Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսյանը և Աննա Գիվարգիզյանը Համահայկական գագաթնաժողովի օրերին, Երևան, 2022 թ.: Լուսանկարը՝ Լուսենե Խանգելդյանի
«Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ի Հայկական համայնքների բաժանմունքի աշխատանքը դժվար է գերագնահատել:
Լինելով սփյուռքակենտրոն և իր գործունեության հիմքում ունենալով արևմտահայերենի պահպանումն ու տարածումը՝ այն ֆինանսական մեծ աջակցություն է ցուցաբերում Սփյուռքի և Հայաստանի կրթական, մշակութային և հոգևոր հաստատություններին, ինչպես նաև կրթաթոշակներ է տրամադրում հայ աշակերտներին և ուսանողներին:
2013 թ.-ից Հայկական բաժանմունքի տնօրենը դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանն է:
Ռազմիկ Փանոսեանը քաղաքագիտության դոկտորի կոչումն ստացել է Լոնդոնի Տնտեսագիտության համալսարանում:
Նա եղել է Մարդու իրավունքների և ժողովրդավարության զարգացման միջազգային կենտրոնի՝ քաղաքականության գծով տնօրեն, նաև որպես խորհրդատու է ծառայել միջազգային կազմակերպություններում, այդ թվում՝ Միացյալ ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագրում (USDP)։
2006 թ.-ին Կոլումբիայի համալսարանի հրատարակած՝ «Հայերը. արքաներից և քահանաներից մինչև առևտրականներ և կոմիսարներ» («The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars») աշխատության հեղինակն է:
Դոկտ. Փանոսեանի հետ զրուցում է «Ժամ» ամսագրի գլխավոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզյանը:
— Առաջին անգամ ըլլալով, Հիմնարկութիւնը որոշած էր միջազգային բաց մրցոյթի միջոցով նոր տնօրէն մը գտնել Հայկական Բաժանմունքին համար: Բարեկամ մը գործին ծանուցումը ղրկեց ու թելադրեց, որ դիմեմ: Դիմեցի: Բաւական խստապահանջ ընթացք մըն էր: Չորս հարցազրոյցներէ ու յաւելեալ ստուգումներէ ետք, գործը ինծի առաջարկեցին: Գործին համար էր, որ Փորթուկալ փոխադրուեցայ 2Օ13-ին սկիզբը: Իւրայատուկ պաշտօն մըն է. այլազան լեզուներ իմանալէ զատ, տնօրէնը պէտք է ծանօթ ըլլայ հայկական աշխարհի իւրայատկութիւններուն, հայագիտական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ նախագիծեր մշակելու ոլորտին ու մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալելու (philanthropy) դաշտին: Անշուշտ տեսլական մըն ալ պէտք է ունենայ բաժանմունքին ապագայ ուղղութիւններուն եւ աշխատանքին վերաբերեալ:
— Այո: Անկարելի է ամեն համայնքի մէջ ներդրում ունենալ, բայց ծրագիրներ կը հովանաւորենք տասնըհինգէ աւելի երկիրներու մէջ՝ Գանատայէն Արժանթին, Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ, իսկ անցեալ տարի մեր համալսարանի կրթանպաստները հասան մօտ քսան երկիրներէ ուսանողներու:
—Անշո՛ւշտ: Հիմնարկութիւնը երկար տարիներ է ի վեր գործունեայ է Հայաստանի մէջ։ Այս յանձնառութիւնը կը յարատեւէ՝ կարեւոր թարգմանական ծրագիր մը կը հովանաւորենք, լեզուի հետ կապուած թեքնաբանական շատ մը ծրագիրներ Հայաստանէն կը ղեկավարուին, համալսարաններու հետ կը գործակցինք որոշ գիտական ծրագիրներու շուրջ, հետազօտական աշխատանք կը խրախուսենք, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններ, շեշտը դնելով նորարար մօտեցումներու եւ քննական մտածողութեան վրայ:
— Երբեմն արհեստավարժութեան պակասը գործը կը դժուարացնէ:
— Մեր մօտեցումը սփիւռքակեդրոն է: Այս իմաստով կը տարբերինք ուրիշ շատ մը կազմակերպութիւններէ: Կը հաւատանք, որ Սփիւռքը պէտք է հզօր ըլլայ, իր ինքնութիւնը ոչ թէ միայն պահէ, այլեւ յարատեւօրէն կերտէ: Արեւմտահայերէնի զարգացումը հիմնական է մեզ համար, ու այդ ուղղութեամբ շատ մը ծրագիրներ կը հովանաւորենք, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու հետ կը գործակցինք, արեւմտահայալեզու նորարար մշակոյթ կը քաջալերենք, մանկապատանեկան նիւթեր եւ ձեռնարկներ կը հովանաւորենք: Մեր պիւտճէին մէկ կարեւոր մասը համալսարանի կրթանպաստներու կը յատկացուի, մանաւանդ Հայագիտութեան ոլորտը սատարելու: Թերեւս անհամեստութիւն է, բայց կրնամ ըսել որ երբ արեւմտահայերէնին սատարելու մասին է խօսքը, մեր ներդրումը հիմնական է եւ Կիւլպէնկեանի դերը առաջնահերթ:
— Շատ բարդ ու նուրբ նիւթ մըն է, որուն մասին կարելի է ժամերով խօսիլ: Բայց հակիրճ պատասխան մը տամ՝ մեկնակէտս առնելով ձեր խօսքը՝ «Շատերը գտնում են, որ այդ կապը չի կայացել». իրաւունք ունիք, միշտ այդ մտածելակերպը կայ, որ Հայաստան-Սփիւռք կապը թոյլ է, իր կարողականութեան չէ հասած եւ եթէ միայն այդ «թաքուն բանալին» գտնէինք, շատ աւելի սերտ կապեր պիտի հաստատուէին ու լայնածաւալ համագործակցութիւն պիտի գոյանար: Երեսուն տարի է այս սպասումին մէջն ենք...
Երեք տասնամեակ չյաջողելէ ետք արդեօք ժամանակը չէ՞ մտածելու, որ թերեւս այդ կախարդական բանալին գոյութիւն չունի, այսինքն՝ Հայաստան-Սփիւռք կապը շատ աւելի հզօր ձեւով պիտի չկայացուի ու պէտք է հաշտուինք այս իրողութեան հետ. Սփիւռքի ու Հայաստանի իրականութիւնները այս են, կարողականութիւնը այս է: Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Սփիւռքը իրարմէ չափազանցուած սպասումներ ունին, որոնք անկարելի է գոհացնել, ու այդ պատճառով միշտ իրարմէ յուսախաբ կը մնան ու ըստ ինձ՝ պիտի շարունակեն մնալ:
Ուրեմն ի՞նչ ընել: Երբեւիցէ չեմ ուզեր այդ տպաւորութիւնը ձգել որ պէտք չէ փորձենք կամ ձգտինք աւելի լաւը ընելու: Իմ մօտեցումն այն է, որ ժամանակ չվատնենք սպասելով աւելի սերտ կապերու կամ այն առասպելական «միութեան», որ երբեք պիտի չգայ, այլ՝ ամեն մարդ կամ հաստատութիւն իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ընէ ինչ որ ինքը կը փափագի իրականացնել իր համայնքին կամ հայրենիքին մէջ: Այդպէս է, որ աշխատանքը առաջ կ'երթայ, երկիր ու գաղութ կը կերտուի... քայլ առ քայլ, քար առ քար, ծրագիր առ ծրագիր:
— Ի՞նչ կը պակսի՝ Հայաստանը տեսնել միջազգային պարունակին մէջ: Իսկ այն, ինչ որ շատ է՝ ինքնագովութիւն:
— Միջին հաշուով, տարին 200-250 նոր դիմումնագիր կը ստանանք ծրագիրներու նպաստի համար, որոնց մօտաւորապէս մէկ-երրորդը կը հովանաւորենք, մէկէն-երեք տարուայ ժամանակաշրջաններով: 2021-ին, 145 ընթացիկ ծրագիրներ ունէինք: Այսինքն՝ ամեն տարի 150-ի մօտ ծրագիր կը կառավարենք, տարբեր չափերով՝ 2.000 Եւրոյէն մինչեւ 250.000 Եւրօ:
Կրթանպաստներու պարագային, տարին 100-էն 140 նոր ուսումնաթոշակներ կը հայթայթենք ուսանողներու ու համալսարանական հետազօտողներու, տարբեր չափի գումարներով, գոհացնելով դիմողներուն 3Օ-էն 4Օ տոկոսը: Գումարները 1.ՕՕՕ-էն 25.ՕՕՕ Եւրոյի սահմաններուն մէջը կրնան ըլլալ:
— Նախ կը նայինք, թէ ծրագիրը մեր ռազմավարական գիծերուն մէջ կ'իյնա՞յ, թէ ոչ: Կարեւոր է, որ նորութիւն մը բերէ իր բնագաւառին մէջ: Անշուշտ, դիմումնագիրին որակը, դիմողներուն կարողութիւնը եւ պիւտճէն կարեւոր դեր ունին գնահատումին գործընթացին մէջ: Միշտ կ'ուսումնասիրենք նաեւ ծրագիրի մը ազդեցութիւնը (impact)՝ թէ տուեալ նախագիծը որքանո՞վ դրական ներգործութիւն կրնայ ունենալ:
— Ամեն ծրագիր, մեծ կամ փոքր, իր արժէքն ունի: Սակայն, շիտակ է, որ կարգ մը ծրագիրներ աւելի՛ ազդեցութիւն կ'ունենան, քան ուրիշներ: Օրինակ՝ խելախօսներու ուղղագրիչները (թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ արեւելահայերէն) շատ մեծ ազդեցութիւն ունին. կրնա՞ք երեւակայել անգլերէն կամ ռուսերէն գրել առանց սրբագրիչներու: Հիմա հայերէնն ալ նոյնանման գործիքներ ունի, որոնք նոյնիսկ անվճար են: Ուրիշ հիմնական նախաձեռնութիւն մըն է «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» հետազօտական ծրագիրը, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանանք Սփիւռքին՝ իսկական տուեալներու հիման վրայ: Արդեն իսկ նշեցի թարգմանութեան ծրագիրը Հայաստանի մէջ. հայերէնով կարելի է կարդալ կարեւոր հեղինակներու գործեր որոնք հսկայական ազդեցութիւն ունեցած են աշխարհի մտածողութեան վրայ, ինչպէս՝ Միշել Ֆուկո, Եդուարդ Սայիդ, Յուրգեն Հաբերմաս, Հաննա Արենդթ, Ալան Բադիու եւ այլն. գալ տարի լոյս պիտի տեսնէ նաեւ Սիմոն դը Բովուարի կոթողական գիրքը: Այլազան արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներ կը հովանաւորենք որ ուղղակի ազդեցութիւն ունին Սփիւռքի մանկավարժութեան բարելաւումին վրայ: Եւ վերջապէս կարելի չէ չյիշել yerik.com-ը, որ շատ հաճելի մանկական ծրագիր մըն է արեւմտահայերէնով:
— Անիմաստ ծրագիրներ չենք հովանաւորեր: Բայց երբեմն նախագիծեր չեն յաջողիր այլազան պատճառներով: Կարեւոր է սորվիլ այդ ծախողութիւններէն: Օրինակ՝ փորձած ենք մանկապատանեկան համակարգչային կամ խելախօսի յաւելուածներ (app) հովանաւորել, որ ձախողած են: Այդ փորձառութենէն սորուած ենք, որ շատ դժուար է քով-քովի բերել երեք հիմնական մասնիկները յաջող յաւելուած մը ստեղծելու՝ թեքնաբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ արեւմտահայերէնի հմտութիւն:
