ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԱՏԱՐԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Загрузка
X


ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԱՏԱՐԵՑ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

События / 31.10.2017

Վառ յիշատակներով լեցուն ամառնային բանակումէն եւ խարուկահանդէսէն կարճ ժամանակ ետք, Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, ՀԲԸՄ–ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի շրջափակին մէջ, ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմիններու անդամներուն, սկաուտական ծնողաց վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներուն, մեծ թիւով ծնողներու, միութենականներու, տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի նոր տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը:

Հաւաքին սկիզբը տեղի ունեցաւ սկաուտական շքանշաններու տուչութիւն:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբին գլխաւորութեամբ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները տողանցելով մուտք գործեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի շրջափակը: Իւրաքանչիւր խմբակ կայմին առջեւ գրաւեց իր դիրքը: Կայմին վրայ կը ծածանէին Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, SDL-ի եւ AEL-ի դրօշները: Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի նախկին ընդհանուր խմբապետ եղբայր Յովիկ Գույումճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընթերցեց օրուան յայտագիրը:

Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի փոխատենապետ, սկաուտական վարչութեան ատենադպիր եղբայր Վահան Ղորղորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, նշելով թէ յաջող տարեշրջան մը բոլորելէ ետք ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական ընտանիքը նոր եռանդով եւ խանդավառութեամբ կը բարձրացնէ աշխատանքային նոր շրջանի մը վարագոյրը: Այս առիթով ան նշեց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանը զանազան ձեռնարկներու եւ միջոցառումներու ընդմէջէն մեր երիտասարդութեան կը փոխանցէ հայեցի դաստիարակութիւն: Ան նաեւ շնորհաւորեց փոխանցուողները: Արաբերէնով բացման խօսքը կատարեց Մարինէլ Ապտէլնուրը`Քառավել:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը յատուկ շքանշանով շնորհաւորեց «Միշտ Պատրաստ»ի խմբագրական կազմի , ինչպէս նաեւ ընկերային- համացանցի վրայ աշխատակազմի անդամ-անդամուհիները:

Քոմիսէր Լենա Գարակէոզեան- Իւրնեշլեան փոխանցեց AEL-ի խօսքը, որմէ ետք, SDL-ի ներկայացուցիչ Պաշիր Քալաս ողջունեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի գործունէութիւնը: Ապա ան յայտնեց, թէ սկաուտական այս տարուան կարգախօսն է « բնակարան բոլորին համար»: Պաշիր Քալաս կոչ ուղղեց յարգելու ընտանեկան արժէքները: Իր խօսքին մէջ SDL-ի ներկայացուցիչը նշեց,թէ եղբայր Կարէն Պասմաճեան պիտի նշանակուի ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ:

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան մէկ առ մէկ շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խմբակները, Գործադիր Մարմինի, ծնողական եւ ընկերային վարչութիւններու հետեւողական աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն

ՀԵԸ- Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան բարեմաղթութիւններուն յաջորդեց սկաուտական ծնողաց վարչութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը: Այդ միջոցին տեղի ունեցան խմբակային փոխանցումները:

Ապա տեղի ունեցան փոխանցումներ.

Գայլիկներու խումբի փոխխմբապետուհի՝ քոյր Միրելլա Նիկոլեան

Արծուիկական խումբի խմբապետուհի՝ քոյր Լուչիանա Քարապաճաքեան

Արծուիկական խումբի փոխխմբապետուհի՝ քոյր Գարմէն Գրաճեան

Արենուշական խումբի խմբապետուհի քոյր Զէյնա Քարամ

Արենուշական խումբի փոխխմբապետուհի քոյր Սոֆի Տիշաքճեան

քառավելական խումբի փոխխմբապետուհի քոյր Արինա Պապօղլանեան

Երէցական խումբի փոխխմբապետ եղբայր Համբիկ Սեմերճեան

Եղբայր Կարէն Պասմաճեան՝ ընդհանուր խմբապետ

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումը յատուկ յուշանուէրով պատուեց քոյր Ալին Սէֆէրեանը(արծուիկ), եղբայր Յակոբ Ժամկոչեանը (երէց), քոյր Արին Տաքեսեանը (արենուշ) եւ քոյր Վանա Մինասեանը( արենուշ), որոնք երկար տարիներ սկաուտական շարժումին ծառայելէ ետք, բարձրագոյն ուսման պատճառով ժամանակաւորապէս հեռու պիտի մնան սկաուտական շարժումէն: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի խմբապետական կազմի անունով երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնուեցաւ եղբայր Յովիկ Գույումճեանին, առ ի գնահատանք անոր ծառայութիւններուն:

Յայտարարուեցան նաեւ սկաուտական տարեշրջանի եւ բանակումի տիպար սկաուտներուն անունները.

Թիթեռներ՝ Լոռի Առաքելեան, Մեթիու Հաժ

Գայլիկներ՝ Սեպուհ Աղասարգիսեան, Մանօ Պորանեան

Արծուիկներ՝ Լիլա Շիրեճեան, Թաթիանա Ֆայսալ

Արենուշներ՝ Արռճ Սիտանի, Բալիկ Դաւիթեան

Սկաուտներ՝ Ներսիկ Թոփէյեան, Քեւին Քոզեան եւ Կարօ Թաշճեան

Քառավելներ՝ Գարմէն Գրաճեան եւ Սոֆի Տիշաքճեան, Զէյնա Քարամ եւ Լուչիանա Քառապաճաքեան

Երէցներ՝ Ալեքս Առաքելեան, Ճորճ Մկրտիչեան:

Շնորհակալական յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ ՝ պարոն Մկրտիչ Տոնոյեանին, եղբայր Գէորգ Քիւլքեճեանին, եղբայր Գրիգոր Չարեքեանին, քոյր Գարոլին Մազմանեանին, եղբայր Սարհատ Սարհատեանին, եղբայր Սեւակ Ապատեանին:

 

Հեղինակ՝ ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