ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻ ԿՌՒԻՆ ԱՌԹԻՒ
Загрузка
X


ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻ ԿՌՒԻՆ ԱՌԹԻՒ

Наследие / Архив / Ежедневник / 28.05.2018

Լեւոն Լիւլէճեան, Անդրանիկ Զորավար 

Մինչեւ այսօր տակաւին Հայ ժողովուրդին անծանօթ կը մնայ ճշգրիտ պատմութիւնը բոլոր այն դիւցազնամարտերուն որոնք մղուեցան մեր հերոսներէն 1890 էն ի վեր։

․․․Մեր պարկեշտ եւ հայրենասէր «ճան ֆէտայները» գործեցին եւ ծառայեցին Հայ ժողովուրդին իրենց նշանաբան ունենալով «զոհուիլ Ազգին համար մինչեւ որ ձեռք բերուի այն»։ Անոնք իրենց նպատակին փարած կռուեցան եւ իրենց կարգը կատարեցին լուսաշող փառաւոր յիշատակ մը թողելով իրենց ետեւ։ Անոնց գործերը, անոնց կեանքը եւ հերոսամարտերը մեր պարծանքը եղան, մենք անոնցմով հրճուեցանք, մենք անոնցմով ցնծացինք եւ մենք անոնցմով խանդավառուեցանք։

Առաքելոց Վանքի հերոսամարտը մեր յեղափոխական պատմութեան փառաւոր տեսիլներէն մէկն է, դէպք մը որ ոչ միայն թուրք կառավարութիւնը քիւրտ ու թուրք ժողովուրդին հետ հիացուց, այլ արմատ դրաւ անոնց սրտերուն մէջ թէ Հայը գիտէ կռուիլ․․․

․․․Ոչ ոք չի գիտեր պատմութիւնը այդ դիւցազնամարտին իր հարազատ ու իրական ձեւին մէջ։ Կ՛անցնին օրէ օր այդ կռիւին հանդիսատեսները, ինչպէս անցան հոն կռուող «ճան ֆէտայիները», ուստի պէտք է պահել զայն, պէտք է ապրեցնել զայն, պէտք է անով եւ անոր նման քաջամարտիկ կռիւներով եւ դէպքերով ներշնչել մեր նոր սերունդները երբ կը կարմրինք վերջին խուր պատկերներուն առջեւ եւ սիրտ չենք ըներ այդ դէպքերուն պատմութիւնները փսփսալ։

Առաքելոց Վանքի դիւցազնամրտի հերոսը մեր մէջ ք այսօր։ Օր մը մենք կ՛երգէինք անոր քաջագործութիւնները, օր մը ան երազ էր մեզ համար, օր մը աներեւոյթ սարսափն էր ան թուրքին եւ քիւրտին, որ կը սաւառնր սարէ սար, լեռնէ լեռ ցեղին հաւաքական յոյսը եւ վստահութիւնը իրեն վրայ կեդրոնացուցած։ Ժողովուրդին այդ համեստ եւ մեծ մարդը խաղաղ եւ հանդարտ է հոս՝ այս օտար միջավայրին մէջ։ Ան մանուկին հետ մանուկի մը պէս կը ժպտի, պատանիին ընկեր է, եւ չափահասին ու ծերունիին բարեկամը։ Հերոսը հին օրերով չի պարծիր, նոր տեսիլներ կը փնտռէ, նոր արիւններ կ՛երազէ․․․

Եթէ Յոյներ Լէօնիդասով կը պարծին,մենք հայերս Թէրմոփիլէի գոյամարտէն շատ փառաւոր եւ համեմատաբար շատ արժէքաւոր պայքար մը մղած ենք «ափ մը ճան ֆէտայիներով» Առաքելոց Վանքի նուիրական պարիսպներուն տակ յաղթանակին հետ մէկտեղ։ Ուժ մը չկար, պետութիւն մը չէր օգներ անոնց, անոնք իրենց բազուկներուն վստահ՝ կրցան կերտել փառաւոր էջ մը Հայ պատմութեան համար։