— Մի քանի տարի առաջ, երբ Փրոֆեսոր Ճոնաթան Քոնլինը իր հեղինակաւոր կենսագրական գիրքը՝ «Պարոն հինգ տոկոս», կը գրէր Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին, երկար ամիսներ Հիմնարկութեան արխիւներուն մէջ թաղուած էր: Գրեթէ ամեն օր, արխիւը փակուելէ ետք, գրասենեակէս կ'անցնէր ու կը հարցներ այս կամ այն հայերէն բառին իմաստը: Կիւլպէնկեան ընտանիքին նամակագրութիւնը ընդհանրապէս եղած է ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով, որոնց մէջ օգտագործուած են հայերէն բառեր: Օրինակ՝ Նուպար Կիւլպէնկեանը իր հօրը՝ Գալուստին, կը գրէ անգլերէնով, որ Պարոն «Այսինչեանը»այցելած է ու իր խօսակցութեան միակ նիւթը եղած է «տուր-տուր», «տուր-տուր»-ը գրելով հայերէն (լատինատառ). Ճոնաթանին բացատրեցի, թէ «տուր-տուր» ի՛նչ կը նշանակէ: Օր մըն ալ Ճոնաթանը ոգեւորուած եկաւ ու հարցուց՝ «Թեթեւսոլիկ ի՞նչ ըսել է»: Հարցուցի թէ այդ բառը ուրկէ՞ բերած էր: Պատասխանեց ըսելով, որ Գալուստը իր մօտիկ բարեկամին նամակ մը գրած է 1914-ին, ընտանեկան դժուարութիւններու մասին եւ մէջը նշած է, ակնարկելով իր կնոջը՝ Նուարդին: Այդ մէկը անգլերէնով բացատրելը Փրոֆեսոր Քոնլինին աւելի դժուար եղաւ...
— Եօթը հոգի ենք՝ չորսը հայ, երեքը Փորթուկալցի: Ունինք նաեւ Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ մը, որ Լիբանանի հետ կապուած ծրագիրները կը ղեկավարէ: Պէտք է նաեւ նշեմ, որ Կիւլպէնկեանը շատ մեծ Փորթուկալական հիմնարկութիւն մըն է. Հայկական Բաժանմունքը Հիմնարկութեան քսաներկու բաժանմունքներէն մէկն է:
— Այժմ մեր յաջորդ հնգամեայ ծրագիրը մշակելու ընթացքին մէջն ենք: Պիտի շարունակենք շեշտը դնել արեւմտահայերէնի վրայ, Սփիւռքի վրայ, ինչպէս նաեւ կրթանպաստներու եւ հետազօտական աշխատանքներու վրայ՝ մանաւանդ «հումանիտար» եւ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ, որոնք կը սատարեն քննական մտածողութեան զարգացումին:
— Շատ:
— Երկու մեծ-հայրերս ու մեծ-մայրերս ցեղասպանութենէն վերապրողներ եղած են: Բարեբախտութիւնը ունեցած եմ իրենց հետ մեծնալու մինչեւ 12 տարեկան, որմէ ետք Գանատա փոխադրուեցանք: Իրենցմէ քիչ մը Քեսապի բարբառը սորուած եմ:
— Այն օրը որ Լիբանանը ձգեցինք ու Գանատա հասանք՝ ինձ համար նոր ծնունդ մըն էր, իսկ ծնողքիս համար՝ մեծ մարտահրաւէր:
— 1987-ին, խումբ մը Գանատահայ ուսանողներու հետ:
— Անշուշտ: «Առանց գիրքի տուն մը կը նմանի առանց հոգիի մարդու մը» ասացուածքը շատ շիտակ է:
— Նոր վերջացուցի Գանատացի գրող Մատելէյն Դէյնի գիրքը՝ «Մի ըսէք որ ոչինչ ունինք» (Madeleine Thien, “Do Not Say We Have Nothing”): Հոյակապ վէպ մըն է Չինաստանի մասին: Յաջորդ վէպը հայերէն պիտի ըլլայ (փոխն ի փոխ անգլերէն ու հայերէն վէպ կը կարդամ):
— «Տեսլականն առանց գործի ցնորք մըն է: Իսկ գործն առանց տեսլականի մղձաւանջ մըն է». ճափոնական ասացուածք:
Զրուցեց Աննա Գիվարգիզյանը, Երևան, 2022 թ.