Наследие / Архив / Ежедневник / 28.05.2018
Մշո Սուրբ Առաքելոց վանքը
1901 տարուան Հոկտեմբեր ամիսն էր։ Կէլիկուզան գիւղին մէջ մեր զինուորներէն գաղտնի խորհրդակցական ժողով մը գումարեցինք։ Ես, Գէորգ, Յարութիւն, Վաղարշակ եւ Հաճի Յակոբ։ Մեր խորհրդակցութեան նպատակն էր միջոց մը եւ ճամբայ մը գտնել, հայժողովուրդին վրայ ծանրացող տառապանքը մեղմելու եւ թրքական ու քրտական հարստահարութիւններն ու հալածանքները դադարեցնելու, քանզի քիւրտն ու թուրքը ազատ եւ անվախ հայ գիւղերուն մէջ իրենց ոճիրներն ու ամէն տեսակ բռնութիւնները կը գործադրէին եւ կառավարութիւնը այս բոլորը տեսնելով չէր պատժեր, չէր սանձահարեր եւ չէր սաստեր։ Կառավարութիւնը ոչ միայն իր աչքերը կը գոցէր չի տեսնելու եւչի լսելու այդ ոճիրներուն պատմութիւնները, այլ ներքնապէս կը քաջալերէր զանոնք, յառաջ տանելու իրենց հայահալած ու հայաջինջ քաղաքականութիւնը, պսակելով անոնց կուրծքերը պատուանշանններով եւ առանձնաշնորհումներ պարգեւելով։
Սահակ Պարթևի գերեզման-մատուռը
Տիգրանակերտէն մինչև Պարսից սահմանագլուխը 150․000 քիւրտեր եւ համիտիէներ զինուած թրքական արդիական հրացաններով եւ պիտոյքներով սուլթան Համիտին կամքը կը կատարէին։ Էրտական այդ աշիրէթները – Պատկանցի, Սլիվանցի, Խըյանցի, Պէքրտնցի, Պօթանցի, Խէրազնցի, Պոշըղցի, Պէլէկցի, Մըլլանցի, Րէշգօթանցի, Հէսնանցի, Սրիկցի, Ճէլալցի, Հայտարանցի, Մուխուրցի, Թախուրցի, Մէղըրէկցի եւ ասոնցնման մեծ ու փոքր էշիրէթներ սիրաշահուած էին այլեւայլ խոստումներով։ Համիտիէները բացարձակ առանձնաշնորհումներ ունէին։ 15 % հազիւ տուրք կը վճարէին կառավարութեան, այն ալ ձեւականութեան համար։ Թուրք կառավարութիւնը չէր ուզեր ոեւէ գնով անոնց բարեկամութիւնը խանգարել ներքին խլրտում եւ ըմբոստացում յառաջ չի բերելու իրեն դէմ։
Պարզ շատ պարզ իրողութիւն մըն էր թէ թուրք կառավարութիւնը կը ջանար ամէն գնով իրեն կապել այդ քիւրտ էշիրէթներուն բարեկամութիւնը հայ ժողովուրդը ճնշելու, հարստահարելու եւ փճացնլեու։ Այդ ճնշումները եւ կեղեքումները հայ ժողովուրդին շինարար ձեռքերը եւ ոգին կը ջլատէին, միշտ ստրուկ եւ միշտ հլու գերին դարձնելու հայ ժողովուրդը թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդներուն։ Էիւրտն ու համիտիէն, թուրք ժողովուրդին հետ իրաւունք ունէին իրենց տուներուն մէջ, պատերէն կախել հրացաններ, ատրճանակներ եւ թուրեր ազատ ու անվախ, բայց հայը զմելի մը անգամ ունենալու իրաւունքէն զրկուած էր։ Պէտք ր հայը հալածուէր, հարստահարուէր ու փճանար։ Այս էր թուրք կառավարութեան մտապատկերը։ Փոքր ու աննշան պատրուակներ քմահաճ ու անբարեխիղճ գործեր՝ շարունակ պատճառներ տուած էին կառավարութեան բանտերը հայ բանտարկեալներով լեցնելու, ու հայ ժողովուրդը սուգի, սարսափի եւ արցունքի երթարկելու։ Հայ գիւղացին ամէն օր նոր նոր ցաւերով լեցուած լուռ հանդիսատեսն էր սիրտ հատցնող եւ սիրտ կսկծացնող ոճիրներու։ հայ գիւղերը աւերակի, արիւնի եւ սուգի մէջ կը խեղդուէին, ու մէկը չկար որ իրենց ցաւերուն, իրենց վշտին դարման մը ճարէր եւ տանէր։ Հայ խելակորոյս շինականը իր ցաւը, իր սրտինմորմոքը եւ կսկիծը, իր տառապանքները ամէն օր, ամէն ժամ մեզի կը հասցնէր, սպասելով դարման մը եւ փրկութիւն մը։
Մշեցիներ
Մուշեցի թուրք ոստիկանապետ մը Մոկացի Եսթեր անունով աղջիկ մը բռնաբարած էր։ Իր պիզծ ընթացքը երկրորդ անգամ գործադրելու ատեն Եսթերի եղբայրը եւ հորեղբօրորդին չարագործը դաշոյնահար սպաննած եւ լեռը փախած էին։ Այս պիզծ թուրքին սպանութեան համար տասնեւհինգ անմեղ հայեր բանտարկուած էին անլուր չարչարանքներուն ենթարկուելով։
Այրուած էին Մոկունք գիւղին տուները եւ ժողովարանը՝ սարսափի եւ հալածանքի ուրուականը տարածելով Մուշի դաշտի հայ գիւղերուն վերեւ։
Խէրզէնցի էշիրէթապետ Պըշարը Խէլիլ իր բարբարոսութիւնները յառաջ կը տաներ սանձարձակ ու անվախ քաջալերուած կառավարութենէն։ Այս այն Խելիլն էր որ Սերոբ փաշային գլուխը կտրած, Սերոբի եղբայրը եւ ութը զինուորները սպաննած, Սերոբին գլուխն ալ ձողի անցուցած Մուշի եւ Պիթլիսի հրապարակներուն վրայ ցոյցի դրած էր։ Այս այն չարագործ հրէշն էր՝ որ Ալի փաշայի հետ Դալւորիկի Սպաղանք գիւղին քսանեւեօթը կին եւ երեխայ Տէր Պետրոս քահանային հետ սպաննել տուած էր, եւ քառասուն եւ ութը ժամ վերջը գիւղացիներէն թաղուած այդ դիակները հանած իրենց գերեղմաններէն, Ռէիս Մակարի տան մէջ լեցնելով հարիւր ութսուն խուրձ խոտ քարիւղով թրջելով այրած էր զանոնք բոլորը անոնց հետքերը անհետացնելու համար։
Գերեզմաններ Մշո Սուրբ Առաքելոց վանքի բակում
Նոյն Խելիլն էր որ իր կուրծքը սուլթան Համիտի պատուանծանով զարդարած ուելի վայրագ, աւելի անասնացած իր խժդժութիւնները եւ հարստահարութիւնները յառաջ կը տանէր խաղաղիկ ու անմեղ հայ գիւղացիին վրայ։ Այս Խէլիլն էր որ Հէթինկ գիւղին վրայ յարձակելով եօթը երիտասարդներ բռնած թեւերը կապած, գետը իջեցուցած հրացանազարկ ըրած էր։ Ես այս ոճրագործը իմ ձեռքովս, իմ խէչէրովս սպաննած ըլլալուս համար թուրք կառավարութիւնը երեսուն եւ մէկ անմեղ հայեր բանտարկած էր զանոնք անլուր զրկանքներու ենթարկելով։
Մէկզմէկէ տխուր, մէկզմէկէ ահաւոր եւ զիրար գերազանցող ոճիրներու եւ հարստահարութեանց առջեւ հայ ժողովուրդը շուարած դարման մը եւ փրկութեան մը կ;սպասէր։ Մուշ, Մուշի դաշտ, Ախլաթ եւ մինչեւ Պուլանըղ 3700 ստորագրութեամբ պատրաստուած աղերսագիր մը Ռուսիոյ Ձարին կւ մատուցանուէր Օրթոտոքս Եկեղեցին ընդունելու, եթէ միայն Ձարը խոստանար պաշտպանել զիրենք թուրք եւ քիւրտ հարստահարութիւններէն։ Չարչարանքի եւ վշտի ծանրութեան տակ հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիէն կը հեռանար, թողելով իրենց դարաւոր նուիրականութիւնները եւ սովորութիւնները։ Թուրք կառավարութիւնը իր սուրով ջնջել կ՛ուզէր զանոնք։ Բողոքական եւ կաթոլիկ միսիօնարները անտարբեր հայ ցաւին, հայ սուգին ու կսկիծին ձրի Սբ․ Գիրքեր կը բաժնէին Աւետարանին մխիթարանքը եւ խոստացուած արքայութիւնը քարոզելով այն գեղջուկին որ առ հարիւր 80ը ոչ կարդալ եւ ոչ ալ գրել գիտէր։
Ռուս հիւպատոս Ումանսքին հայ գիւղերը կը շրջէր եւ թուրք ու քիւրտ ժողովուրդներէն գործադրուած նախճիրներուն պատմութիւնները կը հաւաքէր։ Մեր լսածին նայելով Անգլիական հիւպատոսն ալ ուզած է լսել հայ գեղջուկէն այդ ոճիրներուն պատմութիւնները, սակայն եւ այնպէս անոնք մերժած են առարկելով թէ «Դուք անգլիացիներդ միշտ մեզ խաբեցիք եւ մենք այլեւս ոեւէ վստահութիւն չունինք ձեր վրայ»։