Երկա՛ր շատ երկար տարիներ անցեր են այդ կռիւի օրերէն, բայց Անդրանիկ Փաշայի հիանալի յիշողութիւնը զմայլանք մը ունի բոլոր ունկնդիրներուն։ Ան կը պատմէ այդդէպքերը իբր թէ երէկ պատահած ըլլային։ Կը յիշէ դէպքերը մանրամասնօրէն, իրենց վայրկեաններով, ժամերով նկարագրելով նոյն ատեն օդին պարզ կամ ձիւնախառն վիճակը, մոգական եւ ներշնչող տպաւորութեամբ։

Երբ Զօրաւար Անդրանիկ Առաքելոց Վանքի կռիւին պատմութիւնը կը պատմէր, ջանացի կարելի եղած չափով պահել անոր բառերը, անոր գեղեցիկ նկարագրութիւնը եւ բանաձեւերը։ Երբ տարիներ առաջ տեղի ունեցող այդ կռիւին պատմութիւնը կը պատմէր կարծես ինքզինք Վանքի նուիրական պարիսպներուն տակ կը գնտնէր։ Անոր աչքերը կը վառէին զայրոյթով, դէմքը ահաւոր երեւոյթ մը կ՛առնէր  վրէժի վառ գոյներով, երբ կը հեգնէր փախուստը  թուրք զինուորին, «ճերմակ շապիկներ» հագած փիւնին մէջէն իր զինուորներուն առջեւ ինկած դէպի ազատութիւն, դէպի յաղանակ կը քալէր, չէր կրնար հանդարտ մնալ, չէր կրնար չի մոլեգնիլ եւ բորբոքիլ հին փառաւոր այդ պատկերը ներկայացնելու պահուն։ Առիւծ մւն էր հզօր, վագր մըն էր որ կը փշրէր, կ՛աւերէր ամէն բան կարծես։ Կը հանդարտէր մէկէն, քրտինքով լեցուած իր ալեհեր ճակատը, ծովի չափ խորունկ եւ գաղտնիքներով լեցուն ծով աչքերը սիրուն, եւ այտերը ճերմկցած կը սրբէր եւ կը ժպտէր վազանցուկ ժպիտով մը անցեալի այդ փառաւոր յաղթանակին, անցեալի այդ փառաւոր յաղթանակին, անցեալի այդ առոյգ օրերուն առջեւ ․․․ եւ նորէն տարուած հին տեսիլներէն կը յուզուէր, ցեղին յաղթանակին, ցեղին ազատութեան եւ բարօրութեան համար ․․․

Առաքելոց Վանքի կռիւին նկարագրութեան մէջ ոչ գրական եւ ոչ ալ բանաստեղծական թռիչքներ կան, այլ պարզ պատմութիւնը, պատմութեան համար։ Կ՛արժէ կարդալ զայն իր հարազատ եւ իրական ձեւին մէջ։ Կ՛արժէ որ մեր մայրերը պատմեն զայն իրենց պզտիկներուն ներշնչելու եւ արթնցնելու վրէժի եւ արժանապատուութեան կայծը։ Կ՛արժէ որ Հայ բանաստեղծը եւ Հայ գրագէտը երգեն զայն, ինչպէս օր մը մեր հայրերը երգեցին Հայկն ու Բելը, Վարդանն ու Վահագնը։

Մերն է այսօր Առաքելոց Վանքի կռիւը փառաւոր կռիւներու հետ։ Մենք բախտաւորներ ենք որ մեր մէջ կը գտնենք այդ Աննման Հերոսը։ Մենք երգեցինք Վարդանը եւ Վահանը, բայց մենք մեր աչքերով կը տեսնենք եւ կը վայելենք Անդրանիկը, ժողովուրդին Մեծ Մարդը եւ հարազատ զաւակը Հայ Ցեղին։

Լեւոն Կ․ Լիւլէճեան

Ֆրէզնօ, Ապրիլ 5, 1924 թ․

www.zham.ru