Տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ յոբելենական տարուան հանդիսաւոր փակումը
Загрузка
X


Տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ յոբելենական տարուան հանդիսաւոր փակումը

События / 15.05.2017

Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017, երեկոյեան ժամը  8-ին,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ  հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ՝ 110 եւ ՀԵԸ՝ 85-ամեակներու  յոբելենական տարուան միջոցառումներու փակումը: Այդ մասին կհայտնէ ՀԵԸ-Ի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակ:

Ի  ներկայութիւն ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԵԸ-ի  տարբեր  միաւորներու ներկայացուցիչներու, միութենականներու,  հիւրերու եւ  մտաւորական  ընտրանիի մը, ՀԵԸ-ի  գրասենեակի վարիչ տնօրէն  Գէորգ Սանթուրեան բարի գալուստ  մաղթեց ներկաներուն, ընդգծելով թէ  զոյգ միութիւններուն յոբելեանները  արժանավայել  հանդիսութիւններով  ոգեկոչելէ ետք,   հասած էր  վերարժեւորելու պահը եւ ահա այս նպատակով,  եզրափակիչ    հանդիսութեան  հրաւիրուած էր դոկտ.  Զաւէն Մըսրլեանը փոխանցելու  օրուան պատգամը:

Ան, ամփոփ  տողերու մէջ  ներկայացուց  կրթական մշակ,  մտաւորական,պատմաբան, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ.  Զաւէն Մըսրլեանի  կենսագրականը,  ընդգծելով, թէ  յարգարժան  դոկտորը ազգային, հասարակական,կրթական զանազան  պարտականութիւններ ստանձնելու կողքին  եղած է ՀԵԸ-ի  Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան ատենապետ (1958-1961), ՀԵԸ-ի  Տնօրէն Գործադիր Մարմինի ատենապետ՝ 1966-ին,   ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ (1973-1982): Ապա ան հրաւիրեց  յարգելի դոկտ.  Զաւէն  Մըսրլեանը  փոխանցելու օրուան պատգամը:

Դոկտ.  Մըսրլեան  կատարեց  ՀԵԸ-ի   պատմականը, միութեան  հիմնադրութեան պայմանները, մասնաճիւղերու  կազմաւորումը, անոնց  ծաւալած գործունէութիւնը. «Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը իր սկզբնական շրջանէն ունեցաւ մարզական,մշակութային, ընկերային, սկաուտական գործունէութիւն ձգտելով  հայկական ոգին վառ պահելու, ազգային-հոգեւոր  հոյակապ  ժառանգը նոր սերունդին փոխանցելու եւ մարդկային  ընկերութեան տիպար անդամ-անդամուհիներ պատրաստելու» ընդգծեց դոկտ. Զաւէն Մըսրլեան, մէկ առ մէկ  լուսարձակի տակ առաւ  ՀԵԸ-ի   մարզական, սկաուտական,մշակութային, գրական, երիտասարդական, կրտսերաց, շարժումներու  գործունէութիւնը: Ապա  յատուկ  անդրադարձաւ Նաւասարդեան խաղերուն (1938-էն սկսեալ մինչեւ 1970-ականները) ստեղծած   համագաղութային խանդավառութեան: Դոկտ. Մըսրլեան  նշեց, թէ   իր հիմնադրութեան  օրէն առ այսօր, Հայ Երիտասարդաց  Ընկերակցութիւնը ունեցած է եօթ ատենապետ՝ Բիւզանդ Եղիայեան, Խաչեր Գալուստեան, Սիսակ Վարժապետեան, տոքթ. Միհրան Սիմոնեան,Կարպիս Մարգարեան, Կարօ Ճղըլեան եւ Վիգէն Չերչեան:

Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Զաւէն Մըսրլեան  անդրադարձաւ կարգ մը յատկանշական թուականներու՝  1971-ին, Ալեք Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնի շինարարութիւնը եւ բացումը:1971-ին, Զահլէի նորակառոյց՝ Ալեք Մանուկեան կեդրոնի բացումը: 1976-ին, Սին էլ Ֆիլի մէջ Զապէլ Մովսէսեան  երիտասարդական կեդրոնին բացումը: 1996-ին, Վարչապետ Ռաֆֆիք Հարիրիի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի,  Գրիգոր-Պետրոս Գասպարեան  Կաթողիկոս-Պատրիարքի եւ Վերապատուելի Յովհաննէս  Գարճեանի ներկայութեան ՀԲԸՄ-ի Երուանդ եւ Ալիս Տեմիրճեան կեդրոնին բացումը: 2012-ին, Ահրամճեան կեդրոնին բացումը:

Դոկտ. Զաւէն Մըսրլեան յայտնեց, թէ  ՀԵԸ-ը իր  նպատակներու եւ ծրագիրներու իրագործման  գիծով ունեցած է ութը պատգամաւորական ժողովներ: Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան իր խօսքը  փակեց յայտնելով, թէ  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը բազմաճիւղ, բազմերանգ եւ ազգօգուտ ընկերակցութիւն մըն է, որ կը գործէ ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ եւ պիտի շարունակէ գործել:

Հանդիսութեան  երկրորդ  բաժինով,  ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ-ի արխիւէն, 58 տարիներ առաջ, 1959-ին, տեղի ունեցած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  3-րդ  Նաւասարդեան խաղերու ամփոփ տեսաերիզը: Տեսաերիզին ցուցադրութիւնը   մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց  սրահէն ներս, երէց սերունդին  մէջ արթնցնելով անցեալի յուշեր, երիտասարդութեան մէջ՝  հպարտութիւն:

Յայտագիրի   երրորդ   մասը յատկացուած էր  ՀԲԸՄ՝ 110  եւ ՀԵԸ՝ 85- ամեակներու առիթով  լոյս տեսած արժեքաւոր  ալպոմ-գրքոյկ հրատարակութեան:  Գէորգ Սանթուրեան  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց  տիար Շահէ Խաչատուրեանին՝ նիւթական եւ  բարոյական նեցուկին  համար, վերոյիշեալ հրատարակութեան, ընդգծելով, թէ  նախապէս՝ տասը տաիրներ առաջ, ՀԲԸՄ՝ 100 եւ ՀԵԸ՝ 75-ամեակներուն առիթով,  նոյնանման  գրքոյկ-ալպոմ մը (սպառած) լոյս տեսած էր  նոյնպէս Շահէ Խաչատուրեանի ամբողջական  նեցուկով: Գէորգ Սանթուրեան իր խօսքին մէջ  երախտագիտութեան խօսք յայտնեց  նաեւ Նար եւ Յարութ  Խաչատուրեաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց ազնուափայլ մօր՝ տիկին  Գոհարին՝  ազգային,մշակութային,  հայրենանուէր  ծառայութիւններուն համար:

Իր կարգին Շահէ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց  Գէորգ Սանթուրեանին,Արմէն  Իւրնեշլեանին, Սեւակ Սերոբեանին եւ Արա  Հալաճեանին, որոնց  բծախնդիր եւ  հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն էր ալպոմ-գրքոյկ հրատարակութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան խօսք ուղղեց    ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համայն   միաւորներուն՝ յոբելենական տարուան   իրենց նուիրական աշխատանքին համար: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Շահէ Խաչատուրեանին, ալպոմ-գրքոյկին հրատարակութիւնը սատարելու   առիթով, ինչպէս նաեւ դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանին իր համապարփակ եւ ուսանելի ելոյթին համար:

Յանուն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ փոխատենապետ Համբար  Եսայեան  գնահատանքի  յուշանուէրներ յանձնեցին  դոկտ. Զաւէն Մըսրլեանին եւ  Շահէ Խաչատուրեանին: