ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ԿՌԻՒԸ․ ՊԱՏՄՈՒՄ Է ԶՈՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ
1901 տարուան Հոկտեմբեր ամիսն էր։ Կէլիկուզան գիւղին մէջ մեր զինուորներէն գաղտնի խորհրդակցական ժողով մը գումարեցինք։ Ես, Գէորգ, Յարութիւն, Վաղարշակ եւ Հաճի Յակոբ։ Մեր խորհրդակցութեան նպատակն էր միջոց մը եւ ճամբայ մը գտնել, հայժողովուրդին վրայ ծանրացող տառապանքը մեղմելու եւ թրքական ու քրտական հարստահարութիւններն ու հալածանքները դադարեցնելու, քանզի քիւրտն ու թուրքը ազատ եւ անվախ հայ գիւղերուն մէջ իրենց ոճիրներն ու ամէն տեսակ բռնութիւնները կը գործադրէին եւ կառավարութիւնը այս բոլորը տեսնելով չէր...