Գնեցէք Հայաստանէն
Загрузка
X


Գնեցէք Հայաստանէն

Ежедневник / 01.07.2019

 

Գնեցէք   Հայաստանէն

«Գնեցէք   Հայաստանէն» նախաձեռնութիւնը,  որ լայն տարածում եւ  ընդունելութիւն գտաւանցեալ Ամառ, նպատակային եւ օգտաւէտ  կը  համարուի տեւաբար  յիշեցնել անորմասին  եւ  տարածել զանազան շրջանակներու մէջ: 

Յիշեցումի կարգով, հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք  նախաձեռնութեան    առաքելութիւնը: 

 

 Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Սփիւռքի նախարարին, հայրենի պատասխանատուներուգործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:

Այդ խորհրդակցութիւններուն եւ քննարկումներուն ընթացքին, ան ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը՝զբօսաշրջիկներուն, ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ  այցելողներուն թելադրել այլ երկիրներէ չկատարել իրենց գնումները, փոխարէնը՝Հայաստանի տեղական շուկայէն կատարել իրենց անմիջական գնումները, նաեւ նկատիունենալով հայրենի առատ եւ հարուստ շուկային մրցունակ գիները եւապրանքներուն բարձր որակը:

Առեւտուրի զարգացման ճանապարհով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններեւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան:

«Գնեցէք  Հայաստանէն» («Shop In Armenia») նախաձեռնութիւնը  քաջալերելով, պիտի  բազմապատկուի օտար դրամանիշի հոսքըդէպի Հայաստան, սատարելով  հայրենաշինութեան եւ Հայաստանի  տնտեսութեան  վերելքին: