պարախումբին բարի աւանդութիւններուն  շարունակականութիւնը:

Հանդիսատեսները    բարձր տրամադրութեամբ եւ փայլուն յիշատակներով   մեկնեցան սրահէն, մի առ մի շնորհաւորելով  պարուսոյցը,  պարախումբի վարչութեան տիկինները եւ պարախումբի անդամ-անդամուհիները:

ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ  տեղեկատուական  գրասենեակ