Այս բոլոր տխուր դէմքերը իրենց յուսահատական կողմերով, այլեւս չէին կրնար անտարբեր եւ անփոյթ պահել մեզ։ Պէտք էր գործի սկսիլ, պէտք էր ուժեղ գործ մը կատարել, ցնցելու համար թուրք բարձրագոյն մարմինները եւ օտար դեսպանները, բարենորոգում մը եւ դարման մը ձեռք բերելու այս տառապած ու հարստահարուած խաղաղիկ ժողովուրդին համար։ Պէտք էր ցոյց տալ թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդին թէ հայ բազուկը գիտէ հրացան բռնել, հայ սիրտը գիտէ կռուիլ եւ պաշտպան կանգնել իր իրաւունքներուն։ Այս ամէնն պէտք է ի յայտ բերէին «ափ մը ճան ֆէտայիներ» որոնք ուխտած էին զոհուիլ Ազգին ազատութեան սիրոյն, արդարացնելով այն մեծ հաւատքն ու յոյսը որ ժողովուրդը կեդրոնացուցած էր իրենց վրայ։
Մշո Սուրբ Առաքելոց վանքի վանահայր Հովհաննես վարդապետը
Թուրք կառավարութիւնը բացի Մուշ քաղաքէն քսան եւ ութը տեղերու վրայ թուրք կանոնաւոր զինուորներ տեղաւորած էր նայելով գիւղերուն դիրքին եւ մեծութեան։ Ամէն հայ գիւղի մէջ կառավարութեան կողմէ նշանակուած էին պահապան քիւրտեր հսկելու եւ պաշտպանելու համար գիւղը գիշերային ոեւէ քրտական յարձակումներու դէմ։ Գիւղացին պարտաւոր էր լիովին վճարել այդ գիշերապահ-պահապան քիւրտերուն անտրտունջ ու անձայն։ Այս քիւրտ պահապանները կառավարութեան կողմէ խաղցուած ճարտար խաղ մըն էր։ Անոնց նպատակն էր այդ պահապաններուն միջոցաւ տեղեկանալ մեր մուտքը հայ գիւղերուն մէջ։ Այս պահապանները պէտք է լրտեսէին եւ հետուէին մեզի։ Եթէ պատահէր որ մենք գիշեր ատեն գիւղը իջնէինք, շուներու ձայներէն մեր մուտքը իմանալով իսկոյն լուր տալու էին Մուշ կամ պահակ դրուած թրքական այն կեդրոնները մեզ հալածելու եւ պաշարելուԼ Այս քիւրտ պահապաններէն շատ շատեր հեռացան իրենց պաշտօններէն մեր սպռնալիքներէն վախցած։
Ամէն կողմերէ փակուած էին մեր անցքերը։ Արգելքի եւ դժուարութեանց կը մատնուէին մեր բոլոր ձեռնարկները։ Ժողովուրդը կը հիւծէր ցաւի ծանրութեան տակ եւ մենք մեր ձեռնարկները չէինք կրնար գործադրել, ուստի խորհեցայ ցոյց մը կատարել թուրք կառավարութեան ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելով։ Պէտք էր կռուիլ եւ արիւնը արիւնով փակել։ Պէտք էր սարսափի մատնել թուրքն ու քիւրտը իրենց որջերուն մէջ իսկ, հանգիստ խաղաղիկ պահ մը տալով հայ ժողովուրդին։
Լեւոն Լիւլէճեան, Անդրանիկ Զորավար
Բաց դաշտի մը վրայ կամ սարալանջի մը վերեւ մղուած կռիւը ուշադրութեան առարկայ պիտի չըլլար ցնցելու թուրք, քիւրտ ժողովուրդները բարձրագոյն մարմիններու հետ, պէտք էր կեդրոնանալ ուշագրաւ վայրի մը մէջ եւ հոն հրաւիրել թուրք զինուորն ու քիւրտը։
Սբ Կարապետի վանքը իր դիրքով անյարմար էր։ Սբ․ Յովհաննու վանքը նոյնպէս աննպաստ էր, Սբ․ Առաքելոց վանքը՝ որուն Թարգմանչաց վանք ալ կ՛ըսուէր, ամէնէն յարմարագոյնն էր։ Մտքիս մէջ այս որոշումը տալէ վերջ պարզեցի իմ բոլոր տեսութիւններս։ Բոլոր դժուարութիւնները աչքի առջեւ ունենալով հանդերձ տղայքը ուրախութեամբ ընդունեցին իմ առաջարկս կռուիլ հայ ժողովուրդին բարօրութեան համար դիմագրաւելու համար մահը կամ յաղթանակը։